Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Էրտողան Եւ Կիւլէն Կը Ճակատին. karabakh-open.info

Դեկտեմբեր 26,2014 10:46

karabakh-open.info. Թուրքիոյ մէջ ընթացող խմորումները խորքին մէջ «կը պատրաստեն» յառաջիկայ 2015 տարուան Յունիսին սկիզբ առնելիք խորհրդարանական ընտրութիւններու բեմահարթակը:

Սովորական արարք մը չի համարուիր 14 Դեկտեմբերին թուրքիոյ ապահովական մարմիններուն կողմէ տեղի ունեցած ձերբակալումները, որոնց արդիւնքով տասնեակ լրագրողներ բանտ տարուեցան: Բանտարկուողներուն մէջ կան բաւական ազդեցիկ անուներ, որոնց շարքին, «Զաման» պարբերականի խմբագիր՝ Էքրամ Տումանլու: Կալանքի տակ առնուած լրագրողներուն մեծ տոկոսը թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհուլլա Կիւլէնի հետեւորդները կամ անոր շուրջ «պտտուող» արբանեակներն են:

Եթէ թուրքիոյ նախագահ Ռէջէբ Թայէպ Էրտողանի քաղաքական մօտիկ անցեալը աչքէ անցընենք, արագօրէն յստակ պիտի դառնայ, որ 2003-էն սկսեալ եւ մինչեւ 2011 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը յաղթանակ տարած են գործակցելով 1999-էն ի վեր պարտադրաբար ԱՄՆ-ի Բէնսիլվանիա նահանգ հաստատուած Ֆէթհուլլա Կիւլէնին հետ:

Այսօր սակայն Էրտողանի եւ անոր իշխանակարգին համար թուրքիոյ թիւ մէկ թնշամին նոյն Կիւլէնն է : Աւելին անցնող տարիներուն էրտողանի «բարգաւաճում եւ արդարութիւն» կուսակցութեան ճիգերով Կիւլէնի բոլոր հետեւորդները իրենց պաշտօններէն հեռացուեցան: Բանակէն եւ դատական համակարգէն ներս տեղի ունեցան կրճատումներ: Էրտողանի իշխանութիւնը նոյնպէս գաղտնի չպահեց իր ունեցած թշնամական վերաբերմունքը Կիւլէնին նկատմամբ: Այսպէս 20 դեկտեմբերին Պոլսոյ մէկ դատական ատեանը մեղադրագիր եւ բերման հրամանագիր հրապարակեց Կիւլէնին դէմ: Էրտողանի եւ Կիւլէնի միջեւ նախկին համագործակցութիւնը այսօր վերածուած է բուռն թշնամութեան: Այստեղ պէտք է նոյնպէս յիշել, որ թուրքիոյ նախկին վարչապետ Նէժմ Ալ Տին Էրպաքանի (1996-1997) օրերուն չափաւորական իսլամի հովանոցով քաղաքական ասպարէզ մտած Էրտողան Կիւլէնի հետ համագործակցած է գետին տալով յատկապէս կրօնական հայացքներու:

Մինչեւ հոս ամէն բան հասկնալի է: Երկու ընդդիմադիր ու ապա իշխանութիւն դարձած ուժերուն միջեւ չկան խորքային տարակարծութիւններ: Սակայն այս մէկը առնուազն մակերասային տպաւորութիւն է: Էրտողան որոշած է ի գին մեծ ճիգերու կասեցնել Կիւլէնի բոլոր ազդեցութիւնները եւ հրապարակուած մեղադրագրով ամրացնել այն վարկածը , որ կրօնական հայացքներ ունեցող հոգեւոր առաջնորդը թուրքիոյ մէջ «բէրսոննա նոն կրաթա» է: Անկէ անդին Էրտողան նաեւ կը փորձէ լարել թուրքիոյ ազգայնականերուն ջիղերը: Թուրքիոյ նախագահը նոյն ծիրէն ներս տակաւին քանի մը ամիս առաջ կատարուած յայտարարութեամբ մը կ’ըսէր, թէ իր համար հայ անուանուիլը լուրջ վիրաւորանք է:

Յառաջիայ ամիսներուն եւս կը նախատեսուի, որ Էրտողան եւ իր թիմակիցները կրնան երկրի փոքրամասնութիւններու հասցէին ծանր եւ մեղադրալից ոճով խօսիլ եւ «թիրախ» դարձնել , ոչ միայն հայերը այլ նաեւ քիւրտերը, ալէւիները եւ ասորիները: Թիրախը բնականաբար չակերտի մէջ պէտք է առնել, որովհետեւ նման յայտարարութիւններ կը մնան գովազդային պատերզամի ծիրին մէջ:

Յստակ է նաեւ, որ Էրտողան որոշ աժանտայով կը գործէ ու Կիւլէնի եւ անոր գաղափարակիցներուն դէմ սկիզբ առած բացայայտ պայքարը այդ ծրագրին առաջին կարեւոր կէտն է: Այս առումով յառաջիկայ ամիսները կրնան բաւականին երեւելի գործողութիւններով յագեցած ըլլալ եւ անոնց հիմնական նպատակը Կիւլէնի ունեցած բոլոր ազդեցիկ օղակներիուն կոտրուիլը պիտի ըլլայ: Հիմա առաջին օղակը մամուլն է եւ հաւանաբար կատարուած ձերբակալումներով այդ օղակը փշրուեցաւ: Ինչ կը վերաբերի հայկական ճակատին այստեղ պէտք է ըմբռնել, որ Կիլէնեան օղակին հետ անմիջական կապ ունեցող հայկական կառոյցները եւս («Ակօս» եւ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ») յայտնուած են վտանգի շրջագիծէն ներս:

Կը մնայ հարցումը, արդեօ՞ք Էրղողան այս մօտեցումը որդեգրելով կ’ուզէ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան յատուկ պատգամներ առաքել ըսելով, որ թուրքիոյ քաղաքական առօրեային մէջ օրակարգ ձեւակերպող ցանկացած ուժ պէտք է տեղական արմատներ ունենայ: Այսինքն դուրսէն թելադրանքներ ընելու եւ մթնոլորտ ստեղծելու ժամանակները կը պատկանին անցեալին: Այս իշխանութիւններուն համար վրդովեցնող էր Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին մօտ եղող Կէզի այգիին մէջ ծաւալած «միքրօ յեղափոխուլթիւն»ը որուն համար իշխանութիւնները գլխաւոր պատասխանատու կը համարեն Կիւլէնի մօտիկ ուժերը: Էրտողանի համար Կիւլէնի ժամանակը անցած է: Ան սպառած է իր ներուժը եւ իշխանութեան վրայ եղողներուն համար երէկուան թիւ մէկ ռազմավարական դաշնակիցը այսօր արդէն տալիք չունի: Կարեւոր այլ կէտ մըն ալ կայ այս բոլորին մէջ, Էրտողան իր ընդհանուր կեցուածքներով, երբեմն անտրամաբանական «հէքիաթներով», մատնանշումներով եւ դէպի իսլամը վերադառնալու օրակարգով կ’ուզէ հաստատել, որ թուրքիոյ այսօրուան քաղաքականութիւնը ամերիկեան կամ արտաքին թելադրանքներու վրայ հիմնուած գործընթաց մը չէ:

Այս պատկերին դիմաց կարեւոր է, որ ընտրական հաշիւներու համար թուրքիոյ մէջ ազգայնական երակին վերադարձը չապահովուի, որովհետեւ ծայրայեղ թուրքի գաղափարախօսութիւնը վնասակար է ոչ միայն քիւրտերուն ալէւիներուն, յոյներուն, ասորիներուն եւ մեզի՝ հայերուս, այլ նոյնիքն թուրքիոյ համար:

Այս բոլորէն անդին տեղի ունեցող խմորումները կենսական ու կարեւոր են նոր կեցուածքներու հողին պատրաստութեան համար: Էրտողան-Կիւլէն հակամարտութիւնը բնականաբար պիտի աւարտի իշխանութեան յաղթանակով սակայն կարեւոր է, որ Պոլսահայութեան տարբեր հատուածները հեռու մնան բախման թէժ կէտերէն:

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ ՄԸ ՈՒՐ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՑՆԷ ԼՐԱԳՐՈՂԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԵՐՋԻՆ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐՈՒ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ:

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031