Լրահոս
Փլուզում
Օրվա լրահոսը

Վստահ ենք, որ նորընտիր իշխանութիւնները աչալուրջ, վճռակամ եւ հետեւողական պիտի ըլլան Արցախի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծման հարցում․ ՌԱԿ

Հունիս 26,2021 19:20
rak

Իրողութիւն է, որ Հայաստանի մէջ ընթացած վերջին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները, որոնք կը միտէին Արցախեան պատերազմէն ետք ստեղծուած լարուածութիւնը եւ քաղաքական դաշտի վտանգաւոր բեւեռացումը լիցքաթափելուն, կայացան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան համար ճակատագրական եւ անկիւնադարձային ծանր շրջանի մը: Սակայն, այդուհանդերձ, իշխանութիւնները յաջողեցան պահպանել ազատ եւ արդար ընտրութիւն կատարելու ժողովրդավարական սկզբունքները եւ նոր խորհրդարանի կազմութեան մէջ որոշիչ եղաւ ժողովուրդի կամքը, բան մը որ զերծ պահեց երկիրը յաւելեալ ցնցումներու հաւանականութենէն:

Ողջունելով այս փաստը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, աշխարհատարած Շրջանակներու եւ համայն անդամութեան անունով կը շնորհաւորէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը եւ կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Պրն. Նիկոլ Փաշինեանը, ժողովուրդի վստահութեան վերաարժանանալուն եւ տարած յաղթանակին առթիւ:

Լիայոյս ենք, որ քաղաքական այս նոր իրադրութեան մէջ գոյանալիք խորհրդարանը հաստատակամ վճռականութեամբ կը շարունակէ բարեփոխումներու իրականացման իր ծրագիրը, կը յաջողի երկրէն ներս ներքին համաձայնութիւն գոյացնել եւ պետականաշինութեան նոր էջ մը բանալով երկիրը հասցնել երկարատեւ կայունութեան:

Այս առումով մեծապէս ողջունելով Վարչապետի պաշտօնակատար պրն. Նիկոլ Փաշինեանի բոլոր քաղաքական ուժերուն համերաշխութեան ձեռք մեկնելու եւ ազգային ու հանրային ներուժը համախմբելու կոչը, կը յորդորենք բոլոր քաղաքական ուժերը մէկդի դնելու քաղաքական տարաձայնութիւններն ու միասնաբար լծուելու երկրի առջեւ ծառաց, յատկապէս հայրենիքի անվտանգութեան եւ ազատութեան սպառնացող հիմնախնդիրներու լուծման:

Վստահ ենք, որ նորընտիր իշխանութիւնները նաեւ աչալուրջ, վճռակամ եւ հետեւողական պիտի ըլլան Արցախի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծման եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակեն գործուն եւ անմիջական մասնակցութիւն ունենալ արցախեան երկրորդ աղէտալի պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ գերութեան մէջ գտնուող զինուորականներու վերադարձի հարցի բարւոք լուծման:

Նաեւ, հաւատալով հայրենի պետականութեան զարթօնքին եւ վերելքին մէջ սփիւռքի ներուժի կարեւորութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը՝ հայրենիք-սփիւռք միասնական ճիգերով եւ ազգային յստակ տեսլականով մասնակցութիւնը բերելու երկրի վերականգնման եւ հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգ, բարեկեցիկ, խաղաղ ու հզօր ապագայի կերտման գործին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան/ Ատենադպիր
Մայք Խարապեան/ Ատենապետ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930