Լրահոս
Գաղթականներ
Օրվա լրահոսը

Ամօթալի պարտութեան համար դաւաճաններու որոնումը դարձած է Փաշինեանի վերջին յոյսը. «Հորիզոն»

Դեկտեմբեր 29,2021 09:30

Դեկտեմբեր 24-ի մամլոյ իր ասուլիսով Նիկոլ Փաշինեան ոչ միայն շարունակեց անցեալի իր անփառունակ սոփեստութիւնները, այլեւ՝ պետութեան առաջնորդի անյարիր իր անճարակութեամբ, յառաջ մղեց այն թեզը, ընդ որում` մենք Արցախը որպէս Ատրպէյճանի անքակտելի մաս պէտք է ընդունինք եւ յարգենք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Փաստօրէն, ոտնակոխեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց ազգային անվտանգութեան հիմնարար արժէքները ու ստորադասեց արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։

Սեփական ձախողութիւնները կոծկելու համար դաւաճաններ փնտռելու վհուկներու որսը կամ ամօթալի պարտութեան համար դաւաճաններու որոնումը դարձած է Փաշինեանի վերջին յոյսը։ Դեռ աւելին՝ պարտուողական ընթացքը կը շարունակուի, Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային սահմաններու զիջումներու շքերթով, ուր թիզ առ թիզ թշնամիին կը յանձնուին Սիւնիքի սահմանամերձ տարածքները։

Անցնող երեք տարիներուն, դիւանագիտական ռազմավարութեան եւ աշխարհառազմավարական ընդհանուր հայեցակարգի Փաշինեանի եւ իր խմբակիցներուն կողմէ թշուառ ընկալումը՝ հայրենիքին համար դարձան կործանարար, իսկ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը՝ ջլատեց, մասնատեց, պառակտեց ազգը եւ քանդեց համերաշխութեան եւ միասնութեան ամրակուռ պատուարը ու խորտակեց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ազգադրոշմ հայեցակէտը։ Այսօր, ազգը պէտք է գիտակցի, որ իր փրկութիւնը՝ դրածոյ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը յեղաբեկելն է, կացութիւնը յեղաշրջելն է։ Այլընտրանք գոյութիւն չունի։

Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան ու ապագայ կենսագործունէութեան հիմնախարիսխն է Արցախի պատմական տարածքը, այն ինչ որ կը պարփակէր 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր աշխարհագրական տարածք, բարձունքներով, լեռնաշղթաներով ու ջրային պաշարներով, այն Ազատ ու անկախ Արցախը՝ որ երեք տասնամեակ դիմակայած էր ե՛ւ թշնամիին եւ արտաքին աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական ծաւալապաշտական սադրանքներուն։

Այսօրուան կամ վաղուան երկրի վարչապետ, առաջնորդ կամ նախագահ, հիմնովին պէտք է ըմբռնեն այն վերահաս աղէտը, որ ցեղասպանութիւնն ու հայատեացութիւնը կը շարունակուին ու պիտի շարունակուին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ։

Այս իշխանութեանց կեանքի երկարաձգումը արհաւրալից հետեւանքներու դուռ պիտի բանայ։ Բանակցութիւններ վարելու դիւանագիտութենէ զուրկ, չորս տարի ետք, խաղաղապահներու ժամկէտի աւարտէն ետք, պիտի համակերպին Արցախի մնացորդացը յանձնելու Պաքուին, որուն պիտի յաջորդէ՝ Արցախի վերջնական հայաթափումը, այսինքն՝ Հայոց արեւելից կողմանց դարպասի վերջնական անէացումն ու չքացումը։

Պէտք է դուրս գալ քաղաքականապէս թոյլ ու զիջող այս իրավիճակէն ու ազգային գաղափարախօսութենէ իտէալազուրկ հասարակութեան հատուածին ի վերջոյ տարհամոզել, որ այս իշխանութեանց ճանապարհը կը տանի միայն մէկ ուղղութեամբ՝ քաղաքական ինքնասպանութեան։

Սպառնալիքներու թերագնահատումը կորստաբեր պիտի ըլլայ։ Այսօր, աւելի քան երբեք, օրուան գերխնդիրն ու հրամայականն է՝ թաւշեայ կեղծիքներու եւ խարդաւանանքներու «յեղափոխութիւն»ը յեղաբեկել։

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրականից

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031