Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ’ընէ Marriott-ին, դադարեցնելու դէպի Արցախ կազմակերպուող պտոյտները։
Մտահոգիչ է, որ Marriott-ի նման միջազգային ընկերութիւն մը, շահոյթ կը ստանայ էթնիկ զտումներու հետեւանքներէ՝ Marriott Bonvoy Activities հարթակի միջոցով, Պաքուէն դէպի Շուշի եւ Ստեփանակերտ 14-ժամեայ զբօսապտոյտներ կազմակերպելով։
Այդպիսով, Marriott-ը կը խթանէ զբօսաշրջութիւնը դէպի Արցախ, ուր բռնի տեղահանուած են աւելի քան 120 000 տեղաբնիկ հայեր։
Այս սովորական զբօսաշրջութիւն չէ։ Այն կը պարունակէ հարկադիր տեղահանման հետեւանքները բնական երեւոյթի վերածելու վտանգ։ Մենք կոչ կ’ընենք Marriott International-ին, որ անյապաղ իր հարթակէն հեռացնէ դէպի բռնագրաւուած Արցախ կազմակերպուող բոլոր պտոյտները։
Համաշխարհային ընկերութիւնները պէտք է խուափին նման արարքներէ եւ չօրինականացնեն զանոնք՝ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով։
Կիպրոսի հայ դատի յանձնախումբ


















































