Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գայուշ Չալըքման- Կաւրիլոֆ. «Թուրքերը Պէտք է Պատմութեան Ամօթը Մաքրեն». karabakh-open.info

Հունվար 26,2015 11:08

Գայուշ Չալըքման- Կաւրիլոֆը Պոլիս ապրող հայ կին քաղաքական գործիչ է: Ան Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին սկսած է մասնակցիլ նախ անդամակցելով Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան (Barış ve Demokrasi Partisi), որուն հետ բաւական երկար ճամբայ կտրած է: Գայուշ Չալըքման ներկայիս մաս կը կազմէ քրտամէտ HDP (Halkların Demokratik Partisi) կուսակցութեան որուն միացած են Քիւրտեր, Յոյներ, Ալեւիներ, Ասորիներ եւ Հայեր: Վերջերս կուսակցութեան շարքերը համալրուած են աշխատաւորական տարբեր սէնտիքաներու անդամներով, քրտական փոքր խմբակցութիւններով եւ հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեամբ: Չալըքման կ’ըսէ, որ կուսակցութիւնը ներկայիս կը ղեկավարուի Թիւրքմէն առաջնորդով մը, որ իր ըսելով հայասէր անձնաւորութիւն է: Անոր հետ կատարուած այս հարցազրոյցը Հրանդի Տինքի նահատակութեան 8–րդ տարելիցին ընդառաջ էր: Կարելի է ըսել, որ հարցազրոյցի միջոցաւ կարելի եղաւ արծարծարել այսօր Պոլիս ապրող հայ հասարկութեան հիմնական օրակարգերը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 -ամեակէն ամիսներ առաջ այնտեղ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը:

-Հրանդի նահատութիւնէն անցած են 8 տարիներ: Հրանդի սպաննութիւնը բեկումնային եղաւ թուրքիոյ հասարկութեան համար : Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այսօր Թուրքիոյ մէջ:

-Եթէ հարցը Թուրքիոյ ընդհանուր վիճակի հետ կապուած է, կրնանք ըսել թէ պետական մասշտաբով կատարուած գողութիւնները, ոճրագործութիւնները, մէկ խոսքով բոլոր օրինազանց եղելութիւնները դարձեալ պետական օճառով կը լուացուին կը մաքրուին, իսկ ասդին Հրանդ Տինքի սպանդը 8 տարիէ ի վեր կը մնայ նոյն կէտին վրայ ի բաց առեալ առնուած փոքր քայլերէ այն մտադրութիւնով, որ կարելի կ’ըլլայ ժողովուրդը միջոցի մը համար զբաղեցնել: Այս իրավիճակը միայն Հրանդ Տինքի սպաննութեան համար ի զօրու չէ՛, այլ Թուրք ժողովուրդի համար ալ յաճախ փորձուած, ծանօթ իրողութիւն մը: Անլոյծ սպանդներով լեցուն է պետութեան արդարութեան տետրը: Երէկ օրինակ հարիւրաւոր մայրեր, կիներ, քոյրեր 512-րդ անգամ ըլլալով Կալաթասարայի մայթերու վրայ արդարութիւն փնտռեցին: Անոնք անյայտ ձեւով կորսնցուցած են իրենց ամուսինները, զաւակները եւ կամ եղբայրները: Անոնք երկու բան կ’ուզեն, նախ իրենց հարազատներուն դիակները գտնել եւ յետոյ ոճրագործները բացայայտել: Այս երկրին մէջ տասնեակներով լրագրողներ, մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ զոհ գացած են եւ սպանդներու ոճրագործը մնացած է անյայտ: Հրանդ Տինքի ցաւը դեռ շատ տաք էր, երբ Սեւակ Պալըքճին զոհ տուինք: Ի՞նչ ըրաւ պետութիւնը. ոչինչ: Սամաթիոյ մէջ Հայ կիներ հալածուեցան, Մարիձա Քիւջիւքը սպաննուեցաւ, ի՞նչ ըրին: Դարձեալ ոչինչ: Կարծես մեր քթին խնդալով խեղճ հայ մը ոճրագործ «սարքեցին»: Ինչ որ ըսենք ի զուր է, այս բոլորը իրերայաջորդ դէպքեր են: Եթէ մէկը լուծուէր, ոճրագործները գտնուէին միւսներն ալ կը լուծուէին: Թուրքիա իր քաղաքականութիւնը կայացուցեր է ուրացումի և ժխտումի հիմքերու վրայ, այս իրավիճակը ճիշդ այդ քաղաքականութեան հետեւանքն է եւ անշուշտ արմատ առած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ կատարուած ցեղասպանութիւններուն վրայ:

-Հրանդի սպաննութեան գործի ամբողջական բացայայտումը տակաւին չէ կատարուած: Այդ գործին առընթեր երեւելի դարձած անունները արդեօ՞ք իրական պատուրիատուներն են: Եթէ չեն, ապա Թուրքիոյ իշխանութիւնները ինչքանո՞վ անկեղծ են գործին ամբողջական ծալքերը բացայայտելուն առընթեր: Մանաւանդ, որ ամէն հանգրուանի նոր անուններու եւ ձերբակալումներու մասին ականատես կ’ըլլանք:

-Իմ կարծիքով այդ անունները անշուշտ գործին մէջն էին, բայց բնականաբար չենք կրնար ըսել թէ բուն պատուիրատուներն են քանի, որ արդէն գիտենք ով է բուն հրամանատուն: Իշխանութիւնը իրեն պէտք եղած չափով և ժամանակամիջոցի մէջ օգտագործեց զիրենք, հիմա կ’երեւի այլեւս պիտանի չեն որ կրցաւ անոնց անունը յայտարարել: Անշուշտ ներկայ պայմաններուն պէտք չէ զանց առնել Զիզրէի (սուրիոյ հետ սահմանային շրջանին մօտ գտնուող թրքական քաղաք) դէպքերու ազդեցութիւնը յատկապէս Էրճան Տէմիրի անուան յայտնաբերման շուրջ:

Սագօ Արեան

 Նյութի մանրամասները կարդացեք karabakh-open.info-ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031