Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Միասնութիւն Որուն Հիմնական Դրդապատճառը Նողկանքն էր

Ապրիլ 26,2018 17:57

Ո՞ւր կը տանինք երկիրը՝ պարզ չէ, ինչո՞ւ այդպէս եղաւ՝ շատ պարզ է…

Նորութիւն չէ, որ ընդհանրապէս կը միաւորուինք ցաւի ու վշտի կամ օրահասական օրերուն միայն, իսկ այս անգամ ժողովուրդի միասնութեան հիմնական դրդապատճառը հիմնաւորուած ատելութիւնն է Սերժ Սարգսեանի ու անոր վարչակարգին հանդէպ։

Ժողովուրդը 10  տարի, երբեմն նոյնիսկ «ոչխար»աբար դիմացաւ եւ տակաւին պիտի դիմանար, եթէ չըլլային Սերժ Սարգսեանի ճակատագրական սխալներն ու աթոռամոլութիւնը։

Քաղաքականութեան մէջ, անգամ հրապարակայինօրէն, սուտ խօսիլը աններելի է,- «Յայտարարում եմ, որ ես՝ Սերժ Սարգսեանս, այլեւս երբեք չեմ առաջադրուելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին եւ ես չեմ հաւակնի նաեւ վարչապետի պաշտօնին»։ Այս խօսքերը որքան արտասանուեցան վստահ ու հաւատացնող շեշտադրութեամբ, նոյնքան հզօր եղաւ անոր դէմ պայքարը՝ խոստումը դրժուելուն օրը։

Եթէ Սերժ Սարգսեանը միայն այս խօսքին տէրը ըլլար եւ ՀՀ վարչապետ առաջադրէր Կարէն Կարապետեանը, որ քիչ թէ շատ շահած էր Հայաստանի ժողովուրդի եւ Սփիւռքի հայութեան վստահութիւնը, նուազագոյնը քիչ մը յոյս ներշնչած էր շատերու մէջ, ժողովուրդը դարձեալ կը դիմանար՝ յանուն երկրի անվտանգութեան, բայց դժբախտաբար գերադասելի էին աթոռն ու անձնական շահերը…

Երկրորդ ճակատագրական սխալը Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Մարտ 1-ով սպառնալն էր ու խոստովանութենէն շատ քիչ ժամանակ անց՝ այդ սպառնալիքը իրականացնելու գործնական քայլեր իրականացնելն էր, որ ատելութիւնը բազմապատկեց եւ իբրեւ արդիւնք կամ հետեւանք՝ դժուար է ըսել, հերոսացաւ եւ կրկնակի ժողովրդականութիւն ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանը, որ երբ սկսաւ իր պայքարը, ոեւէ մէկը, նոյնիկ նոյն ինքը Փաշինեանը, չէր սպասեր, որ անիկա այսքան մեծ թափ պիտի ստանայ։

Սերժ Սարգսեանի ամենամեծ սխալը նաեւ ժողովուրդի հետ չշփուիլն ու անկէ հեռու մնալն էր, անոր իրավիճակէն անտեղեակ ու նոր սերունդի մտածելակերպին անհաղորդ մնալն էր. մի զարմանաք նոյնիսկ՝ եթէ ըսեմ, որ շատ հաւանական է, երբ ՀՀ նախկին վարչապետը եկաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպելու, հաւանաբար չէր ալ պատկերացներ ինչքան ժողովուրդ կայ դուրսը. պետական համակարգերու մէջ ընդունուած է դառն իրականութիւնները ղեկավարութեան չհասցնել՝ սեփական անձը բարձրացնելու նպատակով։ Սերժ Սարգսեանի ու զինք շրջապատող վերնախաւի՝ ժողովուրդը վերէն դիտելու եւ զայն տարբեր ձեւերով ճնշելու, նուաստացնելու հետեւանքով է, որ այսօր հայ հասարակութիւնը ճնշեփի (presto) նման պայթեցաւ ու հետեւեցաւ զինք առաջնորդողին, եւ բազմութեան համար բացարձակ կարեւոր չէր ո՞վ է զինք առաջնորդողը։ Ով ալ ըլլար, պիտի’ երթար անոր ետեւէն։ Խնձորը երկնքէն ինկած էր Նիկոլ Փաշինեանի գլխուն, բայց պէտք է խոստովանիլ, որ ան իր ընտանիքով հանդերձ շատ ճիշտ կառավարեց պայքարողներու ալիքը եւ նոր շունչ տուաւ Հայաստանին։ Ուր կը տանի այս նոր շունչը՝ դեռ դժուար է պատկերացնել, բայց այն, որ ողջ աշխարհը սկսաւ դրական արտայայտուիլ հայոց միասնականութեան մասին, փաստ է։ Զարմանալիօրէն, այս անգամ նողկանքը խթան հանդիսացաւ, որ ժողովուրդը զիրար սիրէ…

Այս անգամ ժողովուրդը անտեսեց «երկրի անվտանգութիւնը» ու պոռթկաց, որովհետեւ այլեւս որո՞ւն համար պիտի մնար այն երկիրը, որուն ժողովուրդը ճնշուած էր, արժեզրկուած, իսկ Սփիւռքը յուսահատած։ Սփիւռքահայու համար ահաւոր զգացողութիւն է, երբ ոեւէ մէկը կ’ուզէ ձեռք մեկնել երկրին, Հայոց բանակին, որեւէ ներդրում կատարել Հայրենիքի մէջ, բայց չ’ըներ, որովհետեւ չկար վստահութիւն…

Այս բոլորի մէջ պէտք է բարձր գնահատել նաեւ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականն ու անոր յայտարարութեան բովանդակութիւնը, որ երկիրը զերծ պահեց ցնցումներէ։

Հիմա ողջ հայութեան կը մնայ ամէն ջանք ի գործ դնել կազմելու վստահելի իշխանութիւն, պահպանել կառուցողական միասնութիւն, որուն հիմքը այլեւս ո՛չ թէ նողկանքն է այլ սէրն ու նուիրումը Հայրենիքի հանդէպ։ Երբ Սփիւռքը սկսի վստահիլ Նոր Հայաստանին, երկար տարիներ պէտք չեն զայն հզօրացնելու եւ կայուն դարձնելու համար։

Նայիրի Մկրտիչեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30