Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այս ոճիրն իրագործողը պետութի՛ւնն է

Հունվար 20,2017 14:13

ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔ

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Հրանդ Տինքի սպանութեան տասնամեակին առիթով, «Ակօս»իխմբագրատան առջեւ Յունուար 19ին կայացած գլխաւոր ձեռնարկին հաւաքուած էինտասնեակ հազարաւոր գործիչներ՝ Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներէ եկած։ Կայինհայեր, թուրքեր, քիւրտեր, ասորիներ եւ Թուրքիա բնակող բազմաթիւ այլ ազգերու ուկրօններու ներկայացուցիչներ:

Անոնց առջեւ Հրանդի կինը՝ Ռաքել Տինք, ունեցաւ ելոյթ մը, զոր ամբողջութեամբ կըներկայացնենք «Օրը Օրին»ի սիւնակով:

Տասը տարի. ըսելը դիւրին է. ճիշդ 10 տարի: Առանց քեզի բնա՛ւ դիւրին չէ: Սիրելիիդ մօտ չըլլալը, մանաւանդ նենգ ծրագիրով քեզ ինձմէ խլելը աւելի՛ ցաւ կը պատճառէ:

Հիմա ես ի՞նչ ըսեմ անոնց, որոնք քսան տարի, երեսուն, քառասուն տարի է, որ այս ցաւը կը տանին: Ի՞նչ ըսեմ անոնց, որոնց զաւակը սպաննուած է:

Տասը տարուան մէջ սորվեցայ, թէ ինչպէ՛ս արցունքներս կը թրջեն ոսկորներս, սորվեցայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պայքարիլ ատելութեան եւ զայրոյթի դէմ: Երբ չգոյութեանդ մասին մտածեմ, կարծես կրակը մարմինս կ՛այրէ, կարծես, եթէ մաշկս վերցնեմ, տակէն կրակ պիտի ժայթքի:

Տասը տարուան ընթացքին ինչե՜ր պատահեցան՝ Մալաթիոյ կոտորածը, Իսքենտերի, Սեւակ Պալըքճիի, Ռոպոսքի սպանութիւնները, Կեզիի դէպքերը, Սուրուճ, Տիգրանակերտ, Սուր, Մարտին, Նուսայպին, Ճիզրէ, Շըրնաք, Թահիր Էլճի, Անգարա, Յուլիս 15, Մաճքա, Իզմիր, Այնթապ, Օրթագիւղ, օդակայան, Միջին Արեւելքի պատերազմ… Գործողութիւններ, ահաբեկչութիւն եւ տակաւին ինչե՜ր։ Երկիրը արեան լճակի վերածուած է: Ոմանք ցանկացան լողալ մարդու արեան մէջ: Երկիրը մղձաւանջի մէջ է: Մարդիկ սկսած են վախնալու, շնչահեղձ ըլլալու: Անձնաւորութիւններ ոտքի տակ առնուեցան: Արժանապատուութիւնը ոտնակոխ եղաւ, արհամարհուեցաւ…

Կարծես մայրեր իրենց զաւակները ծնած են՝ հողին յանձնելու համար:

Ահաբեկչութեան ուժի եւ ուժի ահաբեկչութեան միջեւ դարձեալ ժողովուրդն է տուժողը: Այն պետութիւնները, որոնք կ՛ըսեն, թէ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին, իրենց պատճառած ահաբեկչութեամբ կը նոյնանա՛ն ահաբեկիչներու հետ: Օր մը այս պետութիւնը Միացեալ Նահանգներն է՝ Ապու Ղրէյպի մէջ, ուրիշ օր մը Ռուսիան՝ Հալէպի մէջ, օր մըն ալ հարաւարեւելքի մէջ՝ Թուրքիան, այլ օր մըն ալ Սուրիան՝ ընդդիմադիրներուն դէմ… Օր մը հիւսիսէն փչող քամին կը հնձէ մահուան դաշտը, ուրիշ օր մը՝ հարաւէն փչողը… Իսկ անիծեալ հունձքը քաղողը դարձեա՛լ մենք ենք, դարձեալ ժողովուրդս… Մեր ծովափերուն երեխաներու դիակներ կը բարձրանան… Կա՞յ ասկէ աւելին:

Ո՛վ երկինք եւ երկիր… Ո՛վ լեռներ եւ ծովեր… Վե՛ր կացէք եւ վկա՛յ եղէք: Այս հողերուն վրայ թափուած արիւնին դու՛ք վկայ եղէք: Քանի որ մարդիկ լռեցին, լռեցուեցա՛ն: Մեռան, սպաննուեցան: Սգալու կարողութիւնն իսկ հատած է: Բռնատիրութիւնը եւ մարդասպանութիւնը անցած են բոլոր սահմանները: Խելքերը կեցած են, խելացիները ոչնչացուած են…

Ելէ՛ք լեռներ ու ծովեր, երկինք եւ երկիր… Դու՛ք եղէք վկան: Պատմութիւնը եւ այսօրը դո՛ւք վկայեցէք: Մեղքերու ծանրութեան, ոճիրներու բազմազանութեան, կեանքերու շիջումին դո՛ւք վկայ եղէք: Սատանայի անվերջ խաղերուն, սուտերուն, անվերջ յոխորտանքին եւ անպատկառութեան դո՛ւք վկայ եղէք: Արդարութիւնը բեկողներուն, այս վաղեմի հողերուն վրայ ապրուած զզուելիութեան դո՛ւք վկայ եղէք:

«Ունայնութիւններու ունայնութիւնը» յայտարարեց. «Մեծ գործեր կատարեցի: Ինծի համար տուներ կառուցանեցի եւ այգիներ տնկեցի: Ինծի համար պարտէզներ ու մրգաստաններ շինեցի եւ անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի: Ինծի համար ջուրի աւազաններ շինեցի, որպէսզի անոնցմով ծառաստանը ոռոգուի: Ստրուկներ եւ ստրկուհիներ գնեցի… Շատ արջառներու եւ ոչխարներու նախիրներ ունեցայ: Նաեւ ինծի համար դիզեցի արծաթ եւ ոսկի, ու թագաւորներու եւ գաւառներու սեփական գանձերը… Մեծ եղայ ու գերազանցեցի ինձմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղող բոլորը. իմաստութիւնս ալ իմ քովս կը մնար: Իմ աչքերս իրենց բոլոր փափաքներէն չզրկեցի ու սիրտիս ո՛չ մէկ ուրախութիւն մերժեցի… Յետոյ ձեռքերուս կատարած բոլոր գործերուն նայեցայ, ու զանոնք կատարելու համար իմ կրած ամբողջ տաժանքիս, եւ ահա՛, ամէն ինչ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էր, եւ արեւին տակ ո՛չ մէկ օգուտ կար», (Ժողովող 2:4-11)։

10 տարուան ընթացքին ինչե՜ր-ինչե՜ր պատահեցան: Մեր դիմաց դրին դատավարութեան մը գործընթացը: Դատարաններ մտանք ելանք: Մեր վրան խնդացին, մեզ ծաղրեցին, «կա՛մ կը սիրես, կա՛մ կը լքես» ըսին: Նախ ըսին՝ «ոճիրին մէջ կազմակերպութիւն մը չկայ», ապա Գերագոյն ատեանը ըսաւ՝ «կազմակերպութիւն կայ, սակայն սահմանափակուած է քանի մը ազգայնական երիտասարդներով»: Ապա եկաւ օրը, երբ ոճիրը գործած, վրան ծածկած, անկէ օգտուիլ փորձած պետութեան մէջի խմբաւորումները իրարու ինկան… Քանի մը ազգայնական երիտասարդէ բաղկացած կազմակերպութիւնը գնաց, տեղը՝ ՖԵԹՕն (կիւլենականներ) եկաւ: Ատեն մը ձեւացուցին, թէ «Էրկենեքոն»ն է, սակայն մեր դատին միայն քովէն անցան: Պետութիւնը ամէն անգամ դէպքի վայր իր պոչը կը ձգէ եւ՝ «ահա՛ սատանան» կ՛ըսէ: Ո՛չ սուտ է, ո՛չ իրաւ: Սատանային ետեւէն երթալու փոխարէն՝ անոր շապիկին հետ խաղալէն ե՞րբ պիտի յոգնինք:

10 տարի առաջ մեր հարցուցած հարցումը դարձեալ կը հարցնենք:

Թիրախ ցոյց տուողները, սպառնացողները, «Հրա՛նդ, մեր զայրոյթի թիրախն ես» ըսողները, բանակի հրամանատարութենէն զեկոյց հրատարակողները, ե՞րբ պիտի ներկայանան արդարութեան առջեւ:

Դէպքի վայրի արձանագրութիւնները դարձեալ կը սփռուին ամէն կողմ: Կ՛ըսուի, թէ 10 տարի առաջ, այս ժամերուն, այստե՛ղ, քաղաքացիներէն աւելի ռազմական ոստիկանութիւն ներկայ էր: Սպասենք, տեսնենք, թէ քանի տարի տեւած այս հարցաքննութիւնը ե՞րբ պիտի հասնի իր աւարտին:

Նախապէս ըսած ենք եւ դարձեա՛լ պիտի ըսենք: Այս ոճրագործը յայտնի է: Այս ոճիրը իրագործողը, ըստ երեւոյթին, իր բոլոր աստիճաններով՝ պետութի՛ւնն է: Ժողովուրդին խիղճը, այս իրականութիւնը հասկնալու համար, տասը տարուան մէջ ի յայտ եկած խայտառակութենէն բացի ուրիշ ո՛չ մէկ բանի կարիքը ունի: Իսկ եթէ պետութիւնը չէ, ապա պետութիւնը յանցաւոր է իր մէջի այդ խաղաքարերը արտամղելով:

Սուրբ չէ՛ պետութիւնը, մա՛րդն է սուրբը: Կեա՛նքն է սուրբը:

Տասը տարիէ ի վեր պետութիւնը այս երկրին սրբութիւնները կը վիրաւորէ: Ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, հարիւր տարիէ ի վեր կը վիրաւորէ… Ո՛ր ազգէն ալ ըլլայ, ո՛ր ցեղէն, ո՛ր կրօնքէն ըլլայ, այնքան ատեն որ չէք սրբացներ կեանքը, այս հողերուն վրայ արժանի կեանք կարելի չէ ունենալ, սիրելինե՛րս:

Այսօր ձեզի հետ տասը տարի առաջ սպաննուած ամուսինիս ցաւը կիսելը, իր դատին մասին խօսիլը, հաւատացէ՛ք, շա՛տ կը ցաւցնէ: Սակայն երկրի ժողովրդավարացման համար, ժողովուրդի՛ն համար, այս դատը եւս կարեւոր դատերէն մէկն է:

Ամուսինս, դատարաններէն աւելի՝ ժողովուրդի՛ն խիղճը կը կարեւորէր: Բոլոր այս մեր ապրածներուն ընդմէջէն, յանուն ապագայի, մեզի համար միայն յուսադրիչ է ոճիրին դատապարտումը ժողովուրդի խիղճին մէջ:

Այս դատը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման բանալիներէն մէկն է: Եթէ անպայման բանի մը համար պիտի շահագործէք, ապա ա՛յս նպատակին համար շահագործեցէք՝ ծայրէ ի ծայր:

Այս դատը նաեւ դատն է մեր բարեկամներուն, իրականութիւնը փնտռելու ժամանակ իրենք զիրենք բանտի մէջ գտած, խաղաղութեան ու ազատութեան համար պայքարելու ընթացքին իրենց ազատութիւնը խլուած, ձերբակալուած լրագրողներուն եւ երեսփոխաններուն դա՛տն է: Աստուծմէ խնդրանքս է, որ անոնք պահ առաջ, ողջ առողջ միանան իրենց սիրելիներուն։

Այսօր, այս խաւար ժամանակահատուածին «գոնէ մերինները իշխանութեան վրայ են» ըսելով՝ սփոփանք փնտռողնե՛ր, չկարծէ՛ք, թէ իշխանութեան վրայ եղողները ձեզմէ են: Ձեր բարի նպատակներով երկիրը կառավարելու համար ուղարկուած այդ մարդիկը ժողովուրդի զաւակ էին, սակայն պետական այրեր դարձան: Վաղուց մոռցան իրենց խոստումները: Այժմ կ՛ուզեն իրենց ոճիրներուն մէջ ձե՛զ ալ մեղսակից դարձնել: Դուք արժանի չէք այսպիսիին: Բոլորս մէկ, շա՛տ աւելիին արժանի ենք, եւ կը յուսամ, որ շատ աւելի լաւին հասնիլ պիտի յաջողինք:

Սէրը ուրիշին համար բան մը ընել է: Սիրոյ ուղիին վրայ քալելու ժամանակ ցաւ պիտի զգաք, անշո՛ւշտ: Սէրը ամէնէն զօրեղ հոգեւոր պայքարն է: Սէրը չարիքին բարիքով կը պատասխանէ: Առանց սիրոյ՝ հաւատք չկա՛յ:

Զարդարուեցէ՛ք սիրով:

Եթէ մէկը ըսէ՝ «ես կը սիրեմ Աստուած», եւ ատէ եղբայրը, ապա ստախօս է, որովհետեւ ան, որ չի սիրեր իր եղբայրը, զոր կը տեսնէ, ապա ինչպէ՞ս կրնայ սիրել Աստուած, զոր չի տեսներ», (Ա. Յովհաննէս, 4:20):

Սիրելի՛ բարեկամներ: Ճիշդ տասը տարի է, որ ձեզի հետ միասին այստեղ ենք: Ցաւին մէջ ազգական դարձանք՝ ըսած էինք: Մեր պատմութիւնները պատմեցինք, լսեցինք: Այդքան ալ ցաւով լեցուն, վիշտով ու արցունքով լեցուն նոր պատմութիւններ գոյացան, շատցան՝ հազարներով, տասնեակ հազարներով…

Պարզապէս միասին ապրիլը չէ, այլ հաւասար եւ ուրախ ապրի՛լն է կարեւորը: Եւ արժանապատիւ, ազատ ապրիլ… Եկէ՛ք այս երկրի աղաւնիին դողդոջը վերացնենք: Եկէ՛ք չվիրաւորենք աղաւնիները: Ինչպէս իմ ջութակս կ՛ըսէ՝

Եկէ՛ք նախ զիրար հասկնանք…

Եկէ՛ք նախ իրարու ցաւերը յարգենք…

Եկէ՛ք նախ իրարու ապրեցնենք»:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031