Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հրանտ Մարգարյան. «Հայ ժողուվուրդը Սուրիոյ մէջ յաջողեցաւ իր կեցուածքով, պահուածքով եւ վերաբերմունքով օրինակելի ու հայրենասէր սուրիացի քաղաքացիի տիպարը դրսեւորել»

Հունիս 11,2017 11:04

«Գանձասար». Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2017-ին, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ներկայութեամբ Հալէպի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:

Հանդիպման ընթացքին, Մարգարեան անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմի եօթ տարիներուն սուրիահայութեան ծաւալած աշխատանքներուն ըսաւ.

«Սուրիոյ մէջ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօն Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Վերականգնումի Մարմնի կազմութեան նախաձեռնեց: Անցնող եօթ տարիներուն, մեր կազմակերպութիւնը փորձեց իր բոլոր ուժերը լարել սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու համար: Բնական էր, որ դիմանալով պատերազմական ծանր դժուարութիւններուն եւ ամէնէն կարեւորը ստեղծուած իրավիճակէն պատիւով դուրս գալով, սուրիահայ համայնքը ինքն էր հիմնականօրէն հերոսութիւնը կատարողը եւ այս մէկը միայն իր պատիւը չէր, այլ ողջ հայութեան պատիւը:

Հայ ժողուվուրդը Սուրիոյ մէջ յաջողեցաւ իր կեցուածքով, պահուածքով եւ վերաբերմունքով օրինակելի ու հայրենասէր սուրիացի քաղաքացիի տիպարը դրսեւորել: Սա ինքնին մեծ գործ էր:

Սուրիահայութեան խնդիրը միայն սուրիահայութեան չի վերաբերիր, այլ ողջ հայութեան խնդիրն է: ՀՅԴ-ն քաջ գիտակցելով հանդերձ, որ բոլոր հայութիւնը իր գուրգուրանքի առարկան պէտք է դառնայ, այս պարագային, ամէնէն աւելի գուրգուրաց Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան: Այս իսկ պատճառով Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան օժանդակելը Դաշնակցութեան գլխաւոր գործը եղաւ:

Դաշնակցութիւնը օրին գիտակցած էր, որ այս պատերազմը մէկ-երկու օրուան հարց չէր, այս գիտակցութեամբ ճամբայ ելանք սուրիահայութեան օգտակար դառնալու համար:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքին մէջ միայն կազմակերպութեան հնարաւորութիւնները ի սպաս չդրուեցան, այլ մեր ժողովուրդն էր որ օժանդակեց եւ կը շարունակէ օժանդակել: Մենք աշխատեցանք մեր այս գործերուն յարատեւութիւնը պահել եւ կը շարունակենք նոյն ուղիով:

Մենք միշտ փորձած ենք մեր կարելին ընել սուրիահայութեան օժանդակութեան համար եւ այսօր ալ պիտի շարունակենք այդ աշխատանքները ուղղորդել դէպի վերականգնում:

Այնքան մեծ է Հալէպի աւերուածութիւնը, որ գուցէ համաշխարհային ճիգերու կարողականութեամբ կարելի ըլլայ վերականգնել քաղաքը: Մենք այս աւերուածութեան մէջ մեզի համար իւրայատկութիւն չենք կրնար ստեղծել, սուրիահայ համայնքի վերականգնումը մէկ մասնիկը պիտի ըլլայ Սուրիոյ ընդհանուր վերականգնումի աշխատանքներուն: Այսուհանդերձ մենք պարտաւոր ենք ամէն հնարաւորութիւն ստեղծել՝ ժողովուրդին կենսունակութիւնը ապահովելու համար:

ՍՇՕՎՄ-ի աշխատանքներուն ընդմէջէն Սուրիոյ մէջ ստեղծուած միասնականութեան օրինակը համահայկական պէտք է դառնայ, որպէսզի բոլորիս ճիգերը համատեղելով օգնենք սուրիահայութեան:

Տարածաշրջանը դեռ բաւական բարդ իրավիճակ կը պարզէ, սակայն ինչպէս մէկ օրուան մէջ ամէն ինչ խառնուեցաւ եւ Սուրիոյ մէջ պատերազմ սկսաւ, հաւանական է որ այնպէս ալ մէկ օրուան մէջ ամէն բան խառնուելով խաղաղութիւն հաստատուի Սուրիոյ մէջ եւ վերջակէտ դրուի այս ժողովուրդի տառապանքին:

Վստահ եղէք, որ մենք ձեր կողքին ենք: Թէեւ թէ՛ տանջուողը, թէ՛ հիմնական գործ արարողը դուք էք եւ ղեկավարութեան ընելիքը հազար անգամ աւելի կարեւոր է, որովհետեւ պատասխանատու ղեկավարութեան իմաստը ճիշդ ասոր մէջ է, այն առաքելութեան մէջ, որ դժուար օրերուն կը կանգնի ժողովուրդին կողքին:

Գուցէ շատ առարկայական տուեալներ չկան խաղաղութեան վերահաստատման համար, սակայն հաւատացած եմ, որ եթէ համաշխարհային ընտանիքը ուզէ, կրնայ ամէն բան շատ շուտ աւարտին հասցնել:

Ուժ ու կորով կը մաղթեմ ձեր աշխատանքներուն, ըլլաք միասնական եւ համագործակցող՝ համայնքի բարօրութեան համար, որովհետեւ միասնականութիւնը ամէնէն մեծ բարիքն է, զոր ժողովուրդը կ՛ակնկալէ մեզմէ:

Ինչպէս եօթ տարուան ընթացքին ծաւալած շտապի աշխատանքներուն ձեր կողքին եղանք, այնպէս ալ պիտի շարունակենք ձեր կողքին ըլլալ, թէեւ նախապատուութիւնը Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայութեան է, սակայն անտարբեր պիտի չըլլանք նաեւ գաղթական դարձած սուրիահայութեան նկատմամբ, որոնք դժուար պայմաններու բերումով հեռացան Սուրիայէն:

Մենք ձեր կողքին պիտի ըլլանք մինչեւ վերջ»:

Ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները բարձրօրէն գնահատեցին Հրանդ Մարգարեանի մօտեցումը, մանաւանդ պատերազմական ամէնէն ծանր օրերուն Հալէպի մէջ սուրիահայութեան կողքին գտնուիլը: Մարգարեանի խօսքէն ետք, հանդիպման մասնակիցները զրուցեցին քաղաքական ընդհանուր վիճակին, սուրիահայութեան օժանդակութեան եւ առնչակից հարցերու շուրջ:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Հ.Շ. says:

    «հայրենասէր սուրիացի» հայեր ?!?!!

    սա ինչ ապիկար խօսքեր են…

    ուրեմն անոնց ալ հայրենիքը Սուրիա՞ն է

    բա, ո՞ւր գնաց Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ ժողովուրդ

    ԲԼԱ-ԲԼԱ-ԲԼԱ-ԲԼԱ՞

    դեհ լաւ ուրեմն,
    դու ել քո հայրենիք Պարսկաստանդ գնա,
    վերջանա՛նք, ակաս

    կատարեալ խայտառակութիւն

    հրաշք է որ տակաւին «ձեզ» տեղ են տալիս Պետութեան մէջ

    փֆֆֆֆ

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930