Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Չորս միլիոնի մարտահրաւէրը…«Հայրենիք»

Նոյեմբեր 11,2017 10:35 Share

«Հայրենիք»

Խմբագրական

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան լոյս ընծայած վիճակագրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի բնակչութիւնը 2100-ին պիտի գերազանցէ 11 միլիառը: Զարմանալի չէ նաեւ այն ակնկալութիւնը, որ ափրիկեան ցամաքամասը ամենէն աւելի բնակեցուածը պիտի ըլլայ, եւ անշուշտ Հնդկաստանն ու Չինաստանը յաջորդաբար պիտի գրաւեն աշխարհի ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող երկիրներու առաջին երկու տեղերը:

Կովկասեան բարձրաւանդակն ու յատկապէս Հայաստանը նկատի ունենալով, միեւնոյն աղբիւրները յաւելեալ մանրամասնութիւններով եւ թիւերով կ՚ակնկալեն, որ 2030 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը կազմէ 2միլիոն 993 հազար, 2050 թուականին` 2 միլիոն 729 հազար` 9,6 տոկոս կորուստով, եւ վերջապէս 2100 թուականին` 1 միլիոն 739 հազար:

Վերոնշեալ այս թիւերը երբեք նախանձելի չեն: Ըստ երեւոյթին ու էութեան, յառաջիկայ յիսուն տարուան մէջ, Հայաստանի մէջ բնակչութիւնը պիտի կրճատուի գրեթէ մէկ միլիոնով:

Այս վայրէջքին դէմ ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ, շրջանցելով այս մռայլ պատկերը, ինչ որ որոշած է կատարել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յանձին նախագահ Սերժ Սարգսեանի, որ խորհրդակցութեան հրաւիրած է բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին վարչապետը, փոխվարչապետը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբինախագահը, առողջապահութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման աշխատանքի, եւ ընկերային հարցերու, գիւղատնտեսութեան, ելեւմտական, սփիւռքի նախարարները, տնտեսական զարգացման եւներդրումներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, նախագահի աշխատակազմի պաշտօնեաներ:

Այդ խորհրդակցութեան սկիզբը, նախագահ Սարգսեան շեշտած է, թէ մինչեւ 2040 թուական Հայաստանի բնակչութեան թիւը պէտք է չորս միլիոնի հասնի: Նախագահ Սարգսեանի յայտարարած մարտահրաւէրը նորութիւն մը չէր: Վերջերս տեղի ունեցած Հայաստան – Սփիւռք Զ. համագումարին, ան իր խօսքին մէջ նշած էր թէ յառաջիկայ տարիներուն, ամէն ճիգ պիտի թափուի Հայաստանի բնակչութեան բնական աճի կշռոյթըբարձրացնելու: Այդ ճառին մէջ, Սարգսեան շեշտած էր. «Մենք յայտարարել ենք, որ մեր նպատակն է, որպէսզի Հայաստանը, 2040 թուականին, ունենայ առնուազն չորս միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, միայն ծնելիութեանմակարդակի աւելացման, մարդկանց կեանքի երկարացման եւ ժողովրդագրական պատկերը բարելաւող միւս քայլերով, մենք այդ նպատակին դժուարութեամբ կը հասնենք` չնայած այդ ուղղութիւններովհաստատակամօրէն առաջ ենք գնալու: Հետեւաբար նպատակադրումը ենթադրում է գալիք 25 տարիների ընթացքում դէպի Հայաստան ներգաղթի լուրջ ցուցանիշների ձեռքբերում»:

Վերանկախացման 26 տարիներու ընթացքին, երեք տարբեր նախագահներու ղեկավարութեան ընթացքին, արտագաղթը եղած է առաջնահերթ հարց: Ըստ տուեալներու, միայն 2004-2006 թուականներուն կարելի եղած է դէմ դնել արտագաղթին: 2004-ին Հայաստան վերադարձած է աւելի քան 2 հազար հայորդի, 2005-ին այս թիւը բարձրացած է 13 հազարի, իսկ 2006-ին` 22 հազարի: Նախագահ Քոչարեանի օրերուն արձանագրուած այս յաջողութեան բանալին տնտեսական նշանակալից աճն էր:

Իսկ վերջին տարիներուն, տնտեսութեան վատ վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառա՞ւ կը շարունակուի արտագաղթը: Պատկերն ու ցուցանիշերը այդպէս ցոյց չեն տար:

Նկատի ունենալով համաշխարհային շուկայի ներկայ իրավիճակը,Հայաստանի տնտեսական տուեալները կարելի չէ վատ համարել, սակայն հակառակ ասոր կը շարունակուի արտագաղթը:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Հայաստանի բնակչութիւնը կը հաշուէ 2.8 միլիոն, իսկ ոչ պաշտօնական դէտեր կը նուազեցնեն այս թիւը 2.5 միլիոնի սահմաններուն: Իրականութեան մէջ, տարբերութիւնը այս տը ֆաքթօ եւ տը ժիւրէ թիւերուն մեծ բան մը չէ, սակայն հարցը իփսօ ֆաքթօ թիրախն է …չորս միլիոնի մարտահրաւէրը:

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930