Լրահոս
Փլուզում
Օրվա լրահոսը

Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը գումարեց 28-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը

Մայիս 26,2019 23:54

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը գումարեց իր հերթական 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, հայրենի քաղաքամայր Երեւանի մէջ, մայիս 23 – 25, 2019-ին:

Օրէնսդիր գերագոյն այս ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՌԱԿ-ի աշխարհատարած շրջանակներու լիազօր բոլոր ներկայացուցիչները:

Եռօրեայ իր աշխատանքներու աւարտին, ժողովը յանգեցաւ Հայ ժողովուրդն ու ՌԱԿը անմիջականօրէն յուզող կարեւոր հարցերու վերաբերեալ որոշումներու:

Առ այդ կը հրապարակուի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

  • ՌԱԿի դաւանանքն ու մտասեւեռումը եղած է ու կը մնայ մշտապէս ծառայել Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Հետեւաբար՝ ան կը վերահաստատէ իր ամբողջական նուիրումը հանդէպ մեր ժողովուրդին՝ Հայրենիքի մէջ թէ արտերկրի: Առ այդ ՌԱԿը կը յայտնէ իր անվերապահ զօրակցութիւնը հայրենի պետականութեան, ի խնդիր անոր ամրապնդումին եւ յարատեւութեան: ՌԱԿը աներկբայօրէն նախանձախնդիր է որ մնայուն կերպով երաշխաւորուին հայրենաբնակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն անվտանգութիւնը, անդորրութիւնն ու հետեւողական բարգաւաճումը, մեր ժողովուրդին իրաւահաւասար եւ կաշառազերծ միջավայրի մէջ ապրելու անձեռնմխելի իրաւունքը դասելով որեւէ այլ նկատարումէ գերիվեր: Պատգամաւորական ժողովը խանդավառութեամբ կ’արձանագրէ, թէ ՌԱԿի դաւանած ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գաղափարախօսական հիմնական սկզբունքները ներկայիս կենսագործման ընթացքի մէջ են մայր Հայրենիքի մէջ:
  • Կուսակցութիւնը վճռակամ կերպով կը վերահաստատէ իր ամբողջական հաւատարմութիւնը Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անսասանութեան հաւատամքին:
  • Պատգամաւորական ժողովը կ’ընդգծէ թէ Արցախը անբաժան մէկ մասնիկն է մեր հայրենիքին, հետեւաբար համայն Հայութեան զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան պէտք է ըլլայ անվերապահ եւ լիակատար: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անխախտելի համոզումն է թէ արցախեան հիմնախնդիրը հարկ է որ լուծուի մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սրբազան իրաւունքին համեմատ, իսկ լուծման ձգտող բանակցութեանց, անհրաժեշտաբար պէտք է մասնակցի Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչը:
  • Ջաւախքի հայութիւնը կը հանդիսանայ հարազատ մէկ մասը հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը աւելի քան նախանձախնդիր է որ լիովին յարգուին մարդկային բոլոր իրաւունքները ջաւախքահայութեան, երաշխաւորելով անոր շարունակական բարօրութիւնը:
  • ՌԱԿը կը մնայ Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս ու սփիւռքահայութիւնը մասնաւորաբար յուզող հիմնահարցի, իմա՝ Հայ Դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդման սուրբ առաքելութեան հաւատաւոր զինուորագրեալը: Առ այդ՝ ան կը վճռէ բազմապատկել ու լարել իր համապարփակ ոյժերը, դառնալու համար աւելի քան երբեք անսակարկ նուիրեալը սրբազան եւ անժամանցելի այդ նպատակին:
  • Նկատի ունենալով սփիւռքի մէջ ազգապահպանման հետզհետէ դժուարացող պայմանները, ՌԱԿը կը վճռէ նոր եռանդով լծուիլ մեր ժողովուրդին ներկայ կարիքները հոգացող ազգանուէր առաքելութեան:
  • Մինչ ամբողջ հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնն ու մտածումները սեւեռուած կը մնան սուրիահայ գաղութի ամէնօրեայ հոգեխռով յոյզերուն, ժողովս կը շեշտէ թէ անմնացորդ եւ յարաճուն նուիրաբերումով հարկ է օժանդակել սուրիահայ պատուհասուող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
  • Միշտ առաջնորդուելով Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ծառայելու իր նախանձախնդրութենէն, ՌԱԿը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գործակցելու սփիւռքի բոլոր այն կառոյցներուն հետ, որոնք ունին միեւնոյն մտասեւեռումը՝ համադրելու, ներդաշնակելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու առ այդ տարուող աշխատանքները, առանց երբեւէ կաշկանդուելու արուեստական կաղապարներով, ըլլան անոնք հին թէ նոր:
  • ՌԱԿը հայրենի իշխանութիւններէն կ’ակնկալէ, որ առնուին անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները, առաջքը առնելու համար մտահոգիչ հոլովոյթ հանդիսացող արտագաղթի երեւոյթին, զայն համարելով հայրենիքի գոյութեանն իսկ սպառնացող վտանգ եւ առ այդ կոչ կ’ուղղէ Հայ ժողովուրդի հաւաքական զգաստութեան, ամէն ճիգով կասեցնելու համար վտանգաւոր եւ սահմռկեցնող այդ ընթացքը:
  • Գնահատելով ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնն ու անցնող երեք տարիներու ընթացքին անոր տարած նուիրեալ բոլոր գործունէութիւնները, ՌԱԿ Պատգամաւորական Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց ընտրելով կուսակցութեան նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը:
  • Պատմական այս նստշրջանը փակուեցաւ վերանորոգելով այն սրբազան ուխտը, որուն զինուորագրեալն է ՌԱԿը, ողջունելով կուսակցութեան անխտիր բոլոր անդամներն ու համակիրները, ողջունելով հայրենիքն ու ամբողջ հայութիւնը.

Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը,

Կեցցե՛ն Հայուն Հայրենիքն ու հերոսական Արցախը

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը

 

ԴԻՒԱՆ ՌԱԿ ԻԸ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031