Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Երբ երևալու տենչը կը գերազանցէ ըլլալը». Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան

Հուլիս 20,2026 16:39 Share

Ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ արտաքին փայլը, ցուցադրական կենցաղը եւ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու տենչը աւելի լայն տեղ կը գրաւեն առօրեային մէջ, ցուցամոլութիւնը վերածուած է հասարակական լուրջ ախտի մը։ Ան այլեւս միայն անհատական թուլութիւն մը չէ, այլ մտածելակերպ մը, որ ներթափանցած է ընտանեկան, ընկերային եւ նոյնիսկ ազգային կեանքին մէջ։ Հայկական իրականութեան ծիրին մէջ այս երեւոյթը առաւել մտահոգիչ է, որովհետեւ ան կը բախի մեր դարաւոր արժէքներուն՝ համեստութեան, ազնուութեան, աշխատասիրութեան, զոհողութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան։

Ցուցամոլութեան գերի դառնալով՝ մարդը արտաքին տեսքը կը գերադասուի ներքին բովանդակութենէն, պահու տպաւորութիւնը՝ մնայուն արժէքէն, իսկ մարդոց հիացումը՝ խղճի խաղաղութենէն։

Արդիւնքին, մարդը այլեւս չի բաւարարուիր բարի ըլլալով, այլ կը փափաքի բարի երեւիլ։ Չի ձգտիր միայն արժանապատիւ կեանքի, այլ նաեւ շքեղութիւն ցուցադրել, նոյնիսկ երբ այդ շքեղութիւնը կեղծ է կամ մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք ձգուած։

Այս երեւոյթին ամենէն ցայտուն արտայայտութիւններէն մէկը այսօր ընտանեկան արարողութիւններն են, մանաւանդ՝ ամուսնութիւնը։ Ամուսնութիւնը, որ կոչուած է ըլլալու սիրոյ, պատասխանատուութեան եւ նոր ընտանիքի կազմութեան սրբազան սկիզբ մը, շատ յաճախ կը վերածուի արտաքին շքեղութեան ետեւէ վազքի։ Ընտանիքներ, որոնք պէտք է մտածեն ապագայ զոյգին խաղաղութեան ու ապահովութեան մասին, երբեմն կը տարուին այն մոլուցքով, թէ արարողութիւնը որքան ճոխ ըլլայ, այնքան մեծ կ’ըլլայ իրենց պատիւը։

Վերջերս, երբ Հայաստան կը գտնուէի, ծանօթներէս մէկը պատմեց դէպք մը, որ միաժամանակ ցնցիչ ու խորապէս խորհրդանշական էր։ Անոր դրացիներէն մէկը իր տունը ծախած էր, որպէսզի իր տղուն ամուսնութիւնը «ամենէն ճոխ» կերպով կազմակերպէ։ Այս դէպքը միայն անհատական անխոհեմութիւն չէ, այլ արատաւոր մտածելակերպի մը վառ արտայայտութիւն։ Տունը, որ ընտանիքի ապաւէնը եւ երկար տարիներու աշխատանքին պտուղը պէտք է ըլլար, զոհաբերուած է քանի մը ժամուան շքեղութեան համար։ Ահա ցուցամոլութեան ողբերգական հակասութիւնը՝ մնայունը զոհել անցողիկին, էականը փոխանակել ձեւականին։

Սակայն այս երեւոյթը միայն նիւթական կարգի խնդիր չէ, այլ նախ եւ առաջ՝ բարոյական խախտում։ Երբ մարդը կը սորվի ապրիլ ուրիշներու գնահատանքին համար, կամաց-կամաց կը հեռանայ իր ներքին ճշմարտութենէն։ Իր գործերը կը կորսնցնեն անկեղծութիւնը, որովհետեւ առաջնայինը այլեւս բարի նպատակը չէ, այլ՝ տպաւորիչ երեւալու ձգտումը։

Այս մասին մեզի խրատական լոյս կը սփռէ նաեւ Նոր Կտակարանը. «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար․․․ » (Մատթէոս 6.1)։ Այս խօսքերը յստակօրէն կը յուշեն, թէ ճշմարիտ արժէքը հաճախ արտաքին գնահատանքին մէջ չէ, այլ սրտի անկեղծութեան եւ գործի ճշմարտութեան մէջ։ Մարդը կրնայ կարեւոր երեւիլ բազմութեան աչքին, բայց դատարկ մնալ ներքուստ։

Առաւել վտանգաւոր է այն, որ այս մթնոլորտը խոր ազդեցութիւն կը գործէ երիտասարդ սերունդին վրայ։ Եթէ երիտասարդը շարունակ տեսնէ, թէ հասարակութիւնը կը գնահատէ ոչ թէ համեստ աշխատանքը, այլ շքեղ երեւոյթը, ան ալ բնականաբար կը հակուի նոյն չափանիշները որդեգրելու։ Այս պարագային գիտութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ բարոյական նկարագիրը կրնան երկրորդական թուիլ, մինչ արտաքին փայլը եւ հանրային ուշադրութիւնը կը դառնան գերագոյն նպատակներ։

Ուստի ներկայ ժամանակաշրջանին ցուցամոլութիւնը վտանգաւոր հոսանք մըն է հայկական կեանքէն ներս, որովհետեւ ան կը խեղաթիւրէ արժէքներու բնական կարգը, նիւթապէս կը ծանրաբեռէ ընտանիքները, կը մոլորեցնէ երիտասարդութիւնը եւ կը տկարացնէ համայնքային կապերը։ Եթէ կ’ուզենք պահպանել մեր կեանքի իսկական դիմագիծը, պէտք է մերժենք դատարկ ցուցասիրութիւնը եւ վերադառնանք այն ամուր արժէքներուն, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ կանգուն մնացած է։ Միայն այն ատեն մեր կեանքը պիտի հիմնուի ոչ թէ երեւալու, այլ ճշմարտապէս ըլլալու վրայ։

Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Հուլիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031