Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Առանց քրիստոնէութեան Միջին Արեւելքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ իւրայատկութիւնը. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սեպտեմբեր 08,2016 10:51

«Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անիկա շրջանին մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է` միաժամանակ ան ազդեցութիւնը կրած է շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ զարգացումներուն», ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ, Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն:

Վեհափառ հայրապետը` իբրեւ գլխաւոր դասախօսը յիշեալ համաժողովին, իր խօսքը սկսաւ երկու հաստատումներ կատարելով. «Առաջին, քրիստոնէութիւնը անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ Միջին Արեւելքին: Եկեղեցին անցեալի արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն թանգարանը չէ, այլ կենդանի ներկայութիւն Միջին Արեւելքի ընկերութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Երկրորդ, հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, քրիստոնէութիւնը վճռած է մնա՛լ շրջանին մէջ»: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ «ա՛յս է հաւաքական կեցուածքը Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիներուն, եւ այս կեցուածքը կը բաժնեն նաեւ մեր իսլամ դրացիներն ու համաքաղաքացիները»:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր վերլուծում մը կատարելէ ետք Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ կացութեան եւ անդրադառնալէ ետք քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն ու յատկապէս արտագաղթին, հետեւեալ ութ կէտերը նկատեց իբրեւ առաջնահերթութիւն եկեղեցիներուն դիմաց. ա) Քրիստոնեայ համայնքները պէտք է մասնակից դառնան ժողովրդավարական սկզբունքներ հաստատելու ձգտող բոլոր շարժումներուն ու ծրագիրներուն: բ) Քրիստոնեայ համայնքները, իրենց պարտաւորութիւններուն առընթեր, պէտք է տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն` իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ: գ) Երեք միաստուածեան կրօնները, մեկնելով իրենց հասարակաց արժէքներէն եւ ուսուցումներէն, պէտք է որդեգրեն հաւաքական կեցուածք` ընկերութիւնը յուզող ընդհանրական հարցերու նկատմամբ: դ) Անհրաժեշտ է քրիստոնէական միութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալ: ե) Եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը հրամայական է` յատկապէս ստեղծուած նոր պայմաններու լոյսին տակ: զ) Անհրաժեշտ է արեւմտեան եկեղեցիներու հետ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդել: է) Եկեղեցիները իրենց սփիւռքի համայնքներուն հետ պէտք է ունենան աւելի հետեւողական ու արդիւնաշատ գործակցութիւն: ը) Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին վերակազմակերպումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:

Վեհափառ հայրապետը հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքի մէջ: Հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք այս ուղղութեամբ կատարուող թեր ու դէմ կարծիքներուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Միջին Արեւելքի պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ յաճախ տագնապներով եւ բեւեռացումներով լեցուն եղած է շրջանը: Հակառակ այս իրողութեան, պատմական իրագործումներ արձանագրուած են շրջանին մէջ: Այսօր եւս, տագնապի մէջ է Միջին Արեւելքը եւ լուսարձակի տակ է միջազգային համայնքին կողմէ: Այս բացասական երեւոյթներուն առընթեր նաեւ կան դրական զարգացումներ եւ արմատական փոփոխութիւններ: Քրիստոնէութիւնը շրջանին մէջ պէտք է շարունակէ մնալ, սա ո՛չ միայն արեւմուտքի եւ արեւելքի եկեղեցիներուն կեցուածքն է, այլ նաեւ իսլամ պետութիւններուն, հետեւաբար ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ եւ կատարուող զարգացումները ճիշդ գնահատել: Առանց քրիստոնէութեան Միջին Արեւելքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ իւրայատկութիւնը»:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930