Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մտաւորական աճպարարութեան հետքերով. Ժիրայր Լիպարիտեան

Հոկտեմբեր 13,2021 22:11

Ի պատասխան  կայքերից մեկում 9 հոկտեմբեր 2021ին վերարտադրուած «Դավիթ Մկրտչյան» ստորագրութեամբ յօդուածին, որը կ՚ անդրադառնայ Ազատութիւն կայքին հոկտեմբեր 2ին տուած իմ հարցազրոյցին։

 

Այդ յօդուածի մէջ հեղինակը իբրեւ թէ կը ներկայացնէ Արցախի անկախութեան վերաբերեալ իմ մօտեցումը։ Այդ մօտեցումը ներկայացուցած ենք բազմաթիւ առիթներով։ Սակայն թերեւս անհրաժեշտ է անգամ մը եւս այդ ամփոփ ներկայացնել։

Վստահ չեմ, որ պէտք արժեւորել մտաւորական աճպարարութեան օրինակներ, որոնք կ՚ արտադրուին ազնիւ լրագրութեան նկատմամբ ոչ մէկ յարգանք ունեցող աղբիւրէ մը։ Եւ ընդհանրապէս նման յօդուածներու չեմ պատասխաներ։ Այդ չեմ ըներ։ Այս պարագան բացառութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ։

Առաջին նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի վարչակարգի օրերուն մենք հետապնդեցինք նպատակներ, որոնք իրագործելի էին։ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խնդրի լուծումը միայն մեր լաւագոյն մաղթանքներէն կախուած չէր։ Յստակ էր, որ Ազրպէյճանէն անդին, Ղարաբաղի անկախութիւնը անընդունելի էր միջազգային հանրութեան, ներառեալ մեր «բարեկամներուն» համար։ Ռ. Քոչարեան, Ս. Սարգսեան եւ Ն. Փաշինեան վարչակարգերու 23 տարիներու ընթացքին տարուած քաղաքականութիւնը, որը կը հետապնդէր անկախութեան ճանաչումը արձանագրած տեսնել փաստաթուղթի մէջ՝ այդ պայմաններու տակ,  ցոյց տուին մեր մօտեցման իմաստութիւնը։  Առանց անմիջականօրէն վրդովմունք յառաջացնող հարցերու լուծման՝ անկարելի նպատակի հետապնդումը գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր, որ անխուսափելի դարձուց նոր պատերազմ մը. պատերազմ մը, որ կանխատեսելի էր եւ կանխատեսուած,  բայց որմէ կարելի էր խուսափիլ։

Մենք միշտ ալ պնդած ենք, որ Արցախի անկախութիւնը կարելիութիւն կը դառնայ միայն, երբ լուծած ենք անոր հետ կապուած որոշ հարցեր եւ կարգավիճակի խնդիրը կը թողնենք յետագայ փուլի մը, երբ պայմանները կրնան փոխուիլ եւ անկախութիւնը կրնայ վերածուիլ կարելի այլընտրանքի մը։ Մինսքի Խումբին կողմէ ներկայացուած սեպտեմբեր 1997ի առաջարկութիւնը մեզ տուաւ այդ հնարաւորութիւնը։ Սակայն այդ առաջարկութիւնը խափանուեցաւ Ռ. Քոչարեանի, Ս. Սարգսեանի եւ Վ. Սարգսեանի ծանօթ քայլով։

Անկախաբար այդ բոլորէն, նոյնիսկ եթէ այդ մեդիայի՝ մեզ վերագրած խեղաթիւրուած դիրքորոշումը  ճիշդ է, նման դիրքորոշման արդիւնքը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար մեզ համար եւ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ներկայացներ կարգավիճակի հարցի լուծման համար, քան այն, ինչ մեզ տուաւ կարգավիճակի անմիջական լուծման պահանջը, երբ դա անկարելի բան էր եւ կ՚ առաջնորդէր դիւանագիտական փակուղիի։

 

Ժիրայր Լիպարիտեան

պատմաբան, պրոֆեսոր, դիվանագետ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031