Ըստ թրքական Gazeteduvar կայքին՝ Վասպուրական նահանգին մէջ, աշխարահռչակ հայ արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան) յիշատակին կառուցուած շատրուանը դարձեալ պղծուած է անյայտ անձերու կողմէ:
Շատրուանը կառուցուած է Սեւիլ Ռոճպին Չեթինի օրօք, որ քաղաքապետ ընտրուած էր այժմ գոյութիւն չունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն:
Յուշարձանը նախապէս քանի մը անգամ յարձակումնի ենթարկուած էր:
Քաղաքապետ Չեթին հեռացուած էր պաշտօնէն եւ բանտարկուած էր ահաբեկչութեան մեղադրանքով: Չեթինը փոխարինած է կառավարութեան կողմէ նշանակուած պաշտօնեան, որ դէմ չէ դրած շատրուանին վրայ յարձակումներուն: Ժամանակի ընթացքինն անոր չորս կողմի ծորակները վնասուած եւ խցանուած են, իսկ Կորքիի անունը քերուած է:
Կարդացեք նաև
Նորագոյն յարձակումին ընթացքին անհետացուած են Կորքիի կեանքի պատմութիւնը պատմող ցուցանակները:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում:


















































