Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Կը մնայ դասեր քաղել Արցախի ժողովուրդի կեցուածքէն, կը մնայ հայութեան ողջմիտ, միակամ կեցուածքը, հեռու ֆէյսպուքեան խեղկատակութենէ». Սեւակ Յակոբեան

Նոյեմբեր 01,2022 14:50

Սոչիի մէջ երէկ ընթացք առաւ եռակողմանի հանդիպում մը Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի, ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ, որ ճակատագրական է ու պատմական ազգային առումով:
Ներազգային մեր թեթեւսոլիկ պահուածքը սակայն մնաց նոյնը: Ընկերային համացանցը ամբողջ օրը ողողուած էր սոյն նկար(ներով)՝ կցուած կամ առանցին:

«Հետաքրքրական» էին մեկնաբանութիւնները, որոնք բաժնուած էին հիմնական երեք դասակարգի.
Ընկերային համացանցի իշխանամէտ օգտատէրերն ու իշխանական ֆէյքերը, աճապարած էին հրճուանքով մեկնաբանելու, թէ նախագահ Փութին բռնած է Վարչապետ Փաշինեանին հովանոցը…:

Ռուսամէտ, նաեւ հակառուս օգտատէրերը նոյնպէս անմասն մնացած չէին մեկնաբանելէ: Ռուսամէտները հպարտ էին, թէ Հայաստան Ռուսիոյ հովանիին տակն է: Հակառուսերը կսկիծով անդրադարձած էին նոյն երեւոյթին մասին…:

Ընդդիմութեան շարասիւնը իր կարգին մեկնաբանած էր, թէ Փաշինեանը հովանոց մը իսկ չունի համեմատած Ալիեւին…:

Նման զաւեշտ ու համացանցային քաշքշուք տարօրինակ չի սեպուիր բնական պայմաններ ապրող ժողովուրդի մը համար, սակայն մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին ապրած այսօրուայ պայմաններուն մէջ, սոյն թեթեւամիտ երեւոյթն ու հարցերուն մօտեցումը աւելի քան զզուելի է:
Զուգահեռ իրականութիւններ ապրող ու ողջմտութիւնը ատենէ մը ի վեր կորսնցուցած ազգի մը վառ օրինակն է սա: Ժողովուրդ մը, որուն առաջնահերթութիւնները այնքան տարբեր են, մինչ հիւմըրը չափազանց ցածորակ:

Այս է վիճակը մինչ, Սոչիի մէջ կը վճռուի Արցախի ու անոր քաջարի ժողովուրդին ճակատագիրը, ուր հրապարակուած եռակողմանի յայտարարութեան մէջ ի դէպ, ոեւէ բառ չկար Արցախի ինքնորոշման մասին: Իրականութեան մէջ սակայն պէտք չէր նման բացայայտ բան սպասել: Ուրախալին այն է, որ յայտարարութեան շարադրանքին մէջ կան հատուածներ, որոնք կրնան նախ ապահովել ռուս խաղաղապահներու երկարատեւ կեցութիւնը Արցախի մէջ, բան մը, որ ժամանակ շահիլ է յօգուտ մեզի, ինչպէս նաեւ յայտարարող պաշտօնատարներուն կողմէ կերպով մը պաշտօնական հաստատում, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին:

Հիմնուելով այս բանին վրայ, կարելի է ըսել, որ Հոկտեմբեր 31-ին (Սոչիի յայտարարութեան նախօրէին) Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հզօր հանրահաւաքը ժամանակին էր եւ աւելի քան կարեւոր:

Կը մնայ դասեր քաղել Արցախի քաջարի ժողովուրդի կեցուածքէն ու ընդօրինակել զայն յօգուտ ազգային համընդհանուր Զարթօնքի:
Արդարեւ Արցախը, Հոկտեմբերի 31-ին իր գործնական եւ ուժգին խօսքը ըսաւ: Կը մնայ Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան ողջմիտ, քաջ եւ միակամ կեցուածքը, հեռու ֆէյսպուքեան խեղկատակութենէ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930