Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Արցախը Կը Սպասէ Մեր Արձագանգին»․ Կոչ Լիբանանահայութեան

Օգոստոս 25,2023 23:43

Լիբանանահայութիւնը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հարազատ նեցուկը Արցախին

Վստահաբար, բոլորիս ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի Արցախ եւ արցախահայութիւն, որուն անվտանգութիւնը ապահովելու հրամայականը մեզ կը հրաւիրէ արթնութեան ու նոր զոհաբերութիւններու:

Այո՛, լուրերը ծանր են ու չարագուշակ, եւ բոլորս գիտենք, թէ Ազրպէյճանը, գազանական կիրքով տարուած, աւելի քան 250 օրէ ի վեր փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան ու պատրաստ է դժոխային միջոցներով բնաջնջելու իր հողին կառչած Արցախի ափ մը ժողովուրդը: Եթէ իրական են մեզի հասնող լուրերը, ապա, Արցախը հասած է կորուստի դռներուն եւ արցախահայութիւնն ալ կը գտնուի նահատակութեան սեմին:

Արդարեւ, անցնող քանի մը ամիսներուն կացութիւնը այնքան ծանր եղաւ արցախահայութեան համար, որ տեղահանութեան, սովի, նոր ջարդերու ու ցեղասպանութեան կարելիութիւնները սկսան դարձեալ ուրուագծուիլ մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Կարիք կա՞յ գուշակելու, թէ այս ընթացքով ի՛նչ տեսակ եղեռական վախճան կրնայ ունենալ Արցախի 120,000 հաշուող ազգաբնակչութիւնը:

Անկասկած, բոլորս գիտենք, թէ վերջին պատերազմներուն հետեւանքով, Արցախը դարձեալ մասնատուեցաւ ու թալանուեցաւ, եւ Լաչինի միջանցքին փակումով, իրողապէս նաեւ Հայաստանէն անջատուեցաւ: Սակայն, այս առիթով, նախ արդարօրէն կ՛ըսենք, թէ անբնական ու զարտուղի կացութեան մը դիմաց կը գտնուինք բոլորս: Արդարեւ, տակաւին չենք կրնար հասկնալ, թէ հերոսական յաղթանակներով վերընձիւղած Արցախը ինչպէ՞ս կքեցաւ եւ հասաւ անէացումի սեմին: Տակաւին չենք կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէ՞ս քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն դիմաց, իր սեփական հողին վրայ ապրող իրաւատէրը դարձաւ իրաւազուրկ եւ մասնաւորաբար, տակաւին չենք կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ կասկածելի լռութեան մատնուած են Հայաստանի մեր քոյրերն ու եղբայրները:

Սիրելի՛ լիբանանահայ հարազատներ,

Ի հեճուկս մեր ապրած բոլոր կսկիծներուն ու ցաւերուն, պարտաւոր ենք կացութիւնը ըմբռնել ամբողջական իրականութեամբ ու պարտաւոր ենք նաեւ անդրադառնալ, թէ Արցախի ազատ ու անկախ կարգավիճակին յարատեւութեան լաւագոյն երաշխիքը մեր ժողովուրդին միասնականութիւնն է:

Հետեւաբար, ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդին կը թելադրենք, որ նախ լսեն Արցախի իսկական իրաւատէրերը:

Հակառակ իրենց դիմագրաւած ողբերգութիւններուն, Արցախի մեր եղբայրն ու քոյրը կը շարունակեն օրինակելի խիզախութեամբ մեզի թելադրել, որ ոչ մէկ կասկած ունենանք Արցախի հայկականութեան նկատմամբ եւ ոչ մէկ ընկրկում արձանագրենք ազատ Արցախը պահպանելու գործին մէջ: Հետեւաբար, այնքան ատեն, որ Արցախը նահանջ չի թելադրեր եւ այնքան ժամանակ, որ հայրենի հողը պաշտպանելու պատրաստակամութիւն ունեցողներ կան մեր ազգի ծոցին մէջ, մենք պարտաւոր ենք առաւելաբար դիմելու մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ապահովող մեր հաւատքին, մեր սեփական արժէքներուն եւ ուժին:

Լիբանանահայութիւնը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հարազատ նեցուկը Արցախին: Լիբանանահայութիւնը նաեւ լաւապէս կը գիտակցի, թէ այսօր արցախահայութիւնը առաւելաբար կը սպասէ իր արձագանգին:

Ուստի, խափանելու համար արցախահայութեան մահն ու հայրենի հողին կորուստը, այսու կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատաւոր զաւակներուն, որպէսզի մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն ճամբով, անյապաղ ձեռնարկեն նոր աշխատանքի: Ճակատագրական այս պայմաններուն մէջ, պարտաւոր ենք գործնականօրէն ցոյց տալ, թէ հայրենի հողը պահելու ու պաշտպանելու սրբազան նպատակին համար, լիբանանահայութեան կեցուածքն ու պատրաստակամութիւնը կը մնան ամբողջական, անվերապահ ու անսակարկ:

Մեր ժողովուրդը պէտք է լաւ ըմբռնէ, թէ Արցախը պապենական հող է եւ նուիրական աւանդ: Այդ իսկ պատճառով, Արցախի հայերը արդարօրէն չեն ուզեր արմատախիլ ըլլալ իրենց բնօրրանէն: Հետեւաբար, ի խնդիր նոյնինքն Հայաստանի անկախութեան պահպանումին, մենք ալ չենք կրնար առիթ տալ, որ նուիրական այդ աւանդը անտարբերութեամբ յանձնուի թշնամիին:

Արցախը, ուր տակաւին կեանքը նոր կը սկսէր վերընձիւղիլ, պէտք է մեր մասնակցութեամբ եւ ազատութեան պայմաններու մէջ յարատեւէ ու բարգաւաճի եւ արցախահայութիւնն ալ ինք որոշէ իր կեանքին ընթացքը եւ զայն իրականացնէ արժանապատուութեամբ ու իր սեփական իրագործումներով: Ուստի, ոչ միայն Լաչինի միջանցքը պէտք է վերաբացուի, այլեւ համազգային նոր խոյանքով, Արցախն ու արցախահայութիւնը ընդմիշտ պէտք է փրկուին Ազրպէյճանի ստրկացնող գերիշխանութենէն:

Հայրենի հողը հրաշագործ զօրութիւն է ու ամրախարիսխ պատուանդան իր հաւատաւոր զաւակներուն համար: Այդ հողն է, որ քաջութիւն կու տայ եւ յաղթանակներ կը պարգեւէ հայրենանուէր իր զաւակներուն ու այդ հողին վրայ թափուած արդար քրտինքն է, որ կեանք կը պարգեւէ հայրենի հողին:

Ներկայ անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւններուն դիմաց, աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուած ամրութիւն ու խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախին ու մեր հայրենիքին, մեզի շնորհէ խոհեմ եւ վճռականութեան տէր առաջնորդներ, որպէսզի հաւաքական մեր նուիրումով նոր արշալոյսներ բացուին մեր ժողովուրդին դիմաց, եւ մենք ազգովին հասնինք մեր անկատար տենչերուն ու երազներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031