Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սահմաններու ապահովութեան միակ երաշխիքը հայկական հզօր եւ մարտունակ բանակի ներկայութիւնն է

Օգոստոս 14,2014 10:02

Հարցազրոյց ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ Յակոբ Տիգրանեանի Հետ:

– Ինչպէս կը գնահատէք վերջին շրջանին տեղի ունեցած բախումներն ու լարուածութիւնները:

– Ատրպէյճան կը միտէր սահմանները թէժացնել եւ աստիճանաբար սրելով իրաւիճակը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ առաւելութիւններ եւ նախաձեռնողի դիրք ձեռք բերել: Պէտք է ընդունիլ, որ այս լարուածութիւններն ու բախումները ամիսներէ ի վեր կան, պարզապես վերջին շաբաթներուն սաստկացան եւ հայկական կողմը պարտադրուած լիարժեք պատասխաններ տուաւ:

Հայ ժողովուրդը խաղաղասէր է եւ կողմնակից բանակցութիւններու միջոցաւ լուծումներ գտնալու: Ատրպէյճանի իշխանութեան համար առնուազն միամտութիւն է հաւատալ, որ զէնքի ուժով կարելի է լուծումի հասնիլ:

– Ձեր կարծիքով անմիջական ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին:

– Նկատի ունենալով իրավիճակի լրջութիւնը,իմ կարծիքով առաջին հերթին անմիջապէս Հայաստանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, ըլլան անոնք ընդիմադիր թէ իշխանական, պէտք է դադար տան ներքին քաղաքական պայքարին: Այս առնչութեամբ ողջունելի էր պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի Նախաձեռնութիւնը:

Մենք պարտաւոր ենք ցոյց տալ թշնամիին, թէ որքան ալ ներքին հարցեր ունենանք, վտանքի պահուն միակամ ենք եւ մէկ բռունցք: Բոլորս պետք է աչալրջօրէն հետեւինք զարգացումներուն եւ միասնականօրէն դիմագրաւենք ներկայ հանգրուանը:

Երկրորդ Հայաստանի դիւանագիտական կառոյցը պէտք է աւելի աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալէ: Մենք պարտաւոր ենք միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնել Ազերիական բոլոր սպառնալիքներն ու ոտնձգութիւնները:

– Սոչի մէջ կայացած հանդիպումներէն որեւէ շոշափելի արդիւնք կը նախատես՞էք:

– Հանդիպումները կը միտէին լարուածութիւնները որոշ չափով մեղմացնել և երկխօսութեան նոր էջ բանալ: Հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող սպառնալիքներուն, գետնի վրայ հանդարտութիւնը զքալիորէն վերականգնուած է: Հոս պէտք է նշել, որ այս հանդիպումներու մեծագոյն ձեռբերումը եղաւ այն, որ վերահաստատուեցաւ՝ Ղարաբաղեան հարցը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը, որ նաև մշտապէս եղած է Հայկական կողմի ցանկութիւնը:

– Դուք լայնածավալ պատերազմի հնարաւորութիւն կը տեսնէ՞ք:

– Անկասկած պատերազմ սկսելու վտանգը միշտ առկայ է, այնքան ատեն, որ թշնամին նպատակ դրած է Ղարաբաղի հարցի լուծումը զէնքի ուժով պարտադրել, փոխանակ խաղաղ ճանապարհով լուծման հասնելու: Ատրպէյճանի վերնախաւը ատելութեամբ լեցուած է եւ ամէն օր սպարնալիքներ կը հնչեցնէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի հասցէին, բան մը որ դէպի պատերազմ առաջնորդող կարեւոր հանգամանք կրնայ հանդիսանալ:

– Իսկ որն է դէպի լուծում առաջնորդող ճանապարհը:

– Ատրպէյճանը վերջապէս պէտք է հասկնայ, որ որքան ալ քարիւղէն ձեռք բերուած գումարներով սպառազինուի, միեւնոյնն է, պատերազմի միջոցով Ղարաբաղեան հարցը պիտի չկարենայ լուծել: Միակ ելքը բանակցութիւններու միջոցաւ հարցին վերջնական լուծման հասնիլն է, անպայմանօրէն բանակցութեան որպէս կողմ ունենալով Արցախի իշխանութիւնները:

Մինչ այդ, սահմաններու ապահովութեան միակ երաշխիքը հայկական հզօր եւ մարտունակ բանակի ներկայութիւնն է:

ՍԴՀԿ մամուլի հաղորդագրություն

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031