Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եթէ դրական նշաններ չըլլան, կրնամ հրաժարական տալ. Գարեգին Արք. Պէքճեան. «Ասպարեզ»

Մայիս 03,2017 11:07

ՊՈԼԻՍ.- Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան, որ ներկայիս Գերմանիա կը գտնուի, «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահի պաշտօնէն հրաժարելու մասին խօսելով՝ յայտնած է. «Նախքան տեղապահ ընտրուիլս չէի ենթադրեր, որ նման կացութեան առջեւ պիտի յայտնուիմ, ու այսօր եթէ որոշ կողմերու կառավարական մարմիններուն հետ ունեցած շփումները դրական արդիւնքներու չյանգին, ապա ես կրնամ իմ հրաժարականը տալ»:

Պոլսոյ պատրիարքարան հաստատուելու մասին կայքին ուղղած հարցումին, սրբազան հայրը պատասխանած է. «Ճիշդը ես ալ չեմ գիտեր, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ վիճակը բաւական խառն է»՝ հաստատելով, որ այս «խնդիրին ելքը կը գտնուի Թուրքիոյ կառավարութեան ձեռքը»:

Ըստ սրբազանին՝ ներկայիս Պոլսոյ մէջ որոշ կողմեր, այս կապակցութեամբ կառավարական մարմիններուն հետ խօսակցութիւններու մէջ են:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ շաբաթ Հայաստան պիտի մեկնի եւ Մայր Աթոռին մէջ հանդիպում պիտի ունեայ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Նշենք, որ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքի թիւ մէկ խնդիրը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլի առթիւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին ուղղած պատգամին մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը նոր փուլ մը բնորոշած է այս խնդիրին առումով: «Թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի կամ կրնայ ունենալ Էրտողանի ակնարկութիւնը: Այս հարցը վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի կը քննարկուի համայնքային շրջանակներէն ներս՝ առկայ անորոշ վիճակի յաղթահարման որոնումներու մթնոլորտին մէջ: Ակնյայտ է, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս տեղաշարժ մը ապահովել կարելի պիտի ըլլայ, եթէ գտնուի համադրութիւն մը մեր եկեղեցական կանոններուն, Պոլսոյ Աթոռի նախընթացներուն եւ պետութեան սպասումներուն միջեւ: Այս ամբողջին տեսակէտէն առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած ակնարկութիւնը», կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը՝ աւելցնելով. «Այս առումով հիմա ի՞նչ կարելի է ակնկալել եւ ինչպէ՞ս պէտք է գործել պատրիարքարանին շուրջ ստեղծուած թնճուկի յաղթահարման համար: Այս նիւթին շուրջ զրուցեցինք Արամ արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպս. Մաշալեանի հետ»:

 

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031