Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայրենի ժողովուրդին համար յեղափոխութիւնը կը շարունակուի իշխանափոխութենէն ետք. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 15,2018 10:37 Share

Եթէ Հայաստանի մէջ եղած ապաստամբութիւնը պիտի շարունակուի ու զարգանայ իբրեւ յեղափոխութիւն, այդ պարագային՝ ազգային արժէքներու պահպանման կողքին, պիտի ակնկալենք տեսնել համակարգային արմատական փոփոխութիւն երկրի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին մէջ: Համակարգային այս փոփոխութիւնն է, որ իմաստ կու տայ յեղափոխութեան եւ իր հետ կը բերէ նաեւ ժողովուրդի կենցաղային ու քաղաքական մտածելակերպի հիմնական զարգացումները:

Խորհրդածութեան երկու կէտ կ՛արժէ մէջբերել հոս: Մէկը պահպանողական մօտեցումն է, որ առաւելաբար կը կառչի շարունակականութեան միտքին եւ կը բացատրէ, որ յեղափոխութիւնները հիմնական ազդեցութիւն չեն ներկայացներ կեանքի հոլովոյթին մէջ: Այս միտքը համոզուած է, որ ժամանակի ընթացքին զարգացող կեանքի հոլովոյթը բնականաբար կը ճշդէ այն, ինչը փոփոխելի է: Առաւելագոյն պարագային, յեղափոխութիւնը իշխանափոխութիւն կը բերէ միայն, իսկ կեանքը կը շարունակուի իր ընթացքին մէջ: Հետեւաբար, անոնք, որոնք իշխանափոխութեամբ կը գոհանան, հիմնականին մէջ կը ծառայեն պահպանողական միտքին եւ նոյնիսկ ու յաճախ կը ներկայացուին իբրեւ հակայեղափոխականներ:

Յեղափոխութեան տարբեր մեկնաբանութիւն ունի արմատական մօտեցումը: Այս միտքը կառչած կը մնայ համակարգային հիմնական փոփոխութիւններու կարեւորութեան: Կառչած կը մնայ նաեւ ենթակառոյցին ու մարդ անհատի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական առօրեայ կեանքին մէջ հիմնական բարեփոխութիւններու անհրաժեշտութեան: Հոս կ՛արժեւորուի յետ-իշխանափոխութիւն յեղափոխութիւնը, ուր պետական կառոյցները, ըլլա՛ն անոնք տնտեսական, թէ քաղաքական, ուղղակի կը շաղկապուին ու կը գործեն ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ: Այսպէս, երկրի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինները, ինչպէս նաեւ տնտեսական հաստատութիւնները, իշխանափոխութենէն ետք արմատական կամ յեղափոխական փոփոխութիւններ կ՛իրականացնեն համակարգէն ներս: Գործնականին մէջ, ժողովուրդին առօրեայ կեանքը զարգացնող օրէնքներ կ՛անցընեն ու կը գործադրեն:

Հետեւաբար, հայրենի ժողովուրդին համար յեղափոխութիւնը կը շարունակուի իշխանափոխութենէն ետք: Իսկ տօնակատարութեան արժանի՛ ապստամբութիւնը կ՛ըլլայ յեղափոխութեան առաջին քայլը:

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031