Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ներկան նոր ռազմավարութիւն կը պարտադրէ, աւելի մարտական եւ առաւելագոյնս հուժկու․ ՌԱԿ

Հոկտեմբեր 03,2020 17:28
rak

Սեպտեմբեր 27, 2020-ին սկսած պատերազմը աննախադէպ եւ բազմաբնոյթ է, տարբեր առումներով։
Թշնամի Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ անմիջական, ակնյայտ ներգրաւուածութեամբ, սպառազինութեան մատակարարումով եւ ուղղորդութեամբ կը յարձակի մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին վրայ, աւելի առաջադէմ եւ արդիական ռազմական կարողութիւններով, թէկուզ՝ զինուորական խիզախութեան եւ կարողականութեան բացակայութեան պայմաններուն։
Եղածը յստակ, ուղղակի եւ համակողմանի յայտարարուած պատերազմ է ընդդէմ ամբողջ հայ ազգին՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի, որ տեղի կ’ունենայ մեր պատմական հայրենիքի՝ ազատ եւ անկախ Արցախի մայր հողին վրայ։
Արցախի ժողովուրդը ակնյայտօրէն կանգուն, իր մարտունակութեամբ եւ քաջութեանբ կը մարտնչի եւ կ’ոչնչացնէ թշնամին, բոլոր իմաստներով։

Մայր Հայաստանը ժայռի ամրութեամբ եւ բացարձակ արհեստավարժութեամբ կը դիմակայէ Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ վարձկան միաւորները՝ պատերազմի դաշտին մէջ, դիւանագիտական սեղանին շուրջ եւ կամ միջազգային լրատւութեան ճարտարութեամբ։
Զարգացումները կը յուշեն նոր եւ երկարատեւ պատերազմի սկիզբ մը՝ Արցախի, Հայաստանի եւ համայն հայութեան դէմ։
Սփիւռքը իր ամբողջութեամբ՝ կառոյցներով, հիմնարկներով կազմակերպութիւններով, հինգ ցամաքամասերու մէջ ապրող սփիւռքահայերով պէտք է աշխոյժօրէն միաւորուի եւ նոյնպէս պայքարի հնարաւոր բոլոր միջոցներով։ Իւրաքանչիւր համայնք մարտավարական գունդ պէտք է դառնայ։ Սփիւռքը պէտք է պայքարի օտարալեզու թղթակցութիւններով, տեղական քաղաքան յարաբերութիւններով, տեղական ընկերային ցանցերու արշաւներով եւ բոլոր հնարաւոր միջոցներով՝ թիրախաւորելու եւ չէզոքացնելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կենսական գործիքակազմը, աշխատացեւը եւ հնարաւորութիւնները։

Մինչ օրս եղած մեր համասփիւռքեան աշխատանքը արդէն ժամանակավրէպ է եւ պահն է գիտակցելու, որ ներկան նոր ռազմավարութիւն կը պարտադրէ, աւելի մարտական եւ առաւելագոյնս հուժկու։
Թուրքիան միայն մեր անցեալի թշնամին չէ այլ նաեւ այսօրուայ եւ վաղուայ թշնամին ալ է, բացայայտօրէն։ Սփիւռքի ընելիքները նոր կողմնորոշում եւ հրահանգ կը ստանան՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ եղած յարձակումներու այս նոր ձեւաչափէն թելադրուած։
Արդ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործօնները բոլոր հնարաւոր միջոցներով պէտք է ոչնչացուին։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031