Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բողոքի մեծ ցոյցեր կը սպասուին Պէյրութի մէջ. Միշէլ Աուն կը փորձէ նոր օրակարգ թելադրել

Հուլիս 18,2015 11:02

Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար (1984-1988) Զօր. Միշէլ Աուն (80 տարեկան) կը փորձէ քաղաքական նոր օրակարգ թելադրել: Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք» շարժումին անդամները անցնող Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ բողոքի հաւաքներ կը կատարեն Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ: Աունի հետեւորդներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են: Անոնք կը պահանջեն քաղաքական իրավիճակի բարելաւում եւ կը յայտարարեն, որ անտեսուած ըլլալով կ’ենթարկուին անիրաւութեան:

Իրենց պահանջներուն մէջ եւս կայ երկրին համար նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգը: Միշէլ Աունի կենսագրութիւնը ագուցուած է Լիբանանի վերջին գրեթէ 30 տարուան քաղաքական կեանքին հետ: Քրիստոնեայ այս ղեկավարը առաջին անգամ քաղաքական բեմահարթակ կը մտնէր Սեպտեմբեր 1988 -ին երբ երկրի նախագահ Ամին Ժըմայէլ իր նախագահական նստաշրջանին աւարտին Աունը կը կարգէր երկրի վարչապետ: Ան կը ստեղծէր զինուորական կառավարութիւն եւ անոր այդ որոշումին դիմաց երկիրը կը յայտնուէր բաժանման եզրին: Լիբանանի պատմութեան այդ հատուածը արիւնով ու պատերազմներով ուրուագծուած հանգրուան է:

Lebanese Christian leader and head of the Free Patriotic Movement (FPM) Michel Aoun waves his hand after meeting Lebanon's President Michel Suleiman at the presidential palace in Baabda, near Beirut, during the start of the two-day parliamentary consultations to choose a new prime minister in this January 24, 2011 file photo. Aoun said he escaped an assassination attempt when his convoy came under fire in southern Lebanon. Aoun was returning to Beirut in the evening of September 22, 2012 when one of the cars in his convoy was shot at in the mainly Sunni city of Sidon, a statement on the FPM website said. REUTERS/Mohamed Azakir/Files    (LEBANON - Tags: POLITICS)

Այդ օրերուն էր, որ բանակի հրամանատարը պատերազմ կը յայտարարէր Լիբանանը «գրաւած» սուրիական բանակին ու Սուրիոյ այդ օրերու նախագահ Հաֆէզ Ասատին դէմ: Գրաւած բառը ստիպուած եղայ չակերտներու մէջ տեղադրել, որովհետեւ սուրիական «բաժանարար» զօրքերը Լիբանան հասած էին լիբանանցիներու մեծ տոկոսին խնդրանքով: Այդ ուժերը ունէին նաեւ համաարաբական զօրակցութիւն: Այդ հանգրուանին էր, որ Սուրիան Լիբանանի մէջ որոշիչ դեռ ունենալու բոլոր տուեալները ունէր: Երկիրը քաոսի մէջ էր եւ սուրիական զօրքերը խաղաղութիւն «պարտադրելէն» անդին երթալով ու «բաժնէ որ տիրես»ի ոճը կ’իրառելով ժխտական դեր կ’ունենային Լիբանանի քաղաքացիական պատաերզմի ամէնէն արիւնոտ փուլին ընթացքին: Սուրիական բանակին դէմ իր շղթայազերծած պատերազմէն առաջ Աուն երկրի բանակի ամէնէն ընտրեալ զօրամասերով կռիւներ մղած էր քրիստոնէական «Լիբանանեան ուժեր»ուն դէմ: Կռիւը խորքին մէջ քաղաքական բնոյթ ունէր: Մարոնի ղեկավարը (Լիբանանի նախագահը պէտք է ըլլայ Մարոնի համայնքի անդամ) իր բոլոր ճիգերը կը գործադրէր իրեն մրցակից բոլոր ուժերը տարանջատելու եւ հաւանական բոլոր թեկնածուները չէզոքացնելու համար:

Կռիւները բաժանումի կը տանէին քրիստոնէական բոլոր շրջանները ու այս կռիւի վնասներէն անմասն չէին մնար նաեւ տեղի հայերը: Պատերազմի այդ ծանր ռաունտէն ետք Աուն, որ յայտնի էր իր հակասուրիական կեցուածքներով այս անգամ հրացանը կ’ուղղէր Հաֆէզ Ասատի ու անոր Լիբանան հաստատուած (գրեթէ 1978-էն սկսեալ) սուրիական ուժերուն դէմ: Անահաւասար պատերազմին հետեւանքով բանակի մեծ թիւով զինուորներ կը սպանուէին: Սուրիական բանակը ամերիկեան կանաչ լոյսով զինուելէ ետք օդային հարուածներ կը հասցընէր Պաապտայի նախագահական պալատին դէմ: Մարտերը կը դադրէին 13 Հոկտեմբեր 1990-ին եւ Աուն ստիպուած կ’ըլլար պալատէն հեռանալ ու ապաստանիլ Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատուն որմէ ետք 15 տարի Փարիզի մէջկը վարէր քաղաքական աքսորեալի կեանք: 7 Մայիս 2005-ին (երբ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան ֆոնին վրայ ստեղծուած իրավիճակին հետեւաքով սուրիական ուժերը արդէն հեռացած էին Լիբանանէն) Աուն կը վերադառնար Պէյրութ: Քրիստոնեայ ղեկավարը, որ երկար տարիներ կը պայքարէր Սուրիական ուժերու Լիբնանան ներկայութեան դէմ մեծ ճիգեր գործադրած էր , որ ամերիկեան գոնկրէսէն ներս սուրիական ուժերու Լիբանան ներկայութեան դէմ օրինագիծ մը մշակուի ու ապա ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուի (որոշում թիւ 1559): Սակայն անոր վերադարձէն անմիջապէս ետք ան վերատեսութեան ենթարկելէ ետք իր հաշիւները ու յատկապէս բախուլէ ետք Սիւննի մեծամասնութեան («Ալ Մուսթաքպալ» հոսանք) իր հանդէպ ստեղծուած մերժումներուն 180 աստիճանով կը փոխէր իր քաղաքական դիրքորոշումները: Ան կը մեկնէր Սուրիա, նախնական համաձայնութիւն կը կնքէր նախագահ Պաշշար Ասատին հետ ու բեկումնային քայլով մը «համաձայնութիւններու թուղթ» մը կը ստորագրէր Իրանի ամբողջական նեցուկը վայելող ՝«Հըզպալլա»ին հետ:

Մինչ կարգ մը դէտէր այդ քայլը կը համարէին Լիբանանի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխիք, անդին երկրի միւս քրիստոնեայ (Սիւննիամէտ) հատուածները քայլը կը համարէին դաւաճանութիւն: Գրեթէ 15 ամիսներէ ի վեր Լիբանան կը մնայ առանց նախագահի եւ երկրին դիմաց կան տնտեսական եւ ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ: Բացի սուրիացի գաղթականներու տնտեսական եւ ապահովական բեռէն, երեւելի են նաեւ Լիբանան – Սուրիա ապահովական ամէնօրեայ խլրտումները: Ասոնցմէ զատ միջազգային վարկատու կազմակերպութիւններ նաեւ կը դժուրանան յաւելեալ վարկեր տալ երկրին, որովհետեւ այս իրավիճակին մէջ ուժեղ եւ կեդրոնական թիւ մէկ պատասխանատուի մը այսինքն՝ հանրապետութեան նախագահին չգոյութիւնը ընդհանուր իրավիճակը կը դարձնէ աւելի խախուտ ու վտանգաւոր:Ներկայ դրութեամբ երկիրը բաժանումներու այլ շրջանին մը մէջ է: Երեւելի է, որ ներ- քրիստոնէական համաձայնութեան մը ընդհանուր ուրուագիծը կայ: Պարզ է նաեւ, որ ինչպէս երէկ այսօր եւս իրանեան նեցուկ վայելող «Հըզպալլա»ն կը մնայ երկրի նախագական ընտրութեան գաղտաբառը ունեցող գլխաւոր կողմը: Ճիշդ է, որ գոյութիւն ունին ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու, Րիատի ու Փարիզի կարեւոր դերերը, բայց վերոնշեալ երկիրներուն համար այս պահուն Լիբանան առաջնահերթութիւն մը չէ: Լիբանանի քաղաքական կեանքի երկու որոշիչ կողմերը այսինքն Շիթթ «Հըզպալլա»ն եւ Սիւննի «Ալ Մուսթաքպալ»ը մինչ կը շարունակեն իրենց հերթական դարձած երխօսութեան նիստերը անդին Աուն կը փորձէ խաղի նոր կանոններ թելադրել: Լիբանանի այս իրավիճակը կրնայ պայթունավտանգ դառնալ հակառակ անոր, որ շրջանին մէջ հիմարար դեր ունեցող երկիրներ ամէն կերպ ճիգ կը գործադրեն, որպէսզի սուրիական պատերազմին կրակները Լիբանան չփոխադրուին: Րիատ, որ լուր կերպով կը հետեւի Պէյրութի մէջ գրանցուող զարգացումներուն մինչեւ այս պահը կը մնայ լուր:

Իսկ Սէուտական Արաբիոյ հովանիով գործող ուժերը՝ «Ալ Մուսթաքպալ» եգ 14 Մարտի ուժերը ցարդ վճռական կեցուածք չունին: Րիատ եւս բարդ խնդիրներու դիմաց է: Ծոցի երկիրներու կողքին Սէուտական Արաբիա կը սպասէ Ամերիկա – Իրան բանակցութիւններու արդիւնքներուն: Եթէ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուին Րիատ կրնայ իր դաշնակիցները «բարեխառն» լուծումներու յանգելու մղել իսկ եթէ բանակցութիւնները ձախողին բոլոր կողմերը պիտի փորձեն նոր վիճակ մը ստեղծել Լիբանանի մէջ:

Բնականաբար Լիբանանի վերջնական կայունութիւնը կախալ է Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծուէն: Եթէ սուրիական օրակարգին մէջ երեւելի փոփոխութիւններ չըլլան Լիբանան կրնայ նոյն օրինաչափութեամբ շարունակել գոյատեւել, առանց մեծ լուծումներ ունենալու եւ տեւական քաղաքական քաշքշուքներով: Կայունութիւնը թիւ մէկ թշնամի է Միշէլ Աուին եւ անոր խմբակիցներուն համար, որովհետեւ անոր նախագահական թեկնածու մնալու խնդիրը չի կրնար երկար տեւել: Այլապէս ալ երկրին մէջ գրանցուելիք որեւէ շարժում կրնայ դարձեալ ջուրի երես հանել իր անունը որպէս ուժեղ եւ հաւաստի նախագահի միակ թեկնածու:

«Նարնջագոյն զօրավարը» (տրուած ըլլալով, որ անոր գլխաւորած կուսակցութեան դրօշակին գոյնը ՝ նարնջագոյնն է), որ իր գրաւը դրած է գետնի իր ունեցած «ուժական» ներկայութեան վրայ կրնայ լուրջ խնդիրներու ականատես ըլլալ, եթէ «երրորդ կողմ» մը փորձէ օգտուիլ քաոսային իրավիճակներէն: Բացորոշ է, որ Աուն իր մտքին մէջ ունի մէկ նպատակ ու բոլոր այն հանգամանքները, որոնց մասին ան կը խօսի կրնան ջուրը նետուիլ, եթէ ան տիրանայ իր թեկնածուութեան դէմ եղողներուն համախոհութեան: Միւս կողմէ «Հըզպալլա, որ մինչեւ այս պահը կը հաւաստէ, որ իրենց համար նախագահի թիւ մէկ թեկնածուն կը մնայ Միշէլ Աունը կրնայ մէկ օրէն միւսը փոխել իր կեցուածքը եթէ նկատէ, որ Աունի նախագահ դառնալու յոյսերը կը մօտենան իրականութեան:

aoun   HAVAK###Կը խօսինք նախագահական ընտրութեան յոյսեր ունենալու մասին, ուր մնաց երբ Աունի անունին շուրջ Սիւնիի կանաչ լոյս մը երեւի: Աունի հետ «Հըզպալլա»ի անցեալի փորձառութիւնը (նկատի ունիմ 90-ականներու սկիզբը) ժխտական երանգներ չունի: Տարբեր աղբիւրներ կ’ըսեն, որ «Հըզպալլա» քանիցս օժանդակած է Աունի տիրապետութեան տակ եղող բանակին: Սակայն այս կէտերէն անդին Աուն զինուորական կերպար է: Անոր համար «սրբութիւն սրբոց» է բանակի գերիշխանութեան հարցը բան մը, որ կրնայ խանգարել «Հըզպալլա» բոլոր հաշիւները, որուն համար ոչ ուժեղ նախագահի մը ընտրութիւնը կը մնայ առաջնային: Լիբանանի մէջ համեմատաբար «թոյլ» նախագահի մը ընտրութիւնը կ’երկարաձգէ այդ կուսակցութեան տիրական ուժ ըլլալու հանգամանքը: Այս խճճուած վիճակին մէջ կարեւոր է նկատի առնել Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի կեցուածքները: Պըրրի, որ քաղաքական կարեւոր փորձառութեան եւ քաղաքական բոլոր օրակարգերուն մէջ վարպետ խուսանաւող մըն է, շատ ալ դրական չի համարեր Աունի նախագահ ընտրուիլը:

Ու չմոռնանք, որ Քրիստոնեայ նախագահի բացակայութիւնը զինք անհանգիստ չընէր: Ան նոյնպէս կը սպասէ սուրիական կնճիռի լուծման ու անկէ անդին իր մակարդակի բոլոր ղեկավարներուն պէս կը հետեւի Սիւննի- Շիիթ մեծ հակամարտութեան (Րիատ- Թեհրան) փոքր դաշտերուն (Սանհա, Պաղտատ, Դամասկոս) վրայ ընթացող փոփոխութիւններուն: Միշէլ Աուն իր համակիրներէն պահանջած է փողոց իջնել: Աունականներու առաջին փորձը կատարուեցաւ Հինգշաբթի օր եւ Աունի համակիրները բախումներ ունեցան վարչապետարանի ապահովութիւնը ստանձնած զինուորներուն հետ: Ի՞նչ կը պահանջէ Միշէլ Աուն: Եւ ի՞նչն է պատճառը, որ յատկապէս այս հանգրուանին ան բողոքի ցոյցեր կայացնելու կոչով հանդէս կուգայ: Տրամանաբանութիւնը կ’ըսէ, որ Աունի միակ եւ կարեւորագոյն պահանջը Պաապտայի նախագահական աթոռին տիրանալն է: Ու հակառակ անոր, որ Րիատ եւ Փարիզ քանիցս վէթո դրած են անոր նախագահ ըլլալուն դէմ բանակի նախկին հրամանատարը կը համարի ամէն գնով նախագահական աթոռը գրաւել: Բողոքի հաւաքները շատ կարեւոր քննութիւն են Լիբանանի համար: Հոն է, որ երեւան պիտի գայ Աունի Լիբանանեան գետինը շարժելու բաւարար կամքը եւ ներուժ ունենալը: Չմոռնանք նաեւ, որ Աուն իր տուած վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է երկրի Սիւննի վարչապետին եւ Հարիրիի առաջնորդած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքին դէմ: Ան կը սպառնայ երկրի տնտեսական բոլոր «սեւ» թղթածրարները բանալ ու խօսիլ գործուած սխալներուն եւ կաշառակերական «մեծ մեղք»երուն մասին:

Աուն անկեղծ է իր տեսակով բայց ճարպիկ չէ: Ան կրնայ մթնոլորտ հրահրել բայց կը մոռնայ պատմութիւնէն դասեր քաղել: Առ ի յիշեցում պէտք է արձանագրել, որ նոյն «նարնջագոյն զօրավար»ը մոռցաւ, որ ասկէ միայն ամիսներ առաջ «սիրալիր» բանակցութիւններ կը վարէր Սաատ Հարիրիի եւ անոր խմբակիցներուն հետ: Աւելին ան նաեւ կը մոռնայ, թէ ինչպիսի կեցուածքներ թոյլ տուած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի հասցէին,բայց այսօր ոգի ի բռին կը պաշտպանէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Կրկնելու գնով պէտք է ըսել, որ ներկայիս Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հիմնական գաղտաբառ թելադրողը «Հըզպալլա»ն է: Արդեօ՞ք «Հըզպալլա» իրապէս կը փափաքի Աունը տեսնել Պաապտայի նախագահական պալատէն ներս կամ թէ, տեղի ունեցող բողոքի ալիքին դիմաց «Հըզպալլա» հերթական անգամ պիտի փորձէ Աունի նախագահ դառնալու բոլոր յոյսերը ջուրին տալ ու սպառել: Սպասենք: Կարեւոր է նաեւ, որ ընթացող ցոյցերուն Լիբանանահայութեան քանի տոկոսը պիտի մասնակցի տրուած ըլլալով, որ Աունի զինակից համարուող լիբանանահայութեան կարեւոր մէկ հատուածը այդքան ալ խանդավառ չէ բողոքի հաւաքներ կայացնելու գաղափարով: Աունի համար միակ երազանքը Պաապտայի պալատ հասնիլն է: Ու հակառակ պատմական մեծ խարխափումներուն զօրավարը կը մնայ Քրիստոնեայ «ամբոխներու» սիրելի ղեկավար:

Արդեօ՞ք քրիստոնեաներու այս թեկնածուն պիտի ըլլայ երկրին համար փրչական գործ կատարող ու երկիրը ուժեղացնող նախագահ մը: Չմոռնանք, որ Լիբանան քաղաքական բրակմաթիզմին եւ շահարկումներու մեծագոյն աւազանն է շրջանին մէջ: Լիբանանցի գործիչները կրնան մէկ օրուան մէջ իրենց կեցուածքները փոխել: Հիմնական հարցը նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգն է ու չմոռնամ յիշեցնել, որ մէկէ աւելի արեւմտեան լրագրողներ հարցադրումներ տալով գրած են, թէ արդեօ՞ք ընտրուելիք նախագահը պիտի դառնայ Լիբանանի վերջին քրիստոնեայ նախագահը: Կարեւոր է այս հարցումը, մանաւանդ որ Լիբանանը արեւելքի միակ երկիրն է որուն նախագահը ըստ սահմանադրութեան պէտք է ըլլայ մարոնի քրիստոնեայ մը:

 Սագօ ԱՐԵԱՆ

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031