Լրահոս
Օրվա լրահոսը

1 Մարտ 2008. բռնիշխանութեան ամօթալի խարանը և քաղաքացիական խռովութեանց ծանրակշիռ դասը. «Ասպարեզ»

Մարտ 03,2018 13:13 Share

«Ասպարեզ». Մարտի առաջին օրը, տասը տարի առաջ, Հայաստանի համար աննախադէպ ողբերգութեան մը ականատեսը դարձուց ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, այլեւ՝ քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհը:

Փետրուար 2008ի վերջին գիշերուան ուշ ժամերէն սկսեալ, քաղաքացիական խռովութեանց եւ եղբայրասպան պատերազմի չարաբաստիկ ուրուական մը թեւածեց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակին ու շրջակայքին վերեւը, յատկապէս հարաւակողմը՝ Ալ. Միասնիկեանի արձանին մերձաւորութեամբ:

Հայութեան հետ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ցնցուեցաւ՝ ի տես ոչ միայն նոյն ազգի զաւակներուն՝ ցուցարարներու եւ զինուորականներու միջեւ արիւնալի բախումներու, այլեւ Երեւանի կեդրոնէն ներս վաճառատուններու եւ պատահական ինքնաշարժներու ջախջախման ու կողոպուտի տեսարաններուն, որոնք վայրկեանը վայրկեանին հեռարձակուեցան աշխարհի չորս ծագերուն:

Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդ ժողովրդավարութեան ճակատին ամօթի խարան մը եղան 1 Մարտ 2008ի խռովութիւնները՝ խորհրդանշելով քաղաքական բրտութեան խոցով ու ցաւով հիւանդագին գալարումը հայոց պետականութեան, ժողովրդավարական կարգերու կայացման դժուարին ճանապարհին:

Տակաւին այսօր եւս, երբ արդէն տասը տարուան հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ին՝ մեր հայրենիքը ծանրագոյն անձկութեան մատնած քաղաքացիական ողբերգութեան վրայ, ի վիճակի չենք ամբողջական եւ սպառիչ պատասխանը գտնելու այն մեծ հարցադրումին, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ այդպիսի գահավիժում մը մեր երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայաստանի առաջին նախագահին շուրջ խմբուած ուժերը ինչո՞ւ բիրտ ուժով իշխանութեան տիրանալու փորձ կատարեցին եւ, մանաւա՛նդ, ի՞նչ էր պատասխանատուութեան բաժինը Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն շուրջ խմբուած ուժերուն, այսինքն՝ օրուան իշխանութեանց եւ պետական կառոյցներուն, Մարտ 1ի խռովութեանց եւ զինեալ բախումներու հրահրումին մէջ:

Փաստօրէն դեռ մինչեւ այսօր թափանցիկ ու սպառիչ հաշուետուութեամբ տրուած չէ Մարտ 1ի խռովութեանց քաղաքական անկողմնակալ գնահատականը: Յատկապէս այդ նպատակով կազմուած խորհրդարանական խառն յանձնաժողովն անգամ, քանի մը անգամ երկարաձգելէ ետք իր աշխատանքի ամբողջացման ժամկէտը, ի վերջոյ սուսուփուս ձեռքերը լուաց եւ մէկ կողմ քաշուեցաւ, երբ չկրցաւ հիմնական հարցադրումին պատասխանը գտնել կամ… ներկայացնել հայ հանրութեան դատաստանին:

Անշուշտ դժուար չէր պարզել եւ դիւրին եղաւ ճշդել պատասխանատուութեան բաժինը բողոքի հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման ձեռնամուխ եղած քաղաքական ճամբարին, որ կը գլխաւորուէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ: Բայց նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգապէս ճշդել, թէ պաշտօնաւարտ նախագահ Ռ. Քոչարեանի եւ նորընտիր նախագահ Ս. Սարգսեանի իշխանաւոր ճամբարն ու ղեկավարած ուժային կառոյցները, իրե՛նք, որքանո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունեցան քաղաքացիական հակադրութեան եւ լարուածութեան՝ խռովարարութեան այդ աստիճան սրումին մէջ:

Մանաւանդ որ Մարտ 1ի եղբայրասպան ընդհարումները յանկարծակի չպատահեցան: 19 Փետրուարի նախագահական ընտրութեանց աւարտին հետ, անմիջապէս, ծայր առին նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեանի օգտին տրուած քուէներու 52 տոկոսի մեծամասնութան արդիւնքը վիճարկող, մերժող եւ բողոքարկող Տէր-Պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներն ու ցոյցերը: Շուրջ տասը օր շարունակուելով՝ այդ հաւաքներն ու ցոյցերը աստիճանաբար թափ ստացան եւ աւելի կարծր առճակատման հունի մէջ մտան՝ քաղաքացիական ընդհարման վտանգը անխուսափելի դարձնելով:

Նազարեթ ՊԷՐՊԷՐԷԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031