ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդիպում մը ունեցաւ հայ կրօնական առաջնորդներուն եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեանին հետ։ Հանդիպումը կազմակերպած էր Սպիտակ տան hաւատքի գրասենեակի ղեկավար Փoլա Ուայթ-Քէյն, համադրելով տնօրէն Ճենիֆըր Ս. Քոռնի հետ:
Ստորեւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Սուրէն Համբարեանի մեկնաբանութիւնը, այս ացելութեան առնչութեամբ․
Նմանօրինակ հանդիպումներ Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներուն հետ՝ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին հայ հաւատացեալներուն համար։ Ամերիկայի տարածքին մէջ բնակող հոգեւորականներ թէ աշխարհականներ խորապէս անհանգիստ են, տեսնելով Փաշինեանի կառավարութեան կայսերապաշտական յարձակումները՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան եւ անոր հոգեւոր ինքնիշխանութեան դէմ։
Սակայն բնականաբար, այսպիսի հանդիպումները չեն կրնար փոխարինել երկար տարիներու գործունէութիւն ունեցած քաղաքացիական հաստատութիւններուն երկխօսութիւնը նախագահական մակարդակի։ Անոնք կը ներկայացնեն Ամերիկահայ քուէները, եւ անոնք կը շարունակեն բարձրաձայնել հետեւեալ խնդիրները որպէս քաղաքական առաջնահերթութիւններ.-
Կարդացեք նաև
• Միացեալ Նահանգներու բացակայութիւնը՝ ապահովելու Արցախի գաղթականներուն վերադարձը, երաշխաւորելու հայ պատանդներուն ազատ արձակումը, դուրս քշելու ատրպէյճանցի զաւթիչները դուրս եւ քրիստոնէական սրբավայրերը պաշտպանելու ուղղութեամբ։
• Վարչակազմին կողմէ Ատրպէյճանին ամերիկեան զինամթերքի եւ ռազմական օժանդակութեան տրամադրման «կանաչ լոյս» վառելը (907-րդ յօդուածի սահմանափակումներու կասեցում) եւ ատրպէյճանցի պատերազմական ոճրագործները անպատիժ ձգելը։
• Նախագահին նահանջը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն՝ ոճիր մը, որ պաշտօնապէս ճանչցուած է Սպիտակ Տունի, Քոնկրէսի երկու պալատներուն, բոլոր 50 նահանգներուն եւ ՆԱԹՕ-ի աւելի քան մէկ տասնեակ դաշնակիցներու կողմէ։
• Եւ աւելի վերջերս՝ Պետական Քարտուղարութեան մերժումը՝ պաշտօնանկ ընելու ամերիկացի դիւանագէտ Էյմի Քարլընը, որ ցնծալով Ատրպէյճանի իրագործած հայոց բնաջնջումը, կը պարէր ցեղային զտումի ենթարկուած ու հայաթափուած Շուշիի մէջ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում


















































