Արցախի տագնապին բանակցային հոլովոյթին վերսկսման կապուած ենթադրութիւններուն եւ ընդհանրապէս հայկական ու ատրպէյճանական կողմերուն միջեւ վերջին շրջանին կատարուած անպաշտօն թէ պաշտօնական հանդիպումներուն շուրջ ծաւալած դիւանագիտական խօսակցութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն մէջ, ամէնէն նշանակալիցը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն է, որ ան ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Մինչ Պոլթըն կը յայտարարէր, որ Ալիեւի հետ շարք մը հարցերու, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութեան մասին խօսած է, անդին երեւանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վերահաստատէր, որ նախապէս Ճոն Պոլթընի հետ իր հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին հեռուէն կամ մօտէն Արցախի տագնապին մասին չէ խօսած։Պոլթըն զինք շնորհաւորած է Վարչապետ վերընտրութեան առիթով եւ երկուքը քննարկած են հայեւամերիկեան յարաբերութիւնները։
Հայաստանի վարչապետին հաւաստիացումը ընդունելու կամ չընդունելու խնդիր չկայ։ Հաստատումը կատարողը երկրին ղեկավարն է։ Առանց ուշադրութիւն կեդրոնացնելու Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակին՝ այսինքն Տաւոսի մէջ Փաշինեան- Ալիեւ յանպատրաստից հանդիպումէն ետք, կը մնայ գէթ յայտարարուածը ընկալել իբրեւ ապացոյց, որ Արցախը նիւթ չէ եղած։
Բայց հաղորդակցութիւններու այս շարքին կապուած հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ։ Պոլթըն, որ ըստ Փաշինեանի, Հայաստանի վարչապետին հետ ոչ մէկ պարագայի Արցախի տագնապը քննարկած է, ինչու՞ Ալիեւի քննարկած է Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը՝ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման ճիգերուն։ Հիմա խնդիրը երկու երես ունի։ Կամ այն է, որ Միացեալ Նահանգներու համար Ատրպէյճանը արդէն իսկ ճիգեր կը թափէ տագնապին խաղաղ լուծման համար, եւ նախագահին խորհրդականը ուզած է քաջալերել այս ճիգերը՝ յիշեցնելով ամերիկեան զօրակցութեան մասին։ Կամ ալ Միացեալ Նահանգներ նպատակայարմար նկատած են Ալիեւի յիշեցնելու, թէ Ամերիկա զօրակից է տագնապին խաղաղ լուծման։ Հետեւաբար ատրպէյճանցիք պէտք է բացառեն տագնապին զինուորական լուծում մը պարտադրելու ընտրանքը։
Լաւագոյնը եւ իրատեսականը բնականաբար երկրորդն է, որովհետեւ խօսք իսկ չկայ՝ տագնապին խաղաղ լուծման համար ատրպէյճանական քայլերու մասին։ Հորիզոնին վրայ նման բան գոյութիւն չունի։ Ուստի Պոլթընի հաւաստիացումը կ՛առնչուի ամերիկեան յիշեցման։
Ամերիկեան զօրակցութիւն՝ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման ճիգերուն։ Ահա բանաձեւում մը, որ կ՛արժէ քննարկել։
Ա․ Ա․
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում


















































