Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կարօ Փայլան. «Կը տեսնեմ, որ կարգ մը շրջանակներ շարժման անցած են զիս լռեցնելու համար»

Հոկտեմբեր 03,2020 01:51

Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի պատճառով շարունակուող լարուածութիւնը, դժբախտաբար, վերջին օրերուն կ՚ընթանայ դէպի պատերազմ։

Հակառակ ողջ աշխարհի հակամարտութեան դադարեցման ու հրադադարի կոչերուն, ԱՔՓ-ՄՀՓ դաշինքը բացայայտօրէն ռազմատենչ պահուածք մը որդեգրած է՝ մեր երկրի հարեւանները հանդիսացող Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ առկայ լարուածութեան դիմաց։

Իշխանութիւնը բացայայտօրէն պատերազմի քարոզչութիւն կ՚իրականացնէ՝ իր ռազմատենչ ընթացքով, Հայաստանի պետութեան դէմ բացայայտ թշնամական յայտարարութիւններով եւ նեցուկ ըլլալով պատերազմին՝ փոխանակ հրադադարի ու բանակցութեան կոչ ուղղելու երկու երկիրներուն։

Ըստ ՄԱԿ-ի քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքի համաձայնագրի 20-րդ յօդուածին, զոր ստորագրած է նաեւ Թուրքիա, եւ որ Սահմանադրութեան 90/4 յօդուածին համաձայն գերադաս է ներքին իրաւունքէն, «պատերազմի որեւէ քարոզչութիւն արգիլուած է օրէնքով»։ Իշխանութեան ներկայացուցիչները յանցանք կը գործեն՝ իրականացնելով պատերազմի քարոզչութիւն։

ՀՏՓ ու իր ներկայացուցիչները մշտապէս խաղաղութիւնն է որ պաշտպանած են։ Իմ ընկերներս ու ես, կեանքի ու քաղաքականութեան բոլոր ոլորտներէն ներս, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ընդդիմանալով պատերազմին, տեւապէս պաշտպանեցինք խաղաղութիւնը եւ պիտի շարունակենք պաշտպանել։

Այն բոլոր հարցերուն մէջ, ուր իշխանութիւնները կողմ էին հակամարտութեան, բռնութեան եւ ռազմի քաղաքականութեան, ինչպէս Էգէականի հարցը, Քրտական հարցը, Ղարաբաղեան հարցը, միշտ կողմ եղայ խաղաղ լուծման։ Հակամարտութեան առաջին պահէն իսկ, ջանք թափեցի փոխելու Թուրքիոյ դիրքը այս պատերազմին դիմաց, որու հետեւանքով հայ ու ատրպէյճանական ժողովուրդները պիտի ունենան մեծ կորուստներ։ Կատարած յայտարարութիւններուս մէջ կողմ եղայ միմիայն խաղաղութեան։

Այսօր ես ու իմ կուսակցութիւնը ԱՍԱՄ (Եւրասիական ռազմավարական հետազօրութիւններու կեդրոն) ստորագրութեամբ հրապարակուած ծանուցումով մը որպէս թիրախ ցոյց տրուեցանք, որովհետեւ խաղաղութիւն կ՚ուզէինք։ Ատելութեան խօսքով լեցուն ԱՍԱՄ-ի յայտարարութիւնը կատարողներու մասին դիմած եմ դատական գործընթացի։

Իշխանութիւնը ռազմական քաղաքականութեամբ մեր երկիրն ու ողջ տարածաշրջանը դէպի խաւար կ՚առաջորդէ։ Անոնք, որոնք պատերազմի փողեր կը հնչեցնեն, կը փորձեն լռեցնել խաղաղութեան ձայն բարձրացնել փորձողները։ Ինչ որ ալ ընեն՝ ես ու ընկերներս պիտի շարունակենք «խաղաղութիւն» գոչել։

Որովհետեւ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉՈՒՆԻ ՅԱՂԹՈՂ, ԻՍԿ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՐՏԵԱԼ։

Կը տեսնեմ, որ կարգ մը շրջանակներ շարժման անցած են զիս լռեցնելու համար։ Շատ լաւ գիտեմ, թէ ինչ կը նշանակէ այս յայտարարութիւնը։ Հակառակ այս իրողութեան, պիտի չնահանջեմ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ՝ պատերազմները կանխելու համար։ Անձիս դէմ հաւանական բոլոր յարձակումներուն պատասխանատուն, իշխանութիւններուն չափ, ԱՍԱՄ եւ նման կազմակերպութիւններն են, որոնք անցեալին պատահած ատելութեան յարձակումներուն ալ պատասխանատուներն էին։

Կոչ կ՚ընեմ բոլոր այն անձերուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք կը հաւատան խաղաղութեան, որպէսզի խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար բարձրացնեն իրենց ձայնը՝ ընդդէմ պատերազմի։

Կարօ ՓԱՅԼԱՆ

ՀՏՓ-ի փոխհամանախագահ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031