Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սալոնիկում ոգեկոչել են Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակը. «Ազատ օր»

Ապրիլ 22,2022 11:40

­ Յու­նաս­տա­նի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը եւս ո­գե­կո­չեց մեր մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։

­Բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­մադ­րու­մով եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» ­Մաս­նա­ճիւ­ղին եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։

­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Շա­բաթ, 16 Ապ­րիլ 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։00-էն սկսեալ, «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադրո­ւած Ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­ղա­ւա­րէն ըն­թացք ա­ռաւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, ներ­կա­յու­թեամբ հա­րիւ­րա­ւոր թե­սա­ղո­նի­կա­հայ պա­տա­նի­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, տա­րէց­նե­րոպ ու փոք­րե­րու, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան պատ­րաս­տա­կամ ուղ­ղո­ւե­լու տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ։

Ն­շենք, որ ­Հինգ­շաբ­թի, 14 Ապ­րի­լէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րիլ 2022, «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած էր Ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­ղա­ւա­րը, որ ան­ցորդ­նե­րուն՝ յոյն թէ հայ, ու մա­նա­ւանդ օ­տար­նե­րուն, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ­Հայ դա­տի վե­րա­բե­րեալ ու մաս­նա­ւո­րա­բար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տա­ցիու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30-ին ըն­թացք ա­ռաւ բո­ղո­քի ցոյ­ցը, շար­քե­րու խմբուա­ծու­թեամբ, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ճշդա­պահ կար­գա­պա­հու­թեամբ եւ բարձ­րա­խօս­նե­րու ու մա­նա­ւանդ օ­րո­ւան կար­գա­խօս­նե­րը պար­զող ցու­ցա­պաս­տառ­նե­րու եւ ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու կող­քին՝ Ե­ռա­գոյն դրօ­շով, ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քի ցա­սու­մը յայտ­նեց ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ Բ­նա­կա­նա­բար, ճամ­բու ըն­թաց­քին, ա­պա­հո­վու­թեան ոս­տի­կան­ներ հսկե­ցին ներ­կա­նե­րուն քայ­լեր­թին եւ օգ­տա­կար դար­ձան ճամ­բորդ­նե­րուն՝ ուղ­ղո­ւե­լու տար­բեր ճա­նա­պարհ­նե­րով։ Երբ բո­ղո­քի ցու­ցա­րար­նե­րը մօ­տե­ցան թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, այս ան­գամ եւս՝ ինչ­պէս ան­ցեա­լին, յոյն ոս­տի­կան­ներ ար­գելք հան­դի­սա­ցան յա­ռա­ջա­նա­լու դէ­պի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի շէն­քը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը իր հան­րա­կառ­քե­րով փա­կած էր հիւ­պա­տո­սա­րա­նի փո­ղո­ցը, հե­տե­ւա­բար, չար­տօ­նեց նաեւ որ ցոյ­ցը ներ­կա­յաց­նող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մօ­տե­նայ եւ յանձ­նէ յու­շա­գի­րը, այլ՝ թե­լադ­րեց պա­տի մը վրայ փակց­նել ­Հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը։

­Ցու­ցա­րար­նե­րը ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն հնչե­ցու­ցին ար­դա­րու­թեան ձայ­նի պա­հանջ­նե­րը։ Ա­ւե­լի ուշ, թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նի փո­ղո­ցին վրայ լսո­ւե­ցան ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, ժո­ղո­վուր­դի խուռ­նե­րամ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի ո­գեշն­չե­ցին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կեն ի­րենց պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թը։ Ի վեր­ջոյ, ե­րի­տա­սարդ­ներ յու­նա­րէն լե­զո­ւով խօսք ա­ռին եւ ո­գեշն­չիչ ու խրա­խու­սիչ պատ­գամ­նե­րով յոր­դո­րե­ցին բո­լո­րին, վճռա­կամ քայ­լե­րով շա­րու­նա­կե­լու մեր եր­թը, յա­նուն ար­դա­րու­թեան, յա­նուն պա­հան­ջա­տէր մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ յա­նուն մեր Ս. ­Նա­հա­տակ­նե­րու թա­փած ա­րիւ­նի ա­մէն մէկ կա­թի­լի փո­խա­րէն։
­Բո­ղո­քի ցոյ­ցը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րով։

Ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն

Ար­դէն սո­վո­րու­թիւն դար­ձած, ա­մէն տա­րի, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չում­նե­րու ծի­րէն ներս, կը կա­տա­րո­ւի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն։ Այս տա­րի եւս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին, ­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րիլ 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։30-13։30, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն։

­Քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ

­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մար­զա­յին իշ­խա­նու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ, քա­ղա­քի «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հա­մալ­սա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կը, նա­խա­գա­հու­թեամբ ընկ. Ք­րիս ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեա­նի եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, ազգ. կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւոր, քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ յոյն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան։
­Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քեր ու­նե­ցան յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ս­թաւ­րոս ­Քա­լա­ֆա­թիս, Հ.Հ. դես­պա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեան, ­Մա­կե­դո­նիոյ նա­հան­գա­պետ Ա­փոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թաս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ ­Քոս­տան­տի­նոս ­Զեր­վաս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մար­զա­յին շրջա­նի փոխ­մարզ­պե­տու­հի ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ ընկ. Ա­րիս ­Գա­սա­պեան։

­Ձեռ­նար­կին բա­նա­խօ­սեց խորհր­դա­րա­նի ան­դամ եւ «­Փան­տիօ» հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու դա­սա­խօս փրոֆ. ­Տի­միթ­րիս ­Քե­րի­տիս նիւթ ու­նե­նա­լով «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ժխտու­մը եւ այժ­մէա­կան ­Թուր­քիան»։ Ան մեծ դրո­ւա­տի­քով խօ­սե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ ­Ժո­ղո­վուր­դի տա­ռա­պանք­նե­րուն ու չար­չա­րանք­նե­րուն մա­սին։ Մ­շա­կու­թա­յին ծի­րէն ներս, գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի ե­րի­տա­սար­դա­կան «­Մու­սա» սին­ֆո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ մաէսթ­րօ ­Թո­տո­րիս ­Փա­փա­տի­միթ­րիուի՝ եւ­րո­պա­կան եւ հայ­կա­կան գե­ղե­ցիկ ե­րաժշ­տու­թեամբ։ ­Քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ քայ­լար­շաւ դէ­պի Եր­րորդ զօ­րա­բա­նա­կի Ան­ծա­նօթ զի­նո­ւո­րի յու­շար­ձա­նը՝ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­լու հա­մար։

Ե­լոյ­թը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րու կա­տա­րու­մով։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ օր» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930