Հ.- Սուրիոյ մէջ կատարուած իշխանափոխութենէն ետք, ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր Սուրիան, յատկապէս սուրիահայութեան ապրած շրջանները:
Մ.Գ.- Այսօր Սուրիոյ մէջ իշխող վիճակը անորոշութիւնն է: Ինչ որ տեղի ունեցաւ կայծակնային արագութեամբ կատարուեցաւ…
Դէպքերը սրընթաց կը յաջորդեն զիրար: Իշխանութեան հասած ընդդիմութիւնը կը ջանայ կեանքը բնականոնացնել, ժամի դրութեամբ գլխաւոր հրամանատարութեան կողմէ որոշումներ կ’արձակուին: Հրապարակուած հրամանները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իմաստով ոգեւորիչ են, կը մնայ գետնի վրայ անոնց գործադրումը տեսնել: Ժողովուրդը տակաւին ցնցումէն չսթափեցաւ, առաջին ժամերուն մոլորուածի նման էինք, իրադարձութիւնները այնքան արագ էին, որ մեր ընկալումը կը վտանգէր: Սուրիոյ բոլոր շրջանները, որոնց կարգին սուրիահայութեան ապրած քաղաքները, կը ջանան վերադառնալ իրենց առօրեային: Հալէպի մէջ հետզհետէ կը մեղմանան զինեալ երեւոյթները եւ ոչ սովորական իրողութիւնները, այսուհանդերձ տակաւին աղօտ է պատկերը:
Դրական համարուեցաւ եւ որոշ տեղ մը մտահանգստութիւն փոխանցեց ընդդիմադիր նոր իշխանութեան այն քայլը, որ տապալած իշխանութեան կառավարութեան լիազօրութիւնը պահեց մինչեւ նոր վարչամեքենայի կողմէ կարգ ու կանոնով ստանձնումը, նոյն ձեւ վարուեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Սուրիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ: Սակայն նոր վարչամեքենան շատ արագ յառաջացաւ եւ նշանակուած նախարարներուն մասին բաւարար տեղեկանք չունենալը կրկին մտահոգեց: Այստեղ նշեմ, որ տապալած եւ իշխող կառավարութիւններու միջեւ տեղի ունեցած յանձնումն ու ստանձնումը ոչ միայն անցնցում այլեւ բաւական քաղաքակիրթ գործելաոճով ընթացաւ: Կարելի է ամրագրել, որ վարչակարգը տապալեցաւ, սակայն պետականութիւնը, որ հաստատութենական համակարգն ունի, կանգուն է, փաստօրէն պետական կառոյցները մէկը միւսին ետեւէն կը վերաբացուին:
Անցումային շրջանի այս կառավարութիւնը պիտի գործէ մինչեւ 1 Մարտ 2025: Իսկ երկրի սահմանադրական կամ օրինական համակարգի մասին տակաւին յայտարարութիւններ չկան:
Հ.- Կենցաղային պայմաններուն առնչութեամբ, որեւէ բարելաւում արձանագրուա՞ծ է, թէ տակաւին տնտեսական տագնապալի իրավիճակ կը տիրէ:
Մ.Գ.– Կենցաղային պայմաններու մէջ տակաւին շօշափելի բարելաւումներ չկան, տնտեսական տագնապը գերիշխող է, մանաւանդ արձանագրուած ահաւոր սղաճի պատճառով: Ապրանքատեսակները եռապատիկ այլեւ քառապատիկ սղեցին: Առաջին քանի մը օրերը սուրիական դրամը կրկին անկում կրեց, սակայն շուտով վերադարձաւ շուրջ տարիէ մը ի վեր ապահոված կայունութեան մակարդակին: Ելեկտրականութեան խնդիրը կը մնայ նոյնը, օրական երկու ժամ մատակարարման դրութեամբ, իսկ ջուրի խնդիրը բաւական արագ լուծուեցաւ: Այսօր կարելի է ըսել համարեա՛ ջուրի տագնապ չկայ:
Սնունդի կամ այլ իրերու ապահովման խնդիր եւս չկայ (բացի դեղորայքէն), պարզապէս գիներու թանկացումն է խնդիրը:
Կարդացեք նաև
Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:


















































