«Գանձասար». Սուրիոյ Ռազմական Գործողութիւններու Վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ կարգ մը երկիրներ, ինչպէս՝ Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Իրաք, Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէին, Յորդանան, Օմանի Սուլթանութիւն, Իտալիա Դամասկոսի մէջ պիտի վերսկսին դիւանագիտական իրենց ներկայացուցչութիւններու աշխատանքը։
Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ երկիրներուն, դիտել տալով որ Քաթարն ու Թուրքիան եւս խոստացած են վերսկսիլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատանքը։
Վարչութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին կամքը, երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը յարգող այլ երկիրներու հետ եւս գործակցութեան ձեռք երկարել այս առումով։


















































