Vatican News – Կիրակի` 2 Փետրուար 2025ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով այս առիթով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց Իտալիոյ մէջ նշուող «Կեանքի օրը» որուն այս տարուան բնաբանն է «կեանքը փոխանցել, աշխարհին համար յոյս»։
«Կը միանամ իտալացի եպիսկոպոսներուն երախտագիտութիւն յայտնելու համար բազմաթիւ ընտանիքներուն որոնք սիրով կ՛ընկալեն կեանքին պարգեւը ու քաջալերելու երիտասարդ զոյգերը վախ չունենալու աշխարհ բերելու զաւակներ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ողջունեց Կեանքի ի նպաստ իտալական շարժումը որ այս տարի կը բոլորէ որ յիսուն ամեակը։
Նորին Սրբութիւնը նշեց ապա թէ վաղը Վատիկանի մէջ պիտի կայանայ մանուկներու իրաւունքներուն նուիրուած «Սիրենք ու պաշտպանենք զանոնք» խորագիրով վեհաժողով մը որուն ինք եւս պիտի մասնակցի։
«Ասիկա եզակի առիթ է աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու հրատապ հարցերու վրայ որոնք կը հային ամենափոքրերու կեանքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով հաւատացեալները իրեն միանալու աղօթքի մէջ ձեռնարկի յաջողութեան համար։
Կարդացեք նաև
Եւ խօսելով մարդկային կեանքի առաջնահերթ արժէքի մասին, ես կը կրկնեմ իմ «ոչ»-ս պատերազմին, որ կը կործանէ, կ՛ ոչնչացնէ ամէն ինչ, կ՛ ոչնչացնէ կեանքը և կը մղէ զայն արհամարհելու» աւելցուց Սրբազան Պաղը անգամ մը եւս հաստատելով որ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է եւ ասկէ մեկնելով Յոբելենական այս տարուան առիթով ուզեզ նորոգել իր կոչը յատկապէս ուղղուած քրիստոնեայ Կառավարիչներուն, որպէսզի յանձնառու ըլլան ի նպաստ բանակցութիւններուն վերջ դնելու համար ընթացքի մէջ եղող հակամարտութիւններուն։
«Աղօթենք մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայելի, Լիբանանի, Միանմարի, Սուտանի եւ հարաւային Քիվույի խաղաղութեան համար» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոս ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը իր խօսքը աւարտելով բարի կիրակի մաղթելով անոնց ու ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։


















































