«Ապառաժ». Այսօր, երբ ոմանք կը փորձեն Արցախի հարցը «փակուած» յայտարարել, սպառնալիք կը տեղացնեն, ուրիշներ տարբեր նպատակներու համար կը շահագործեն, անհրաժեշտ է անվարան ըսել` պատմական հարցերը չեն փակուիր պետութիւններու կամ իշխանութիւններու որոշումներով, որովհետեւ անոնք ժողովուրդներու յիշողութեան, իրաւունքի եւ պատմական արդարութեան անբաժանելի մասն են:
Արցախի հարցը չի կրնար փակուած նկատուիլ, որովհետեւ փակուած չէ արդարութեան հարցը, փակուած չէ բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, փակուած չէ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցը, մանաւանդ փակուած չէ պատմական ճշմարտութիւնը:
Ահարոն Շխրտըմյան


















































