Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2026-ին, Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբի նորանշանակ վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին խմբավար հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ հայ երգին ու երաժշտութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն հոգածութեան համար եւ ներկայացուց երգչախումբի 2027 տարեշրջանի ծրագիրները։
Վարչութիւնը, իր կարգին, անդրադարձաւ յառաջիկայ ծրագիրներուն՝ յատկապէս նորակառոյց Պէզիքեան Կեդրոնին մէջ նախատեսուած հոգեւոր համերգին եւ Յունիս ամսուն Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունենալիք համերգին։ Նշուեցաւ նաեւ, որ պիտի շարունակուին Ձայն Երկնային խտասալիկներու արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպուին սեմինարներ, ընկերային հաւաքներ եւ այլ երգչախումբերու հետ միացեալ նախաձեռնութիւններ։
Իր հայրական խօսքին մէջ, Նորին Սուրբ Օծութիւնը բարձր գնահատեց հայր սուրբը եւ ողջունեց նորակազմ վարչութիւնը։ Ան յատկապէս ընդգծեց ծառայութեան ոգին՝ յիշեցնելով, որ Շնորհալի երգչախումբը շուրջ յիսուն տարի նուիրումով ծառայած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր ժողովուրդին։
Կարդացեք նաև
Նշենք, որ վարչութեան մաս կը կազմեն Նանոր Պոյաճեան, Ցոլին Աբրահամեան, Օսսի Քէսմէեան, Թամար Այվազեան եւ Անիթա Սահակեան։



















































