Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ժամանակը հասած է, որ ուսումնասիրուի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ Սփիւռքի մասնակցութեան հարցը. «Հորիզոն»

Նոյեմբեր 08,2023 11:08

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ 2023 թուականի սեմին, տարեշրջանը հռչակեց «Սփիւռքի տարի», իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտադրումը դնելով ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում հասկացութեան վրայ։ 2023 թուականի մօտալուտ աւարտին, հայ ժողովուրդը կը գտնուի համընդհանուր տաժանքի սեմին, երբ ազգովին կը վերապրինք եղեռնագործութեան արհաւիրքը, երբ ականատեսներն ենք Արցախի պետութեան կործանման ու խորտակման։ Նման կացութեան մէջ, Սփիւռքը իսկապէս կարիքը ունի վերարժեւորելու իր հեռակայ նպատակներն ու կարողականութիւնները։

Ի՞նչ է Սփիւռքի գերակայ նպատակը։ Վերադարձ պատմական հայրենի բնօրրա՞ն, հայրենադարձութի՞ւն, հայապահպանութի՞ւն, հայրենատիրութի՞ւն։ Սփիւռքը ունեցած է սկիզբ, որ արդիւնք է 1915 թուականի թրքական պետութեան կողմէ հայկական բարձրաւանդակին մէջ բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան։ Հետագայ հանգրուանին, Սփիւռքը կրնայ ունենալ նաեւ վախճանաբանութիւն։

Հայրենի պետութեան ամրապնդման առաքելութեան մէջ իրենց որոշիչ տեղերն ունին ազգահաւաքն ու հայրենադարձութիւնը։ Ցաւօք, Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, ազգահաւաքը խթանող գործնապաշտ նախաձեռնութիւններ եւ ամենակարեւորը՝ հայրենադարձութեան կիրառելի հայեցակարգ յառաջացնելու որեւէ ծրագիր երբեք չիրականացաւ։ Միջին Արեւելքի մէջ յամեցող հակամարտութիւններուն պատճառով Հայաստան ներգաղթած սուրիահայերու եւ իրաքահայերու ստուար զանգուած մը հայրենադաձ ըլլալէ ժամանակ մը անց՝ գաղթեց արտասահման։

Այլ հարց մը, որ կը վերաբերի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, այն է, որ ժամանակը հասած է, որ ուսումնասիրուի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ Սփիւռքի մասնակցութեան հարցը։ Ինչպէ՞ս կրնայ սփիւռքահայը գործօն մասնակիցը ըլլալ Հայաստանի օրէնսդրական դաշտին մէջ, կամ ի՞նչ են կարելիութիւնները, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին սահմանուած կարգով ընտրուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող Սփիւռքի ներկայացուցիչներ։ Թուենք այլ երկիրներու օրինակներ։ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը ունի 11 արտասահմանեան ընտրատարածք (overseas constituency), այսինքն Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններու սփիւռքի թեկնածուները իրաւունքը ունին մասնակցելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտասահամանեան ընտրատարածքներուն մէջ։ Իտալիոյ Հանրապետութիւնը արտասահամանեան ընտրատարածքներուն համար 8 աթոռ վերապահած է ստորին պալատին, իսկ 4 աթոռ՝ վերին պալատին համար։ Նշուած երկու երկիրները իրենց սփիւռքները ընտրութիւններուն մասնակից դարձնելու այս նոր փորձառութիւնը որդեգրած են անցնող տասնամեակին։ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ընտրելու նոյնատիպ աշխատելաձեւ ունին Ալճերիան, Թունուզը, Էքուատորը եւ Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը։ Հայաստանի պարագային, այս մէկը իրագործելու համար անշուշտ եւ առաջին հերթին անհրաժեշտ պիտի ըլլան սահմանադրական բարեփոխումներ։

Այս դիտարկումները կը նշենք, ի մտի ունենալով որ այսօրուան դրութեամբ Սփիւռքի վերակազմակերպումը իւրաքանչիւր հայ գաղթօճախի ապագայի երկարաժամկէտ ծրագրի առաջնահերթութեան կիզակեդրոնը պէտք է ըլլայ, որպէսզի հզօր Սփիւռքով ընձիւղուի ապագայ հզօր հայրենիքը, իսկ Հայաստանը իր կարգին պէտք է դառնայ «համայն հայութեան հայրենիք»ը, ճիշդ ինչպէս նշուած էր «Հայաստան-Սփիւռք» առաջին խորհրդաժողովի հռչակագրին մէջ։

«Հորիզոն»-ի խմբագրական

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930