Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի մէջ տարածուած իսկական «միֆ»ը, կարծես, այն է, թէ հայկական ուժը ուժ է միայն այն ատեն, երբ Երեւանի մէջ կեդրոնացած է. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 21,2026 11:10 Share

Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեան վերջերս խորհրդարանի ամպիոնէն վիճարկումի նիւթ դարձուց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին տարածուած պատկերացում մը: Ան պնդեց, որ Սփիւռքի հզօրացումը կրնայ տեղի ունենալ հիմնականին մէջ Հայաստանի հաշւոյն, որովհետեւ Սփիւռքի թուային աճը կու գայ Հայաստանէն արտագաղթէն կամ մէկ գաղութէն միւսը տեղափոխութենէն: Հետեւաբար, ըստ իրեն, Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի տկարացումն է:

Այս մտածողութեան մէջ ճշմարտութեան բաժին մը կայ, բայց անկէ բխող եզրակացութիւնը հիմնովին սխալ է:

Նախ պէտք է ընդունիլ, որ Սփիւռքը պետութիւն չէ: Չունի կառավարութիւն, բանակ, միասնական պիւտճէ կամ որոշումներ կայացնող մէկ կեդրոն. համաձայն ենք: Բայց Սփիւռքը նաեւ նոր երեւոյթ չէ, որ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք: Ան դարերու ընթացքին, մեր պատմութեան բերումով ձեւաւորուած հայկական ցանց մըն է, որ գոյութիւն ունեցած է ներկայ հանրապետութենէն շա՜տ առաջ եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին ստեղծած է տնտեսական, մշակութային, մտաւոր եւ քաղաքական լուրջ հայկական կարողութիւն:

Երկրորդ. Հայաստանի ժողովրդագրական տկարացումը Սփիւռքի հզօրացում նկատելը անշուշտ սխալ է: Երբ Երեւանը կամ Գիւմրին կը պարպուին, իսկ Կլենտէյլը կը մեծնայ, հայկական հաւաքական ուժը չէ, որ կ՛աճի: Մեզմէ շատեր ցաւով դիտած են անկախութենէն ի վեր արտագաղթի ալիքները եւ անոնց պատճառով Հայաստանի ժողովրդագրական տկարացումը եւ արտագաղթի շարունակական ալիքներ: Աւելի՛ն. տարածաշրջանի անկայունութեան պատճառով նոյնքան ցաւով դիտած ենք Հայաստան ապաստան փնտռող, Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու ալիքները, որոնց, ցաւօք, չկարողացանք մնայուն կերպով Հայաստանի մէջ պահել` Պաքուի հայերը, իրաքահայերը, սուրիահայերը, լիբանանահայերը եւ, վերջերս, նոյնիսկ արցախահայերուն մէկ մասը: Բայց ի վերջոյ, իւրաքանչիւր հայ ի՛նքն է, որ կ՛որոշէ իր կեանքի ուղին եւ իր ճակատագիրը, եւ թէ ո՛ւր կ՛ուզէ ապրիլ: Մեր հաւաքականութեան կը մնայ ստեղծել այն պայմաններն ու հաստատութիւնները, որոնք հայը կը խրախուսեն հայրենադարձուելու Հայաստան եւ կարելիութիւն կու տան հոն մնայուն հաստատուելու, երբ Հայաստանի մէջ ապաստան կը փնտռէ:

Այո՛, հայրենադարձութիւնը պէտք է քաջալերել: Հայաստան կը հզօրանայ, երբ սփիւռքահայեր հոն կ՛ապրին, կ՛աշխատին, ձեռնարկութիւններ կը հիմնեն, արժէք կը ստեղծեն եւ իրենց ընտանիքները կը կազմեն:

Բայց հո՛ս է Եղոյեանի փաստարկին հիմնական խնդիրը: Սփիւռքի ուժը կարելի չէ չափել միայն մարդոց թիւով:

Եղոյեան իր ելոյթին մէջ հետաքրքրական հարցում մը կ՛ուղղէ Սփիւռքի մասին. «Ո՞վ է այդ հեռախօսահամարի տէրը»: Պատասխանը պարզ է. ոչ ոք: Եւ թերեւս այդպէս ալ պէտք է ըլլայ:

Անդրազգային ազգ մը պարտադիր չէ մէկ հրամանատարական կեդրոն ունենայ: Անոր անհրաժեշտ են հաստատութիւններ, որոնք կրնան իր տարբեր կեդրոններուն միջեւ կապ, համակարգում եւ համագործակցութիւն ստեղծել:

Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր հայ ազգի ինքնիշխան քաղաքական կեդրոնն է: Բայց անկէ չի հետեւիր, որ հայկական ամբողջ կարողութիւնը պէտք է գտնուի Հայաստանի մէջ: Մեր պատմութեան ընթացքին մենք ոչ միայն ուրիշ պետութիւններու մէջ կարողութիւն ստեղծած ենք, այլ պետականազուրկ ժամանակաշրջաններուն նոյնիսկ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետականութիւն կերտած ենք:

Հայաստանի ներքաղաքական պայքարը արդէն իսկ բաւական խոր բաժանումներ ստեղծած է: Զայն Սփիւռք արտածելը նոր ուժ պիտի չստեղծէ: Ընդհակառակը, պիտի մասնատէ այն հայկական կարողութիւնը, որ պէտք է այսօր համախմբել ու բազմապատկել:

Մեզի համար պակսողը նոր ճակատներ չեն: Մեզի պակսողը Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայկական կարողութիւնները իրարու կապելու քաղաքական երեւակայութիւնն ու հաստատութիւններն են:

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Եղոյեան թերեւս պէտք է նկատի ունենայ, որ Սփիւռքը կրնայ «յստակ քաշային կարգ» չունենալ: Բայց Հայաստանի մէջ տարածուած իսկական «միֆ»ը, կարծես, այն է, թէ հայկական ուժը ուժ է միայն այն ատեն, երբ Երեւանի մէջ կեդրոնացած է:

Րաֆֆի ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Օգոստոս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ    
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31