Արցախի հայկական եկեղեցիներու քանդման գործողութիւնները Պաքուի կողմէ մէկ մասնիկն են ընդհանրապէս ամբողջ շրջանի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման քաղաքականութեան: Այս գործողութիւնները միանշանակ բնոյթ չունին. պատմամշակութային որոշ կոթողներ Ազրպէյճանի կողմէ հակագիտական մօտեցումներով կը ներկայացուին իբրեւ աղուանական, ուրիշներու ճարտարապետութիւնը կը վերափոխուի, իսկ մեծ մասը պարզապէս կ՛ոչնչացուի: Արցախը նախիջեւանացումի ենթարկելու միեւնոյն վարքագիծն է, որ կը կիրարկէ Պաքուն` մարտավարական նոր քայլեր որդեգրելով:
Այս խնդիրը եւս «հայելային» ձեւով կ՛արծարծուի Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ պատուիրուած ազերի հոգեւոր առաջնորդներու ճամբով: Հիմա Երեւանէն կը պահանջուի վերականգնել իբրեւ թէ հարիւրաւոր մզկիթներ Հայաստանի տարածքին վրայ, որոնք նախապէս «քանդուած են» Երեւանի տարբեր իշխանութիւններու կողմէ:
Միջազգայինէն անդին, լուռ է Երեւանը: Աւելի՛ն. Երեւանը ներկայացնող պաշտօնատարը կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճան իր գերիշխան տարածքին մէջ կը դիմէ գործողութեան. այս կը նշանակէ, որ Ազրպէյճան իրաւունք ունի եւ այդ իրաւունքը իր գերիշխան որոշումն է, այս պարագային բնաջնջելու հայոց հոգեւոր կեդրոնները:
Եթէ միջազգային ընտանիքը քաղաքական մօտեցում կը ցուցաբերէ եւ չի բարձրաձայներ կամ դատական հայցեր չի ներկայացներ` ապահովելու համար կանխարգելիչ միջամտութիւն, եւ եթէ Երեւանը ներազրպէյճանական խնդիր կը նկատէ այս բոլորը, հետեւաբար իրաւունք կու տայ Պաքուի որդեգրած քայլերուն, ապա կը մնայ մէկ դաշտ` սփիւռքը:
Կարդացեք նաև
Հայ դատի համակարգը Պաքուի որդեգրած եւ կիրարկած ամէն մէկ նմանատիպ քայլին կը դիմէ բողոքի, կ՛իրազեկէ հանրային կարծիքը եւ կոչ կ՛ընէ միջազգային համապատասխան կառոյցներուն միջամտելու ու դատապարտելու եւ կանխարգիլելու հետագայ ընթացքը:
Սկզբունքով եւ տեսականօրէն Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաջադրանքը պէտք է վերածուէր համահայկական օրակարգի կէտերէն մէկուն: Իշխանութիւնները դէմ են հարցի հետապնդումին` զայն նկատելով լրջագոյն հարուած Երեւան-Պաքուի խաղաղութեան օրակարգին:
Երեւանի այս պահուածքն ու դիրքորոշումը պէտք չէ արգելակէ սակայն, որ համընդհանուր մօտեցում չձեւաւորուի այս խիստ վտանգաւոր մարտահրաւէրին դիմաց:
11-12 ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի յայտարարութեան Ա. կէտը կը վերաբերի սփիւռքի ռազմավարական դերին եւ քաղաքական օրակարգին: Այստեղ բանաձեւուած կէտերուն երրորդը իբրեւ առաջադրանք կ՛արձանագրէ. «Բռնագրաւուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն»:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:


















































