Լիբանանի տիւրզիներու համայնքապետարանին մէջ, այսօր՝ Երեքշաբթի, 2 Յունիս 2026-ին, Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուհանդիպում մը կայացաւ:
Այլ հոգեւոր պետերու կարգին, յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը եւ Շահէ Արք. Փանոսեանը:
Հոգեւոր պետերու խօսքերէն ետք, քննարկուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ նախապէս պատրաստուած յայտարարութիւնը: Յայտնենք, որ յիշեալ յանձնախումբին մէջ հայ համայնքին կողմէ կը մասնակցի դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Քննարկումներու ընթացքին իւրաքանչիւր հոգեւոր պետ իր տեսակէտը պարզեց եւ ապա միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ յայտարարութիւնը:
Կարդացեք նաև
Անոր մէջ դատապարտուեցաւ Իսրայէլի յարձակումները, զօրակցութիւն յայտնուեցաւ գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն՝ Լիբանանի կառավարութեան, եւ շեշտուեցաւ տագնապալից այս օրերուն երկրին ներքին միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտ հրամայականը:


















































