Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ազգային լեզուի էականութիւնը. «Եռագույն»

Օգոստոս 08,2017 15:22

Անվարան պէտք է խօսիլ ազգային լեզուի, մեր պարագային՝ հայերէնի, էականութեան մասին, ընդդէմ ամէկ կարգի արդարացման եւ մարդորսական ճապկումի, թեթեւսոլիկութեան, կարեւոր անձ երեւնալու տխրութեան, ֆրանսացին կ’ըսէ՝snobisme-ի, տգէտի մանկավարժութեան, որոնք մեզ համախումբ կը տանին օտարման:

Գէթ մեր գրողները, տպարանները, մամուլը (տպագիր, լսուող եւ տեսնուող) նախանաձխնդրօրէն համեստ ըլլային իրենց աշխատանքի սեղանին վրայ բառարան ունենալու: Եթէ այդ ճիգը ընէին, լուրջ եւ հաստափոր հատորի մը մէջ, քանի մը անգամ «ծառաւ» չէին գրեր «ծարաւ»ի փոխարէն, ուշադիր կ’ըլլային եւ թրքաբանութիւնը հաստ եւ մեծատառ չէին գրեր կարեւոր համարուող յօդուածներու որպէս վերնագիր, ինչպէս «ԳԱԼ ՏԱՐԻ»ն, փոխան՝ «յառաջիկայ տարի»ի…

Հայերէնը անգիտութեամբ եւ անպատասխանատուութեամբ ենթակայ է խուժանային յարձակման: Երեւոյթը չի քննադատուիր ինչ-ինչ պատճառ-պատրուակներով, որոնք, կը յանգեցնեն ազգավնաս ընթացքի: Ընկերային կեանքի բոլոր մարզերուն համար կը ճառենք մասնագիտական ղեկավարումէ եւ կազմակերպութենէ, բայց երբ հարցը կը վերաբերի հայերէնի, անոր գործածութեան, կարեւորութեան եւ տեղին, մեծ ու պզտիկ իրենք իրենց իրաւասութիւն կու տան վարդապետական կարծիքներ յայտնելու:

Ոչ ոք կը զարմանայ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իւրաքանչիւր հայ, համեստներ եւ ուսում ստացածներ, կը յանդգնին (եւ բառը զօրաւոր չէ) ազգի լեզուն չափել, ձեւել, կտրատել, բառ եւ շարահիւսութիւն, իրենց յատուկ տրամաբանութեամբ: Մին կ’ըսէ, թէ «այսպէս կը խօսինք, այսպէս պէտք է գրենք»: Թէ ո՞վ են «իրենք», ո՞ր իրաւասութեամբ, ո՞ր շարունակութիւն ըլլալու հաւատարմութեամբ: Հայերէնը յղկուած լեզու է, օժտուած արտայատչական կարողութեամբ, չէ գտնուած ոջիլի շուկային մէջ (ֆլի մարքէթ, պիթ պազար): Մին կ’ըսէ պէտք է պարզացնել, ուրիշ մը կ’ըսէ պէտք է վերցնել կարգ մը տառեր, միւսը տարօրինակ բառակերտումներ եւ շարահիւսութիւն կը ստեղծէ՝ արդարանալով որ այդ արդիական է կամ քաղաքական ոճ:

Եւ հայերէնը կը դառնայ մէկ շրջանակէ միւսը, մէկ քաղաքէ միւսը, մէկ երկրէ միւսը, նորահայերէն: Ոչ ոք կը գայթակղի: Գայթակղողներն լսող չեն գտներ:

Այս խառնակութիւնը համահայկական տարողութեամբ տեղի ունեցաւ 1922-ին, հայերէնի ուղղագրութեան երկփեղկումով: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ներազգային միութեան եւ համագործակցութեան մասին շատ խօսուեցաւ եւ կը խօսուի: Հայրենասիրական զեղումները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), անպակաս են, այլազան լեզուներով, բայց մեր ինքնութեան պատուանդան լեզուն համահայկական մտահոգութեան առարկայ չէ: Խօսքը չի վերաբերիր փոքրամասնութիւններու, որոնք այդպէս ալ կը մնան, միշտ քիչ մը աւելի կծկուելով: Այս պատկերը հայկական թերթերը կը փռեն մեր առջեւ, լոյս տեսնելով բազմաթիւ լեզուներով, հայերէն էջերու եւ անոնց որակի նուազումով:

 

Յ. Պալեան

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»-ի կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031