Ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ թաքսիի վարորդներուն բերնէն այլեւս «Երկիրը երկիր չէ» ամէնօրեայ յանկերգը վերացաւ: Երկիրը երկիր դարձաւ իր ժողովուրդի միասնական կամքի եւ հզօրութեան շնորհիւ: Ու ապշած է ամէն ոք: Ապշած են դիտողները, ապշած են մասնակիցները, ապշած են ղեկավարները: Այսքան ներուժ ո՜ւր պահուած էր: Իսկապէս «պպզացող»-ի՞ կը սպասէր այս ահագնութեամբ կուտակցուած լաւան: Շուտով սակայն, ապշանքը զիջեցաւ վճռակամութեան ու քայլը համազգային շարժումի վերածուեցաւ:
Երկիրը երկիր դարձաւ, որովհետեւ ժողովուրդը գիտակցեցաւ որ զարթնումի պահն է: Երկար մրափէ ետք՝ յեղակարծ արթնացում, երկար լռութենէ ետք՝ պոռթկում, ամուր կապանքներէ ետք՝ շղթայազերծում, հեղձուցիչ կեանքէ ետք՝ շնչառութիւն: Երկիրը կը շնչէ այսօր: Ու այդ տհաճ վանկարկումին տեղ ամէնուրեք «Մենք ենք տէրը մեր երկրին» կը լսուի: Մռայլ ժողովուրդին դիմագիծը մէկընդմիշտ փոխուեցաւ, այսօր ան լիաթոք կը ծիծաղի, ու ան իր յաղթանակին տէրն է:
Որքա՜ն ուրախ եմ, որ այս պատմական պահերուն ականատեսն եմ ու իմ ժողովուրդիս զարկերակը կը զգամ մօտէն: Ականատես կ’ըլլամ, թէ ինչպէ՛ս մէկ ընտանիք դարձած է ժողովուրդը ու իրարու հանդէպ ինչքա՜ն բարեացակամ կը վարուի. խանութպանները իրենց ունեցած-չունեցածը կը բաժնեն ցուցարարներուն, որպէսզի չըլլայ թէ մէկը ուժէ կտրուի, բիտցա ծախողը՝ բիտցա կը բաժնէ, խմորեղէն ծախողը՝ խմորեղէն, ջուր ծախողը՝ ջուր…:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ոգեղէն զարթօնք եղաւ նաեւ մեր երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին համար: Մշակոյթի գործիչներու շրթներէն հպարտութեամբ կը լսես «ազատ, անկախ մշակո՛յթ» վանկարկումը ու իւրաքանչիւր թաղ ականատես կ’ըլլաս տարբեր տպաւորիչ տեսարանի: Փողոցը փակած ու գետին նստած են խումբ մը երիտասարդ- երիտասարդուհիներ եւ տարբեր երաժշտական գործիքներով կը նուագեն ու կ’երգեն Կոմիտաս ու Նարեկացի: Անդին, ուրիշներ թաւ ջութակները առած՝ ճամբուն մէջտեղը նուագելով իրենց քայլերթը կը կատարեն: Ուրիշ մը Արամ Խաչատուրեանի սուսերամարտը կը հնչեցնէ:
Եւ այս ոգեշնչող մթնոլորտին մէջ երանութիւն կ’ապրիս, որովհետեւ դուն պարզապէս դիտողի դերի մէջ չես, այլ մէկ մասնիկը երկրին ու ժողովուրդին ու դուն քեզ լիարժէք քաղաքացի զգալով՝ բաց ձեռքերդ վեր կը պարզես ու կը մասնակցիս խաղաղ քայլերթին:
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» թերթի այսօրվա համարում:


















































