Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իշխանութիւններուն համար Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման խնդիրը վերածուած է իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի մը. «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 10,2022 10:33 Share

Օրէ օր աւելի յստակ կը դառնայ, թէ Արցախը բանակցութիւններու սակարկութեան նիւթի իսկ պիտի չվերածուի, որովհետեւ բոլոր տուեալները եւ երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Երեւանի իշխանութիւնները առաւելաբար տրամադրուած են Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու եւ քննարկելու Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ չ՛ընդգրկեր Արցախն ու Արցախի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը։

Այս ենթադրութեան առաջին յղումը կ՛երթայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ Արցախի հարցով հիմնական միջնորդները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Եւրոպական Միութիւն, պատրաստ չեն ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը կամ Արցախը Հայաստանի մէկ մասը։

«Յանուն ճշմարտութեան» կատարուած Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը տարբեր ձեւով դրսեւորուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ, երբ ան նշեց , որ իր կարծիքով, Արցախ բառը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան համաձայնագրին բնագիրին մէջ տեղ պէտք չէ գտնէ, որովհետեւ, անկախութենէն ի վեր Հայաստան տարածքային պահանջներ չէ ունեցած դրացի պետութիւններէ եւ ճանչցած է Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը։

Ալէն Սիմոնեան կը պնդէ, որ Արցախի խնդիրը արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքի խնդիր է եւ ըստ այնմ պէտք է քննարկուի։ Հետեւաբար ոչ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրին հետ։ Սիմոնեանի պնդումը նաեւ կը յուշէ, որ Երեւանի իշխանութիւններուն համար Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման խնդիրը վերածուած է իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի մը։

Դիւանագիտական բառամթերքին տրամաբանութիւնը՝ Ալէն Սիմոնեանի խօսքին մէջ, շատ յստակ է։ Արցախի անկախութեան եւ պետութեան գաղափարէն Երեւանի իշխանութիւնները հրաժարած են։ Ընդդամէնը խօսքը կը վերաբերի Արցախի մէջ տակաւին ապրող արցախցիներուն իրաւունքներուն, որոնցմէ մին ճիշդ է, որ ինքնորոշման իրաւունքն է, սակայն ներկայիս արդէն իսկ յստակացած է, թէ այս մասին ոչ մէկ դիտաւորութիւն գոյութիւն ունի։ Թէ ուր, ով եւ ինչպէս պիտի քննարկուի արցախցիներուն ինքնորոշման խնդիրը, Երեւանի իշխանութիւնները չեն գիտեր։ Կամ արդէն համոզուած են, որ նման խնդիր նոյնիսկ քննարկման առարկայ չէ։ Հետեւաբար դարձեալ հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։ Փաշինեան 5 օգոստոս 2019ին Ստեփանակերտի մէջ ինչու յայտարարեց, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։ Հիմա աւելի քան յստակ է, որ Փաշինեան ըսել կ՛ուզէր, թէ «Արցախը Հայաստան չէ եւ վերջ»։

Ա. Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31