Շաբաթ, 9 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Դպրեվանքի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն հետ: Բնականաբար, հանդիպումներուն առանցքը Դպրեվանքն էր:
Նորին Սրբութիւնը լսեց տեսուչ հայր սուրբին եւ ուսուցիչներուն կողմէ Դպրեվանքին առնչուած մտահոգութիւնները, առաջադրութիւններն ու ծրագիրները, որոնց նպատակը Դպրեվանքի մարդակերտումի առաքելութեան նոր թափ տալու յանձնառութիւնն է՝ օգտագործելով նաեւ ներկայ ճարտարագիտութեան ընծայած կարելիութիւնները:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Դպրեվանքէն ներս տարուող ընդհանրապէս մարդուժի եւ յատկապէս հոգեւորականի պատրաստութեան աշխատանքին գծով: Ան շեշտեց, թէ ուսուցիչները դասաւանդութենէ անդին նաեւ կոչուած են դաստիարակիչ դեր կատարելու, որպէս լրացուցիչ զանազան բնագաւառներու առնչուած նիւթերուն ու խնդիրներուն:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց հոգեւորականներու՝ կուսակրօն թէ՛ ամուսնացեալ, ուսուցիչներու ու դպրապետներու պատրաստութեան կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով մեր եկեղեցիներուն հետզհետէ աճող կարիքները այս ուղղութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը եզակի առաքելութիւն կատարած է Սփիւռքի կեանքէն ներս անցնող տասնամեակներուն՝ մարդուժի պատրաստութեան բնագաւառէն ներս: Նոյն առաքելութիւնը վերանորոգ նուիրումով անհրաժեշտ է շարունակել, շեշտեց Հայրապետը:
Այս առիթով, ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Դպրեվանքի բոլոր բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնք զանազան կերպերով կը շարունակեն մասնակից դառնալ Դպրեվանքի առաքելութեան:


















































