Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ստրկամտութիւնը տակաւին կը թափանցէ մեր մէջ՝ Սեւրի դաշնագրէն մինչեւ «Թրամփի Ճանապարհ». «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 09,2026 10:46 Share

Ընդդիմութիւն-իշխանութիւն փոխադարձ անարգանքը պաշարած է հայրենիքը հիմա։ Վեհափառին կամ Սփիւռքի մասին ծանր եւ բարբարոս արտայայտութիւնները թեթեւ կշիռ կու տան Ազգային ժողովին։ Պետականութեան կառուցման ներքին հարցեր կան, որոնց անտեսումը կրնայ խոր ազդեցութիւն ունենալ ապագայ մեր կեանքին վրայ։ Պետութիւն եւ ենթակառոյց շաղկապելու հարցեր կան, որոնք ներազգային կեդրոնացում պահանջող օրակարգ են Ազգային ժողովին համար։ Նման օրակարգերն են, որոնք կը բարձրացնեն Ազգային ժողովին հեղինակութիւնը եւ կը հաստատեն անոր իրաւականութիւնը։

Հիասթափուած պիտի մնայ Հայաստանի կառավարութիւնը արեւմտեան պետութիւններու խոստումներէն։ Հիասթափուած պիտի մնայ մանաւանդ «Թրամփի ճանապարհ»էն կամ TRIPP-էն՝ «Թրամփի Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ճամբայ»էն, ինչպէս հիասթափուած մնաց 1920ի Սեւրի դաշնագրի խոստումներէն։ Այն ատեն ՀՅ Դաշնակցութիւնն էր, որ որդեգրեց արեւմտեան պետութիւններու հետ քայլ պահելու քաղաքականութիւնը։ Յիշենք, որ 1919ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Դաշնակցութեան իններորդ Ընդհանուր ժողովին որոշուեցաւ որդեգրել արեւմտեան կողմնորոշում։ TRIPP-ը կը յիշեցնէ Սեւրի դաշնագրի խոստումները։ Երկուքն ալ, TRIPP-ւ եւ Սեւրը, հայ ժողովուրդի զգացած եւ ապրած տագնապները կը ծրագրեն եւ ոչ մէկ քաղաքական վստահութիւն կը ներշնչեն։ Անոնց մէջ գոյութիւն չունին հայ ժողովուրդին պատկանող քաղաքական խորքը։

Իր ազատութիւնը տրամաբանող ժողովուրդին համար դիւրին չէ ընդունիլ արեւմտեան հեգնանքը։ Խախուտ է ազատութեան եւ անկախութեան արեւմտեան պատմութիւնը, երբ այդ պատմութիւնը խարսխուած է շահագործող եւ ստրկատէր մարդոց վրայ։ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան եւ ազատութեան համար պայքարողները ստրկատէր մարդիկ եղած են եւ բնական տուեալ մըն էր ատիկա իրենց ստեղծած պետականութեան մէջ։ Սեւերու ազատութիւնը գոյութիւն չունէր այդ հանրապետութեան մէջ, ինչպէս հայերու ազատութիւնը խաբուսիկ ներկայութիւն էր Սեւրի դաշնագրին մէջ, նոյնպէս այսօր, «Թրամփի ճանապարհ»ը չի տեսներ հայ ժողովուրդի ազատութիւնը իր հայրենիքին մէջ։

Ստրկատէրերու կառավարումը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, մինչեւ գաղութատիրութիւն, աշխարհակալութիւն, գաղթականներու դէմ հալածանք եւ Իրանի դէմ պատերազմ։ Ստրկամտութիւնը տակաւին կը թափանցէ մեր մէջ՝ Սեւրի դաշնագրէն մինչեւ «Թրամփի Ճանապարհ»։

Ինչպէս այն ատեն, նաեւ այսօր, հայրենի իշխանութիւնը ենթակայ պիտի մնայ արեւմտեան պետութիւններուն ո՛չ միայն քաղաքականապէս, այլ նաեւ տնտեսապէս, հետեւաբար նաեւ, պարտաւոր պիտի ըլլայ քայլ պահելու անոնց ուղղութեան հետ։

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930