ՆԻՒ ԵՈՐՔ. – Ամերիկայի Հայ ոսկերիչներու միութեան Արեւելեան շրջանը (AJA East Coast) կը հաղորդէ, թէ ընտրուած է 2026–2027 տարեշրջանի իր վարչութիւնը, որուն ընթացքին մրցանակակիր ոսկերչական ձեւաւորող եւ GIA-ի վկայեալ մասնագէտ Անի Խաչեան ընտրուած է նախագահ։
Խաչեան կը հանդիսանայ առաջին կինը, որ այս պաշտօնին կ՛ընտրուի եւ ընտրութիւնը կ՛արտացոլէ թէ՛ AJA-ի Արեւելեան Շրջանի շարունակական զարգացումը եւ թէ՛ կիներու աճող դերը համաշխարհային ոսկերչական ոլորտէն ներս։
Խաչեան ունի ոսկերչական ոլորտի տասնամեակներու փորձառութիւն, թանկարժէք քարերու (gemology) պաշտօնական ուսում, ձեռներէցական առաջնորդութիւն, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւն՝ պատասխանատու աղբիւրներու ապահովման եւ մասնագիտական զարգացման նկատմամբ։
Խաչեան հիմնադիրն Ani Fine Jewelry ընկերութեան։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:


















































