Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Օրերս սփյուռքահայ թերթերում հրատարկվել է հետեւյալ հաղորդագրությունը

Մարտ 06,2001 00:00

Սփյուռքահայերը բողոքում են Օրերս սփյուռքահայ թերթերում հրատարկվել է հետեւյալ հաղորդագրությունը Նախաձեռնութեամբ Հայրենակցական Միութիւններու Միացեալ Մարմնի, Սփիւռքի գլխաւոր շերտերը՝ Ամերիկայի, Հայաստանի, Պարսկաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիայի հայութիւնը խտացնող՝ Լոս Անճելըսի զանազան միութիւններու, մամուլի, հեռատեսիլի ներկայացուցիչներ եւ հասարակական տարբեր խաւերու պատկանող առանձին մտաւորականներ ու անհատ ազգայիններ, ունեցան խորհրդակցական հանդիպում մը ՀՄՄՄ-ի Կլէնտէյլի կեդրոնին մէջ: Հաւաքի մասնակիցները արտայայտեցին Սփիւռքահայութեան եւ առհասարակ համայն հայութեան մտահոգութիւնը, ցասումն ու բողոքը նախագահ Ռոբերդ Քոչարեանի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի մասին կատարած յայտարարութիւններուն Սթրասբուրգի մէջ, ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին եւ մանաւանդ թուրք լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտի հետ Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւած այս հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առնողները անընդունելի գտան, դատապարտեցին եւ պահանջեցին, որ նախագահ Քոչարեան. -Հերքէ՝ եթէ սխալ են իրեն վերագրուած այդ յայտարարութիւնները -Լուսաբանութիւններ տայ՝ եթէ ճիշդ են այդ յայտարարութիւնները: Ներկաները վճռականօրէն մերժեցին Թուրքիոյ նկատմամբ ներումի եւ զիջումի որեւէ քայլ, այնքան ատեն որ անոր պետութիւնն ու ղեկավարները կ255ուրանան՝ -Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը: -Հայկական հողերու յափշտակութիւնն ու հայ ժողովուրդին դուրս քշուիլը իր հազարամեայ հողերէն: -Կը մերժեն փոխհատուցել հայ ժողովուրդը: Ներկաները շեշտեցին, որ ոչ փաստերու ուրացումը, ոչ թրքական հնարամիտ այլ նենգամիտ դիւանագիտութիւնը, ոչ ալ փոխադարձ շահերու կեղծ սկզբունքայնութենէ առաջնորդուող ոճրապարտ Թուրքիան ողոքել կամ հովանաւորել փորձող մեծ ու պզտիկ պետութիւնները չեն կրնար հայ ժողովուրդը շեղեցնել իր հաստատ ու վճռակամ ուղիէն, մինչեւ արդարութեան եւ օրինականութեան վերջնական յաղթանակը: Մարդկային իրաւունքներու յարգումն ու կիրարկումը հետապնդող քաղաքակիրթ ու դեմոկրատիկ երկիրներու ղեկավարներն ու համապատասխան օրգանները չեն կրնար անկեղծութիւն ներշնչել, իրենց գոյութիւնը արդարացնել, նպատակը ամրագրել, սկզբունքները յարգել տալ եւ բարոյական ոյժն ու հզօրութիւնը նուիրագործել՝ այնքան ատեն որ անիրաւուած, անարդարութեան զոհ ժողովուրդներ կամ անհատներ կան այս աշխարհի վրայ: Բաց աստի, ներկաները իրենց խոր մտահոգութիւնն ու ընդվզումը յայտնեցին արտագաղթով կատարուող Հայաստանի հայաթափումին, շարունակուող տնտեսական ճգնաժամին, արդարադատութեան դանդաղ ու հակասական ընթացքին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ժողովուրդին անբարեյոյս ու թշուառ կացութեան նկատմամբ ցուցաբերուող պետական ու կառավարական անզօրութեան նկատմամբ: Ներկաները ընտրեցին Առժամեայ Յանձնախումբ մը եւ պարտականութիւն տուին անոր, որ մամուլով, հեռատեսիլով, ժողովրդային հաւաքներով կամ լսարաններով, ինչպէս նաեւ նամակատան միջոցով ղրկուած հայցաքարտերով լոսանճելըսահայութիւնն ու ամերիկահայութիւնը տեղեակ պահէ յառաջիկայ միջոցառումներու մասին: Որոշուեցաւ նաեւ յառաջիկայ հանդիպումներուն հրաւիրել հայ ԲՈԼՈՐ կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, յարանուանութիւնները, երիտասարդական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւնները եւ միասնական ճակատով համահայկական հնչողութիւն տալ՝ վասն հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ ճակատագրին հետ առնչութիւն ունեցող ներազգային հրատապ հարցերուն բարւոք լուծման, եւ վասն մեր անժամանցելի իրաւունքներուն ճանաչման ու նուաճման: Նմանապէս, ժողովականները թելադրեցին, որ Առժամեայ Յանձնախումբը դիմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, խնդրելու համար իրենց օրհնութիւնը եւ հոգեւոր ու բարոյական աջակցութիւնը: ԱՌԺԱՄԵԱՅ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Փետրուար 24, 2001, Լոս Անճելըս

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել