Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Մինչեւ Ապրիլ Փոփոխութիւն Չենք Ակնկալեր. Թուրքիոյ Փոխվարչապետ

Փետրվար 02,2015 16:45

yerakouyn.com. Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչը Daily Sabah թրքական օրաթերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկարին, հայկական սփիւռքի, Ապրիլ 24-ի կարեւորութեան եւ Հայաստանէն ակնկալիքներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ tert.am-ը:

Առընչը պնդած է, թէ 24 Ապրիլ 2015-ը հայերուն, յատկապէս` սփիւռքի համար շատ կարեւոր է, եւ Ցեղասպանութեան “պնդումները” սփիւռքի կողմէ աւելի կ՛արծարծուին, այլ ոչ հայաստանցիներուն կամ ՀՀ կառավարութեան:

“Ես մինչեւ Ապրիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ բարելաւում չեմ ակնկալեր: Սակայն ապագայի առումով գիտեմ, որ դրական զարգացումներ տեղի կ՛ունենան”,- ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը եւ յիշեցուցած է 5 տարի առաջ ստորագրուած արձանագրութիւնները` անոնց ձախողման համար մեղադրելով հայկական կողմը:

“Գիտեմ, որ Հայաստանի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել կը ցանկանան: Ատոր կարիքը շատ ունին, եւ, ընդհանուր առմամբ, աւանդաբար հարիւրաւոր տարիներ առաջ այս հողերուն վրայ երջանիկ օրեր ու միասնականութիւն ունեցած ենք: Ազգին հաւատարիմ հայերու` Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ապստամբութիւնները մէկ կողմ ձգելով, մեր երկրի շատ վայրերուն մէջ համատեղ ունեցած համերաշխութիւնը հաշուի առնելով` պէտք է առաջ շարժուինք”,- ըսած է ան:

Առընչ նշած է, որ այդ միասնականութիւնը ոչ միայն հայերու, այլեւ յոյներու եւ հրէաներու համար ալ այդպէս է, քանի որ Թուրքիա բազմամշակութային հանրութիւն ունեցած է:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ 2015-էն ինչ ակնկալիքներ ունին եւ ինչպէս կը նախապատրաստուին, Առընչ դարձեալ խօսած է հարեւաններու հետ “0 խնդիր ունենալու քաղաքականութեան մասին”:

“Այդ առումով Հայաստանի հետ նախագիծ չունինք: Սակայն պայմանները կրնան հասցնել Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, սահմանները բանալու եւ բարեկամութիւն հաստատելու կէտին: Ատոր համար աւելի շատ քայլեր պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը, սակայն մենք չենք ակնկալեր, որ Ապրիլէն առաջ այդ առումով վերաբերումը կը փոխուի”,- ըսած է ան` յոյս յայտնելով, որ այս տարեվերջին կամ յառաջիկայ տարիներուն կը հասկնանք, որ բարեկամութենէն բացի այդ հարցը լուծելու ճանապարհ չկայ:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728