Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ` «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» համաժողով

Մայիս 04,2015 17:05

 

Իրաքեան Քիւրտիստանի Սուլայմանիէ համալսարանի «Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ` 29-30 Ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը` «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» խորագիրով: Յատուկ հրաւէրով այս խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:

Համաժողովին նշանաբանն էր այն, որ իրականութեան ճանաչումը բանալին է ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան: Անոր կը մասնակցէին ուսումնասիրողներ եւ մասնագէտներ` Քիւրտիստանէն եւ արտասահմանէն, որոնք ներկայացուցին ուսումնասիրութիւններ, թեզեր, պատմութիւններ, ցուցահանդէսներ` քրտական եւ այլ ժողովուրդներու-կրօններու ցեղասպանութեան ու ջարդերուն վերաբերող: Ներառուած էին նաեւ եզիտիներուն դէմ գործուած ջարդերուն ու հալածանքներուն վերաբերող բանախօսութիւններ` պատմական, քաղաքական, իրաւական եւ մշակութային տեսանկիւններէ:

Համաժողովը կեդրոնացաւ երեք թեմաներու վրայ` 19-րդ եւ 20-րդ դարերու ջարդեր, Անֆալի եւ քիւրտերու ցեղասպանութիւնը Սատամ Հիւսէյնի իշխանութեան շրջանին եւ եզիտիներու ջարդեր եւ ցեղասպանական արարաքներ:

Վերա Եագուպեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւն նիւթը: Ան անդրադարձաւ պատմականին` ներկայացնելով թիւեր, փաստեր, շօշափելի տուեալներ, նաեւ` թուրքերու եւ օտարներու վկայութիւններուն վրայ հիմնուելով: Վ. Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ քրտական կարգ մը ցեղախումբերու մասնակցութիւնը, ինչ որ քննարկումի նիւթ դարձաւ համաժողովին մասնակիցներուն, յատկապէս քիւրտ երիտասարդ ուսանողներու կողմէ, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին այս կէտին շուրջ յատկապէս:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ քրտական եւ իրաքեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան ո՛չ միայն խորհրդաժողովին, այլ նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան: Վերա Եագուպեանին հետ կատարուեցան հարցազրոյցներ թէ՛ մամուլին եւ թէ՛ պատկերասփիւռի կայաններու թղթակիցներուն կողմէ: Զրոյցներուն ընթացքին հիմնականօրէն շեշտը դրուեցաւ հայ-քիւրտ պատմական յարաբերութիւններուն, հասարակաց պատմական կէտերու եւ անցեալի պատմական փորձառութեան վրայ հիմնուած` ապագայի միացեալ գործակցութեան վրայ, որուն ճամբով երկու ժողովուրդները կրնան տիրանալ իրենց իրաւունքներուն:

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031