Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մոռցէք Լափշինը. գործ ունինք ընելիք. «Եռագույն»

Փետրվար 14,2017 12:27

Այսպէս: Իսրայէլեան եւ ռուսական զոյգ հպատակութիւն ունեցող Ալեքսանտր Լափշին Պիելոռուսիոյ կողմէ արտայանձնուեցաւ Ազրպէյճանի, վերջինին սահմանները «ապօրինի» կերպով անցած ըլլալու եւ «բռնութեան կոչեր» ուղղած ըլլալու յանցանքով: Լափշինի «յանցանքը» այն էր, որ ան պարզապէս Արցախ այցելած էր երկու անգամ ու այս ձեւով ալ մտած էր Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Ատրպէյճանի պահանջով Լափշինը ձերբակալել տալէ ետք, ինքզինք աճուրդի դրաւ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի դիմաց, սպասելով, որ այս երկուքէն ո՞վ աւելի «պիտի վճարէ» իրեն: Ի վերջոյ, ենթական թէ՛ Իսրայէլի, եւ թէ Ռուսիոյ հպատակ էր, ու այս երկիրները, սկզբունքով, պէտք էր պաշտպանէին իրենց քաղաքացին:

Մոսկուա եւ Թել Աւիւ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեցին այս «աճուրդ»-ին նկատմամբ, որովհետեւ գիտէին, որ ծիծաղելի էր թէ՛ Լափշինը ձերբակալելու պատրուակը, եւ թէ այդ աճուրդին բնոյթը: Այս ձեւով նաեւ, նշեալ զոյգ մայրաքաղաքները արհամարհեցին Լուքաշենքոն: Այս վերջինը, ճարահատ, Իսրայէլէն ու Ռուսիայէն իր բարկութիւնը թափեց Լափշինի գլխուն` զայն արտայանձնելով Ատրպէյճանին:

Լափշին վաղը-միւս օր կրնայ ազատ արձակուիլ Պաքուի մէջ, յետ ձեւական դատավարութեան մը` «ներողութիւն խնդրելէ» ետք Ազրպէյճանէն եւ խոստանալով անգամ մըն ալ չկրկնել նոյն «սխալը». այսինքն` Արցախ չայցելել:

Անշուշտ այս ճղճիմ երեւցող խաղին բուն թիրախը Հայաստա՛նն է: Որովհետեւ Ատրպէյճան այս ձեւով կ՛ուզէ աշխարհէն մեկուսացնել Արցախը եւ Լափշինի օրինակը թափահարելով բոլոր օտար լրագրողներուն, մարդկային իրաւանց գործիչներուն կամ պետական անձնաւորութիւններուն` կը սպառնայ զանոնք եւս ձերբակալել տալ, եթէ համարձակին կրկնելու ռուս-հրեայ պլոկըրին սխալը. այսինքն` եթէ համարձակին Արցախ այցելել:

Լափշինի արտայանձնումը, յատուկ օդանաւով մը Պաքու հասնիլը լայնօրէն շահագործուեցան ատրպէյճանական քարոզչութեան կողմէ` լուսանկարներով եւ այլն: Դժբախտաբար գտնուեցան հայկական լրատուամիջոցներ եւս, որոնք լուր հաղորդելու «սկզբունքէն» մղուած` իրենք եւս լայն տեղ տուին ատրպէյճանցիներու այս «լուսանկարչական քարոզչութեան» ու այս ձեւով ազրպէյճանական քարոզչական ջաղացքին ջուր լեցուցին` փոխանակ ներսի էջերուն մէջ, կամ կայքի յետին անկիւնի մը մէջ քանի մը տողով բաւարարուելու: Այսինքն, ազրպէյճանական կողմը փաստօրէն կրցաւ հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներ ալ շահագործել իր քարոզչութեան համար…: Բայց սա արդէն ուրիշ խնդիր է` այլապէս քննելի:

Հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ վերաբերումը քաղաքականօրէն տհաս մակարդակի վրայ էին. զայրոյթն ու անէծքը շռայլօրէն թափուեցան Լուքաշենքոյի ու Ալիեւի գլխուն, փոխանակ քննելու հայկական ազդու հակազդեցութեան մը կարելիութիւնները:

Նոյնպիսի զգացական ու մինչեւ իսկ քաղաքական մտածողութեան անյարիր յայտարարութիւններ կատարուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, երբ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդ. Շարմազանով յայտարարեց, թէ Լափշինի արտայանձնումը «հարուած է` ուղղուած Ռուսիոյ դէմ»: Մե՞նք մնացինք մտահոգուողը այս կամ այն երկրին հասած «հարուածով», երբ բո՛ւն թիրախը Հայաստանն ու հայութիւնն են… Ճիշդ հոս է, որ այս յօդուածագիրը չի կրնար ըմբռնել պաշտօնական Երեւանի կողմէ բուռն արձագանգի բացակայութիւնը ու ճիշդ հոս կը կայանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան անըմբռնելի լռութիւնը: Նախարարական մակարդակի հակազդեցութիւնը եկաւ արդարադատութեան նախարար Արփի Յովհաննիսեանէն. սակայն այդ յայտարարութիւնը օրինական հարթութեան վրայ էր` ինչպէս կը սպասուէր եւ ինչպէս բնական է ակնկալել այդ նախարարութենէն:

Վաչէ Բրուտեան

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728