Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պաշտօնական Եւ գաղտագողի… մաքսանենգութիւն. «Ասպարեզ»

Մայիս 13,2017 11:22

Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, Հայաստանի լրատու աղբիւրները լուր մը «պայթեցուցին». Երեւանի շուկաներուն մէջ գտնուած է ազերական վաճառանիշով խնձոր, գրաւուած է ու քննութիւն բացուած։

Քանի մը օր լուռ մնալէ ետք, նոյն աղբիւրները իմացուցին, որ խնձորները տարրալուծարանի քննութեան ենթարկուած են եւ ի յայտ եկած է, որ… թունաւոր չեն։

Դարձեալ լռութիւն, եւ ահա շռնդալի բացայայտում մը. քննութիւնները ի յայտ բերած են, որ ազերական խնձորները Բագրատաշէնի սահմանէն մաքսանենգութեա՜մբ մտած են Հայաստան. 4 յանցագործներ ձերբակալուած են, որովհետեւ անոնք սահմանապահները կաշառեր են ու առանց տուրք տալու՝ խնձորները հասցուցեր են Երեւան։

Ամբողջ սրտով սպասեցի՜ ու սպասեցի, որ մէկը բան մը ըսէ, թէ «հէ՜յ, ժողովուրդ, երբ մենք անդին, սահմանին վրայ պատերազմ կը մղենք ազերիներուն դէմ, շաբաթ չ՛անցնիր, որ զոհ-վիրաւոր չունենանք, երբ մեր պետական, քաղաքական ու դիւանագիտական ներկայացուցիչները կը փորձեն ձախողութեան մատնել Ատրպէյճանի ստապատիր քարոզչութիւնը եւ ամրացնել Արցախի տիրութեան մեր ենթահողը, կարելի չէ ազերական խնձորներու Հայաստան մուտքը դիտել լոկ մաքսանենգութեան ու առեւտուրի օրէնքներ խախտելու անկիւնէն. հոն կայ ազգային արժանապատուութեան հարց, այս պայմաններուն մէջ նման ներածումներ կատարողները միայն դաւաճա՛ն կրնանք կոչել»…

Սպասումս մինչեւ օրս չէ արդարացած. յուսամ՝ վաղը-միւս օր մէկը բան մը կ՛ըսէ այս իմաստով։

Այս գայթակղութեան բացայայտման առաջին օրէն, ուրիշ մտածում մը կը տանջէ զիս. Ատրպէյճանէն ապօրինի ներածումը դատապարտելի է, ո՛չ մէկ խօսք։ Իսկ ի՞նչ անուն տանք Հայաստանի եւ մեր կարգ մը գաղութներու շուկաները ողողող թրքական արտադրութեանց մասին, զորս ներածողներուն շարքին կան ճակատաբաց հայեր…։ Եթէ թրքական արտադրութեանց ներածումը կը յարգէ առեւտուրի պաշտօնական օրէնքները, տեղի չունենար մաքսանենգութեամբ, ուրեմն պէտք է հանդուրժե՞նք ու բնակա՞ն նկատենք զայն, թէ զայն պէտք է կոչել… պաշտօնական մաքսանենգութիւն։

…Կար ժամանակ, երբ թրքական արտադրութիւններ շուկաներէն կը հաւաքուէին ու հրապարակաւ կը փճացուէին. նման արարքներ կը կոչէինք ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔ, հակաթուրք մեր պայքարին մէկ երեսը։ Հիմա, թրքական արտադրութիւններ ներածողներ կ՛արդարցուին հազար ու մէկ պատճառաբանութեամբ, պատրուակով։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Ասպարեզ»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031