Լրահոս
Գաղթականներ
Օրվա լրահոսը

Երկու պարզապէս հետաքրքրակա՞ն, թէ՞ իրարու առնչուած զարգացումներ․ «Հայրենիք»

Հուլիս 23,2022 10:05

Վերջին երկու շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան երկու հետաքրքրական զարգացումներ՝ առաջինը Թեհրանի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Երեւանի։

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումը, սակայն, աւելի հետաքրքրկան է։ Ընդամէնը 10 օրուան ընթացքին Երեւան այցելեցին երեք կարեւոր անձնաւորութիւններ. 7 Յուլիսին Երեւան այցելեց Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանին, 15 Յուլիսին «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզ, իսկ 18 Յուլիսին Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը։ Շամխանի եւ Նարիշքին աւելի ուշ այցելեցին նաեւ Պաքու։ Երեւան այցելած անձնաւորութիւններու կշիռն ու պաշտօնը մտածել կու տայ, թէ շրջանին մէջ մեծ զարգացում մը նախատեսուած է կամ էր։

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը Հայաստան այցելութեան ընթացքին, ըստ պաշտօնական լրատուութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին հետ քննարկած է Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցային հոլովոյթները։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյն օրը յայտարարեց, որ 9 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը Հայաստանի փաստացի անձնատուութեան հռչակագիր է, եւ Հայաստանը, իբրեւ պարտուած կողմ, պարտաւորութիւններ ստանձնած է, անոնք յստակօրէն նշուած են: Ան ըսաւ, թէ այդ պարտաւորութիւններէն մէկը «Ղարաբաղէն հայկական զինեալ խմբաւորումները» դուրս բերելն է:

«Մինչեւ այսօր այդ հարցը լուծում չէ ստացած: Մենք բազմիցս այդ մասին արտայայտուած ենք, սակայն Հայաստանը կը ձգձգէ: Մենք այդ հարցը նաեւ ռուսական զինուորական ղեկավարութեան առջեւ արծարծած ենք, եւ քանի մը ամիս առաջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը, որ այցելութեամբ Ատրպէյճան էր, մեր պաշտպանութեան նախարարին խոստացած է, որ մինչեւ յունիս հայկական զինեալ խմբաւորումները դուրս պիտի գան Ղարաբաղէն: Սակայն արդէն յուլիսի կէսն է, եւ այդ հարցը լուծուած չէ: Հայաստանը չի կատարեր իր այդ պարտաւորութիւնը` հակառակ 9 նոյեմբերի համաձայնագիրին: Ռուս խաղաղապահները, ռուսական կողմը, որ նոյնպէս ստորագրած է 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը, ինչպէս կ՛ըսեն, անոնց չի ստիպեր: Ի հարկէ, ատիկա ընդունելի չէ», յայտարարեց Ալիեւ:

«Եթէ Հայաստանը չ՛ուզեր իր զինեալ խմբաւորումները հեռացնել, ապա թող մեզի այդ մասին բացէ ի բաց ըսէ, մենք գիտենք` ինչ պիտի ընենք: Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ մեր պատասխանը. հաւանաբար, հիմա տեղին չէ այդ մասին խօսիլ», ըսաւ Ալիեւ:

Արդեօ՞ք Պըրնզ Ալիեւի յայտարարութեան այս վերջին բաժինէն՝ Ատրպէյճանի ընելիքէն զգուշացնելու համար այցելեց Երեւան։ Ո՞վ գիտէ։ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի Հայաստան այցելութենէն երեք օր ետք անոր ռուս պաշտօնակիցը այցելեց Երեւան եւ յայտարարեց. «Ռուսիան բաւարար ուժեր եւ միջոցներ ունի` դժուար պահերուն իր դաշնակիցները եւ ընկերները պաշտպանելու համար» , եւ պնդեց, որ իր այցելութիւնը «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին այցելութեան հետ կապ չունի։ Նարիշքինի հերքումէն պէ՞տք է եզրակացնել, որ երկու հակառակորդ պաշտօնակիցներու երեք օր տարբերութեամբ Երեւան այցելութիւնը պարզապէս զուգադիպութիւն է։ «Քաղաքականութեան մէջ երբեք որեւէ բանի մի՛ հաւատար, մինչեւ պաշտօնապէս չհերքուի», կ’ըսէ Օթթօ ֆոն Պիզմարք։

Այդ այցելութիւններէն եւ Ալիեւի սպառնութենէն ետք, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի «Արցախի մէջ Հայաստանէն զօրակոչուած ժամկէտային զինուորներ պիտի չըլլան, իսկ պատերազմի ընթացքին պաշտպանութեան բանակին օգնելու համար Արցախ գացած ստորաբաժանումներու` Հայաստան վերադառնալու գործընթացը պիտի աւարտի Սեպտեմբերին» յայտարարութի՞ւնը եւս զուգադիպութիւն է։

Այո, այդ յայտարարութիւնը հաստատօրէն Հայաստանի իշխանութիւններուն անձնատուուական քաղաքականութեան բնական ու տրամաբանական շարունակութիւնը, անոր մէկ նոր արարն է, սակայն կարելի է նաեւ մտածել, թէ վերոնշեալ երեք այցելութիւններուն արդիւնք է։ Կարելի է մտածել, սակայն ոչ պնդել…։

Թեհրանի մէջ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի կատարած յայտարարութիւնը առնչուած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, արդեօ՞ք Շամխանիի, Պըրնզի եւ Նարիշիքնի Երեւան այցելութիւններն ալ առնչուած էին նոյն հարցին, եւ Նարիշքինի եւ Խամենէիի յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի կատարած զիջումը այդ վերաբերեալ զգայացունց զարգացում մը կանխարգիլեցին։ Դարձեալ կարելի է մտածել, սակայն ոչ պնդել…։

Վահրամ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031