Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նեցուկ կանգնել Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն․ Հանդիպել են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդները

Օգոստոս 13,2023 13:54

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ Առաջնորդներու հերթական հանդիպումը կայացաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս 4-6 Օգոստոս 2023ին, հիւրընկալութեամբ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ  Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ  Վրդ. Պարսամեանի: Հերթական այս ժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի 1898 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի Սրբատառ Կոնդակով հաստատման 125 ամեակի ծիրէն ներս։ Սոյն հանդիպումը եկաւ վերահաստատելու երեք թեմերու եւ անոնց թեմակալ Առաջնորդներու եղբայրական սերտ համագործակցութիւնը՝ յօգուտ մեր ժողովուրդի զաւակներու քրիստոնէական առողջ կրթութեան, եւ հոգեւոր ու վարչական ծառայութեանց առաւել ծաղկման ու զօրացման:

Ժողովի առաջին օրը, Ուրբաթ 3 Օգոստոսին, երեք Թեմակալ Առաջնորդները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Լոս Անջելըսի Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցան գլխաւոր հիւպատոսին կողմէ:

Երկօրեայ ժողովներու նիստերը սկիզբ առին երեք Առաջնորդներու աղօթքով, որմէ ետք անոնք հանգամանօրէն անդրադարձան եւ քննարկեցին օրակարգային զանազան նիւթեր: Թեմակալ Առաջնորդներու նիստերուն մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայուեցաւ հոգեւորականաց պատրաստութեան հարցին: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հովանաւորութիւնը վայելող Ս. Ներսէս Ընծայարանի եզակի առաքելութիւնը, թեկնածուներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան ու զարգացման մէջ: Ի շարս այլ հարցերու, ժողովի նիստերու օրակարգին վրայ մասնաւոր տեղ ունեցան երիտասարդները, ամառնային ճամբարները, երիտասարդական համախմբումները, եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան մասնակից՝ դպիրներն ու սարկաւագները եւ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ կանանց ներուժի ներգրաւումն ու մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ:

Նիստերուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւս մասնաւոր օրակարգի նիւթ դարձաւ: Այս ծիրրէն ներս խօսուեցաւ իրականացած զանազան ծրագիրներու մասին, ինչպէս՝ քրիստոնէական ուսուցում, Սուրբ Գրային սերտողութիւններ, հոգեւոր գիրքերու հրատարակութիւն եւ ապագային կատարուելիք տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին անդրադարձ կատարուեցաւ:

Ուրախալի երեւոյթ էր Թեմերու Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխոյժ գործունէութիւնը եւ մեծ թիւով մասնակիցներու ներկայութիւնը: Իսկ Կիրակնօրեայ դպրոցի կողքին շեշտուեցաւ Շաբաթօրեայ դպրոցի առաքելութիւնը: Մեծ թիւով պատանիներ արդէն իսկ անդամագրուած են  սոյն կարեւոր կառոյցին։ Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրէն ներս նաեւ խօսուեցաւ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մասնաւոր ծրագիրներ նախաձեռնելու մասին:

Հետեւեալ նիւթերը եւս քննարկումի առարկայ դարձան.- Ուխտագնացութիւն դէպի Հռոմ, Շնորհալի Հայրապետի 850 ամեակին առթիւ, հոգեւորականաց հոգեմտաւոր վերանորոգութեան՝ առանձնացման եւ հոգեւոր մտամփոփման պահեր, սարկաւագաց մասնաւոր դասընթացքներ, համացանցը հրաշալի միջոց՝ հաղորդակցութեան, բարոյական ժամանակակից խնդիրներ, Արխիւային նիւթեր, եւ երեք Թեմերու ապագայ հանդիպումներու ու համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային զանազան նիւթեր:

Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանէ իրազեկ դարձան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 125 ամեակին նուիրուած զանազան նախաձեռնութիւններու մասին: ժողովին անդրադաձ կատարուեցան նաեւ Գանատայի Թեմի 40ամեայ նշման համդիսութիւններու մասին:

Երեք Առաջնորդ հայրը ուրախութեամբ անդրադաձրան այս տարուայ Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահութեամբ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կատարուելիք Միւռոնօրհնութեան արարողութեան: Ողջ հայութեան համար հոգեւոր ուրախութեան ամիս պիտի ըլլայ երբ հազարաւոր ուխտաւորներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ պիտի փութան Մայր Հայրենիք, Սուրբ Էջմիածին, մասնակցելու տեղի ունենալիք միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութեան: Այս ծիրէն ներս ուխտագնացութեանց եւ տարուող այլ նախապատրաստական աշխատամքներու մասին անդրադարձ կատարուեցաւ:

Ի տես Հայաստանի ու մանաւանդ Արցախահայութեան ներկայ իրավիճակին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ Առաջնորդներները յանձն առին մարդասիրական ծրագիրներով եւ մեր հաւատաւոր հայորդիներու նիւթաբարոյական մասնակցութեամբ նեցուկ կանգնելու Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Ժողովական նիստերու աւարտին երեք հոգեւոր Առաջնորդները աղօթք բարձրացուցին առ ամենաբարին Աստուած անսասան պահելու Մայրենի Սուրբ Եկեղեցին եւ Հայաստան աշխարհը, մաղթելով, որ նոր միւռոնը հաստատ պահէ մեր Հայրենիքն ու Մայր Աթոռը, արեւշատ օրեր պարգեւէ Հայոց Հայրապետին եւ անշէջ պահէ մեզ յաջորդող սերունդները, բազմադարեայ հարուստ ժառանգութեամբ շարունակելու մեր կեանքի ընթացքը:

Կիրակի, 6 Յուլիսի առաւօտեան, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ սկսաւ ժամերգութիւնը: Օրուան Սուրբ Պատարագը մատոյց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ  Վրդ. Պարսամեան: «Հայր մեր»էն առաջ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան պատարագիչ Հայր Սուրբը ներկայացուց հաւատացեալներու բազմութեան: Օրուայ պատգամը փոխանցեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հայր Սուրբը: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան եւ խումբ մը հոգեւորականներ:

Ս. Պատարագի աւարտին առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան եւ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան  իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղեցին հաւատացեալներուն: Հիւրասիրութեան աւարտին, հաւատացեալները հոգեկան մխիթարութեամբ բաժնուեցան  առաջնորդարանէն:

 

Դիւան Առաջնորդարանի

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031