Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Թուրքիոյ հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ներս, նաեւ՝ հետեւանքներուն

Ապրիլ 30,2026 19:44 Share

Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կարեւոր զրոյց մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ՝ ընդհանրապէս տարածաշրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ։

Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Լիբանանէն ներս հանդարտութիւնն ու ապահովութիւնը պահելու առաջնահերթութիւնը։ Դատապարտելով իսրայէլեան թափանցումը հարաւային Լիբանանէն ներս եւ անոր կողմէ շարունակուող յարձակումները, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը աւելի քան հրամայական է, ըսաւ Հայրապետը։

Ան միաժամանակ ողջունելով Լիբանանի կառավարութեան առած քայլերը՝ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս Լիբանանը դիմագրաւող ընդհանրական հարցերու շուրջ։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ տարածաշրջանի ընդհանուր կացութեան՝ ընդգծելով Իրանի դէմ շղթայազերծուած ամերիկեան ու իսրայէլեան պատերազմին վտանգալից հետեւանքները, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը նաեւ ակնարկեց Թուրքիոյ հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ներս, նաեւ՝ հետեւանքներուն։ Վերջապէս, Նորին Սուրբ Օծութիւնը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին եւ շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ կարեւոր դերը, որպէս կողմերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն ստեղծող կամուրջ։

Դեսպան Պուխարի ամբողջութեամբ բաժնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները վերոնշեալ հարցերուն շուրջ։ Ան, իր կարգին, անհրաժեշտ յաւելումներ ու շեշտաւորումներ կատարեց՝ յայտնելով Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի, անոր միութեան, գերիշխանութեան ու ամբողջականութեան ամուր պահպանման գծով։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930