Լրահոս
Մարդկային միտքը
Օրվա լրահոսը

Սրբազան հայրը ներկաները հրաւիրեց փոխգործակցութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ գիտական փորձառութեանց տրամադրելիութեամբ յառաջ երթալու

Մայիս 01,2026 21:40 Share

28 Ապրիլէն 1 Մայիս 2026-ին, Երեւան, Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ կայացած «Յիշողութեան կերպարանքները, ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման նորագոյն տեխնոլոգիաները» սեմինարին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:

Արդարեւ, «Յիշողութեան կերպարանքները» ամէնամեայ սեմինարները, որոնք ի մի կը համախմբեն հայ եւ օտար մասնագէտներ, հերթաբար կը քննարկեն արդիական միջոցներով հայ ձեռագիր եւ գրաւոր ժառանգութեան պահպանութեան ու վերականգնումի խնդիրները:

Արդէն 15 տարուան փորձառութիւն ունեցող նախաձեռնութիւնը, այս տարի եւս, հանդիսաւոր նիստերով, երկու յաջորդական բաժիններով՝ զեկուցական ու դասախօսական եւ գործնական վարժութիւններով, լսեց վերջին նորութիւնները այս մարզին մէջ:

Քննարկումներու արդիւնքով միջազգային գործընկերութեան եւ գործակցութեան հռչակագիր առաջադրեց գրաւոր ժառանգութեան փրկութեան ու հանրահռչակումի ծիրէն ներս գործող հաստատութեանց եւ կազմակերպութեանց:

Շահան սրբազան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կենսափորձը, որպէս կեդրոն հայ ձեռագրական ժառանգութեան փրկութեան եւ պահպանութեան, իր կատարած յոյժ կարեւոր առաքելութեամբ: Այս առիթով, սրբազան հայրը «անվերապահ գործակցութեան» իր կոչով, ներկաները հրաւիրեց փոխգործակցութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ գիտական փորձառութեանց տրամադրելիութեամբ յառաջ երթալու, ներկայ աշխարհի վտանգաւոր եւ պատերազմական մթնոլորտին մէջ, որուն ականտեսն ենք մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ:

Նշենք, որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին, նոյն սեմինարին իբրեւ աշխատանքային շարունակութիւն, «Կիլիկիա» Մատենադարանի քարտուղար Սօսի Սագայեան, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Վարպետութեան դասեր» ձեռագիրներու վերականգնողական ծրագիրին:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր    
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031